ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԿԱՄ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»

Ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը գտնուին շրջան­ներ եւ դէպ­քեր՝ ո­րոնք ի­մաստ կը ստա­նան եւ կը դառ­նան պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը, մեկ­նա­կէ­տը, էու­թեան պատ­ճա­ռը եւ կեան­քին նպա­տա­կը։ Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կան դրոշմ­ներ են այդ շրջան­նե­րը եւ կամ դէպ­քե­րը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, զոր օ­րի­նակ՝ քրիս­տո­նէա­ցու­մը, հայ տա­ռե­րու գիւ­տը, այս դէպ­քե­րը եւս ան­կիւ­նա­դարձ­ներն են։

Եւ այս ի­մաս­տով, Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ան­կիւ­նա­դարձ մը կամ պատ­մա­կան ա­ռանցք մըն է նաեւ՝ «Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը»՝ ա­ռանց նա­յե­լու ա­նոր ար­դիւն­քին, բայց ա­նոր ո­գին, ա­նոր ներշն­չած միտքն ու հո­գին եւ պար­կեշտ կեան­քի տի­պա­րը եւ ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւ­նը, զայն կ՚ար­ժա­նաց­նեն «ան­կիւ­նա­դարձ»ի եւ կամ պատ­մա­կան կեն­սա­կան ա­ռա՛նց­քի մը։

Ար­դա­րեւ, ժո­ղո­վուր­դը քրիս­տո­նէա­նա­լով՝ հո­գե­պէս նո­րո­գուե­ցաւ, իր սե­փա­կան գի­րե­րը ու­նե­նա­լով մտա­պէս զար­գա­ցաւ եւ վեր­ջա­պէս՝ Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մով՝ էու­թիւ­նը ամ­րա­ցուց եւ ինք­նու­թիւ­նը վեր­հաս­տա­տեց։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի «ազգ» ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թեան ու ան­հա­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը, լի­նե­լիու­թեան զուտ եւ պարզ ո­գին ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ։ Ար­դա­րեւ, հո­գի, միտք եւ ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւնն է, որ կը կազ­մուի «մարդ»ը որ­պէս բա­նա­ւոր, ա­զատ եւ ար­ժա­նա­ւոր էակ։

Յա­տուկ դէմք եւ ինք­նու­թիւն, հո­գե­կան ա­ռողջ կեանք, սե­փա­կան լե­զու, ե­կե­ղե­ցի եւ մշա­կոյթ՝ Ա­ւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ բա­րո­յա­կան մեծ յաղ­թա­նակ մը ստեղ­ծեց՝ գո­յա­պահ­պա­նու­մով եւ գո­յա­տե­ւա­կա­նու­թեամբ պսա­կուած, որ դրոշ­մուե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տը։

Ա­ւա­րայր, կամ «Ա­վա­րայր»՝ Վաս­պու­րա­կա­նի Ար­տազ գա­ւա­ռի Ա­ւա­րայր դաշտն էր՝ որ պատ­մա­կան ար­ժէք ստա­ցած է Ղ. Փար­պե­ցիի կող­մէ յի­շուած 451 թուա­կա­նի Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տի ա­ռի­թով։

Ինչ­պէս մեր նա­խորդ գրու­թիւն­նե­րուն մէջ յի­շե­ցինք այս ճա­կա­տա­մար­տի սկզբնա­պատ­ճառ­նե­րը եւ դրդա­պատ­ճառ­նե­րը՝ պատ­մու­թեան լոյ­սին ներ­քեւ, այ­սօր ալ կ՚ու­զենք դի­տել Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը՝ նոյն պատ­մու­թեան վկա­յու­թիւն­նե­րու օգ­նու­թեամբ։ Ուս­տի պատ­մա­կան դէպ­քեր եւ ընդ­հան­րա­պէս «պատ­մու­թիւն»ը հե­տա­զօ­տել «մաս­նա­գէտ»նե­րու կը վե­րա­բե­րի, ու­րեմն բո­լո­րո­վին վկա­յու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցենք բո­լո­րո­վին ա­ռար­կա­յա­կան՝ չէ­զոք հա­յե­ցո­ղու­թեամբ։

Յազ­կերտ «թո­ղու­թեան հրո­վար­տակ» մը՝ ար­քու­նի հրա­մա­նա­գիր մը հրա­տա­րա­կած էր, կրօ­նի կա­տա­րեալ ա­զա­տու­թիւն շնոր­հե­լով եւ յափշ­տա­կուած կա­լուած­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լով։ Ար­քա­նե­րու ար­քան Յազ­կեր­տի այս հրա­մա­նա­գի­րը, Վա­սակ, ի­րեն միա­բան ու հա­մա­միտ քա­հա­նա­նե­րուն ձեռ­քով տա­րա­ծեց բո­վան­դակ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ յոր­դո­րե­լով հայ գեղ­ջու­կին եւ իշ­խան­նե­րուն մի­միա՛յն հե­ռա­նալ Վար­դա­նէն եւ ա­նոր հետ չկոր­սուի՛լ։ Եւ ար­դա­րեւ շա­տեր հե­ռա­ցա՜ն…։

Բայց շու­տով հասկ­ցուե­ցաւ, որ «թո­ղու­թեան հրո­վար­տակ»ը խաբ­կանք մըն էր, եւ 451 թուա­կա­նին՝ Զատ­կին, պար­սիկ­նե­րը, ա­պա­հո­վուած եւ կան­խաւ ե­րաշ­խա­ւո­րուած, թէ յոյ­նե­րը հա­յե­րուն պի­տի չօգ­նեն եւ ո՛չ մէկ կեր­պով, մեծ բա­նա­կով մը յար­ձա­կե­ցան հա­յոց երկ­րին վրայ եւ եր­կիր մտան։ Մինչ Վար­դա­նի հրա­ւէ­րը եւ ձայ­նը լսե­լով՝ հայ­րե­նի­քի ու ե­կե­ղե­ցիի պաշտ­պա­նու­թեան նուի­րուած 66 հա­զար քա­ջա­սիրտ ու խի­զան ան­հատ­ներ՝ իշ­խան­ներ ու հա­սա­րակ գիւ­ղա­ցի­ներ հա­ւա­քուե­ցան Ա­ւա­րայր գիւ­ղի մօտ։ Այն­տեղ հա­ւա­քուե­ցան նաեւ Յով­սէփ Կա­թո­ղի­կոս (Ս. Յով­սէփ Ա. Հո­ղոց­մե­ցի. 440-452), Ղե­ւոնդ ե­րէց եւ ու­րիշ բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ։

Պա­տե­րազ­մի նա­խըն­թաց գի­շե­րը հսկու­մով եւ խնդրուածք­նե­րով, ա­ղօթ­քով ան­ցաւ, եւ Կա­թո­ղի­կո­սի թոյլ­տուու­թեամբ Ղե­ւոնդ ե­րէց քա­ջա­լե­րեց հայ զօր­քը, որ չվախ­նայ բնաւ թշնա­միին ա­հա­ւոր բա­նա­կէն։

Նոյն­պէս քա­ջա­լե­րա­կան ճառ խօ­սե­ցաւ նաեւ Վար­դան եւ այ­նու­հե­տեւ ա­մէնքն ալ հո­ղոր­դուե­ցան։

Այս նշա­նա­ւոր ճա­կա­տա­մար­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ 451 թուա­կա­նին Մա­յիս 26-ին։ Ճա­կա­տա­մար­տի դաշ­տին վրայ ին­կան հայ նշա­նա­ւոր իշ­խան­ներ, եւ զօր­քի մէկ մասն ալ ցի­րու­ցան ե­ղաւ։ Եւ այս նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ մին­չեւ այ­սօր «Ս. Վար­դա­նանց 1036 վկա­յից» ա­նու­նով։

Պարս­կաս­տա­նի մէջ երբ պա­տե­րազ­մի ար­դիւն­քը լսուե­ցաւ, ան­մի­ջա­պէս պար­սիկ­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րը ետ կան­չուե­ցաւ եւ Հա­յաս­տա­նի վրայ Ար­շա­կան Ատ­րոր­միզ­դը մարզ­պան կար­գուե­ցաւ՝ եր­կի­րը խա­ղա­ղու­թեամբ նուա­ճե­լու հա­մար։ Սա, ա­մէն կողմ նա­մակ­ներ ու­ղար­կեց՝ յոր­դո­րե­լով ա­մէն­քին ի­րենց տե­ղե­րը դառ­նալ եւ ա­զա­տօ­րէն ի­րենց կրօ­նը պաշ­տել։

Բայց միւս կող­մէն ալ զէն­քով աշ­խա­տե­ցաւ նուա­ճել զա­նոնք՝ ո­րոնք տա­կա­ւին հա­ւա­տա­րիմ Վար­դա­նի, այս ուղ­ղու­թեամբ լեռ­նե­րու մէջ կ՚աշ­խա­տէին Պար­սիկ­նե­րու զօր­քին դի­մադ­րել։

Ար­շա­կան Ատ­րոր­միզ­դը յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ. բռնի ու­ժով, բայց միան­գա­մայն ա­ւե­լի խա­ղա­ղա­սի­րա­կան խօս­քե­րով ու վար­մուն­քով բո­լոր ե­րե­ւե­լի, նշա­նա­ւոր աշ­խար­հա­կան ու հո­գե­ւոր գոր­ծիչ­նե­րը կա­լա­նա­ւո­րեց եւ զա­նոնք Պարս­կաս­տան ու­ղար­կեց՝ 452 թուա­կա­նին, ուր պէտք է քննուէր այս ապս­տամ­բու­թեան գոր­ծը՝ որ յան­ցա­ւո­րը պատ­ժուէր։

Դա­տաս­տա­նը, ար­դա­րեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ Վա­սա­կը իբ­րեւ յան­ցա­ւոր պատ­ժուե­ցաւ, բայց հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը եւ իշ­խան­նե­րը ա­զատ չար­ձա­կուե­ցան։ Ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը բան­տար­կուե­ցան Ա­պար աշ­խար­հի Նիւ­շա­պուհ բեր­դին մէջ, եւ ա­ւե­լի վերջ Ռե­ւան գիւ­ղի մօտ՝ 453 թուա­կա­նի 26 Յու­լի­սին նա­հա­տա­կուե­ցան։

Այդ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը «Ղե­ւոն­դեանք» ա­նու­նով կը տօ­նուի մին­չեւ այ­սօր Հայ Ե­կե­ղե­ցիի մէջ, Վար­դա­նանց յի­շա­տա­կու­թեան նա­խոր­դող Ե­րեք­շաբ­թի օր։

Միեւ­նոյն Նիւ­շա­պուհ քա­ղա­քի բան­տին մէջ տա­կա­ւին եր­կար ժա­մա­նակ բան­տար­կուած մնա­ցին 35 հո­գի հայ իշ­խան­ներ, եւ միայն Պե­րո­զի թա­գա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կուե­ցան՝ 461 թուա­կա­նին։

Այս ար­ձա­կուած հայ իշ­խան­նե­րը՝ յա­ջորդ տա­րի, մօ­տա­ւո­րա­պէս 461-ին վեր­ջե­րը ի­րա­ւունք ստա­ցան վե­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տան։

Վար­դա­նան­ցը՝ «հաս­տա­տա­կա­մու­թեան տի­պա՛ր» մըն է պատ­մու­թեան ար­ձա­նագ­րած…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016