ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Թէեւ լուծման որոնումները միշտ կը մատնուին փակուղիի, սակայն շահագրգիռ կողմերը չեն վհատիր եւ յարատեւ աշխատանք կը տանին՝ լուծման հեռանակարներ յստակեցնելու առաջադրութեամբ։
Լոնտոնի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ «Սուրիան եւ տարածքաշրջանը խրախուսել»ու ուղղեալ խորհրդաժողով մը։ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս ժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ Խորհրդաժողովի օրակարգային քննարկումներուն զուգահեռ՝ Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Ան կը մէկտեղուի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Քուէյթի Էմիր Շէյխ Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապիր Էլ Սապահի, ինչպէս նաեւ Տէյվիտ Քեմրընի հետ։ Հարկ է նշել, որ այս խորհրդաժողովէն անմիջապէս վերջ՝ վաղը Լոնտոն պիտի հիւրընկալէ Սուրիոյ ճգնաժամի առանցքային դերակատարներէն Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆը։
Լոնտոնի այսօրուան խորհրդաժողովին նախորդեցին Ժընեւի քննարկումները։ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ ճգնաժամի գծով յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ յայտարարեց, թէ բանակցութիւնները առկախուած են՝ Սուրիոյ ընդդիմադիրներէն բաղկացեալ Բանակցութիւններու բարձր կոմիտէին հետ։ Ըստ իրեն, քննարկումները պիտի շարունակուին Փետրուարի 25-ին։ Յետաձգեալ հանդիպումներու սկսելէն առաջ հրատապ ձեւով քայլերու պէտք է ձեռնարկել մարդկային կացութեան ուղղութեամբ։ Տը Միսթուրա համոզուած է, որ թէ՛ ՄԱԿ եւ թէ ճգնաժամի կողմերը պէտք է ծաւալեն անհրաժեշտ աշխատանքը։ Յատուկ ներկայացուցիչը միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ յառաջիկայ հանդիպումները պէտք է ըլլան Սուրիոյ ի նպաստ։ Այս պատճառով է, որ դադար մը տրուած է բանակցութիւններուն, որոնք պիտի շարունակուին Փետրուարի 25-ին։ Տը Միսթուրա ընդգծեց, որ Ժընեւի բանակցութիւնները պէտք չէ ըլլան ինքնանպատակ, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդը կ՚ակնկալէ լուծման մը արտադրուիլը։ Ան անկեղծօրէն ըսաւ, թէ տակաւին նման երեւոյթ մը չէ նկատած։ Տը Միսթուրա շեշտը դրաւ Սուրիոյ ապագային, քաղաքական գործընթացին, նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան եւ ընտրութիւններուն վրայ։ Մինչ այդ, Բանակցութիւններու բարձր կոմիտէն ալ տեղեկացուց, թէ ընդդիմութիւնը ապագայ բանակցութիւններուն պիտի չմասնակցի՝ եթէ իր պահանջները չդիմագրաւուին։
Լուծման որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ տարածքէն ներս բախումներն ալ կը շարունակուին ամենայն սաստկութեամբ։ Ռուսաստանի ռազմաօդանաւերու ռմբակոծումներուն ընձեռած ձեռնտու պայմաններուն ներքեւ Սուրիոյ բանակը վերջին օրերուն արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացում մը։ Արդարեւ, Սուրիոյ բանակի եւ Հիզպուլլահի համատեղ գործողութիւններով փոխուեցաւ Հալէպի շուրջ իրադրութիւնը, ինչ որ ունի ռազմական նշանակութիւն։ Սուրիական բանակը հասաւ Հալէպի կցուած Նուպուլ եւ Զեհրա շիի գիւղերը, որոնք երեքուկէս տարիէ ի վեր պաշարուած էին։ Այս վերջին քայլով Դամասկոսի ղեկավարութիւնը խզեց Հալէպէն դէպի Թուրքիա ճանապարհը, որ զինեալ ընդդիմադիր խմբակներու հիմնական օժանդակութեան նրբանցքը կը հանդիսանար։ Ազազի միջանցքին խցանուիլը կրնայ լուրջ առաւելութիւն մը ապահովել Սուրիոյ բանակին, որովհետեւ Հալէպի ճակատը կը համարուի բախտորոշ։ Միջազգային աղբիւրները մատնանշեցին, թէ Հալէպի վերաբերեալ այս իրադարձութիւններն ալ ազդեցութիւն ունեցած են՝ Ժընեւի բանակցութիւններու յետաձգման ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ եւս սաստիկ բախումները կը շարունակուին։ Ռուսական ռազմաօդանաւերը կը ռմբակոծեն ընդդիմադիր թիւրքմեններու դիրքերը, ինչ որ մտահոգութիւն կը պատճառէ Անգարային։ «Անատուլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ սահմանամերձ Թիւրքմենտաղը շրջանէն ներս երէկ ընդդիմադիր ուժերու կողմէ սպաննուեցան բարձրաստիճան զինուորականներ։ Արդարեւ, ռուսական զօրքերու եւ Սուրիոյ բանակի հրամանատարները երէկ ժողով մը ունէին այդ շրջանէն ներս։ Այդ մասին տեղեակ դարձան նաեւ ընդդիմադիր ուժերը, որոնք վրայ հասան հանդիպման պահուն։ Ռուսական եւ սուրիական բանակներու չորսական զօրավար սպաննուեցաւ ընդդիմադիրներուն կողմէ։ Մահացած զինուորներու թիւը կը հասնի տասնհինգի։ Իսկ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, թէ ռուս սպայ մը մահացած է՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ։ Սուրիոյ տարածքէն ներս երէկ մահացաւ նաեւ Իրանի բանակէն հրամանատար մը, որ եւս կը գլխաւորէր Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանական զօրքեր։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ երէկ բացատրութիւններ տուաւ Սուրիոյ պարագային Մոսկուայի կողմէ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսին շուրջ։ Լաւրով ըսաւ, թէ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան տակ առնուելէն վերջ օրակարգի վրայ կրնայ գալ հրադադար մը։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ գործողութիւնները պիտի վերջանան, երբ ահաբեկիչները ամբողջութեամբ ոչնչացուին։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութիւնը երէկ հաստատեց Թուրքիոյ յատկացուելիք 3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ ֆոնը, որու միջոցները պիտի յատկացուին գաղթականներուն։ Իտալիոյ կողմէ վեթոյի կ՚ենթարկուէր այդ յատկացումը, որ երէկ հաստատուեցաւ այդ վեթոյի ջնջման զուգահեռ։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հոլանտայի Վարչապետ Մարք Ռութթէ այս կապակցութեամբ նշեց, թէ կը ջանան կասեցնել գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա եւ այս ուղղութեամբ կենսական նշանակութիւն ունին Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ համաձայնութիւնները։