ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
Արարատեան Հայրապետական Թեմը արդէն երրորդ տարին է, որ մեծ շուքով պիտի նշէ Մեծ պահքին նախորդող Բուն Բարեկենդանի տօնը: Հայկական դիմակահանդէսի նախապատրաստման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին թեմի երիտասարդները, որոնք ճաշացանկէն մինչեւ աւանդական խաղերը ուսումնասիրած են՝ տօնը պատշաճութեամբ իրականացնելու համար:
Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի երիտասարդաց կառոյցներու համակարգող, Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Ա. Քհնյ. Մալեան յայտնած է Փետրուարի 7-ին կայանալիք Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութեան մանրամասնութիւնները:
«Կիրակի օրը՝ ժամը 11.00-ին, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որմէ յետոյ՝ ժամը 13.30-ին, թեմի երիտասարդները, համայնքներու հաւատացեալները, ազգագրական երգի ու պարի համոյթները, Երեւանի տարբեր համայնքները ներկայացնող մշակութային խումբերը պիտի հաւաքուին Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ, իսկ ժամը 14.00ին պիտի սկսի տօնական շքերթը: Ս. Սարգիս եկեղեցիէն Մաշտոցի պողոտայով պիտի յառաջանանք դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր ալ նախատեսուած են տարբեր միջոցառումներ», նշած է Տ. Պետրոս Ա. Քհնյ. Մալեան։ Ըստ իրեն՝ երթին կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները, որոնք արդէն Ազատութեան հրապարակին վրայ ականատես պիտի ըլլան ազգային երգի ու պարի, թատերական խումբերու ելոյթներու, պիտի կարենան դիտել եւ մասնակցիլ ազգային խաղերու: «Բացի այդ՝ պիտի բացուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած տարբեր մշակութային ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներու թեմաթիք նկարներու ցուցահանդէս, իսկ Բուն Բարեկենդանին նուիրուած ուտեստներու ցուցադրութիւն-վաճառքի հասոյթը պիտի յատկացուի բարեգործութեան», ըսած է Տ. Պետրոս Ա. Քհնյ. Մալեան։
Ըստ իրեն, Բուն Բարեկենդանին կը թոյլատրուի ուտել ամէն ինչ, իսկ արդէն յաջորդ օրուընէ, երբ կը սկսի 48-օրեայ Մեծ պահքը, պէտք է անցնիլ ժուժկալ սննդակարգի ու վարքի: Բարեկենդանին նախապատուութիւն կը տրուի մսեղէնի, կաթնեղէնի առատութեան: Տաւարի, ոչխարի եւ թռչնեղէնի միսէն կը պատրաստուին տարբեր ճաշեր, կ՚ուտեն խաշած հաւկիթ, զերծ չեն մնար նաեւ քաղցրեղէնէ: Բուն Բարեկենդանի տօնական սեղանին նախընտրելի է տեսնել փախլաւայ, գաթայ, հալուայ: Եւ ինչպէս ժողովրդական խօսքը կ՚ըսէ՝ «Բուն Բարեկենդանին հաւկիթով կը փակեն բերանները, որ Ս. Յարութեան տօնին հաւկիթով ալ բանան»:
Շքերթին երիտասարդները կոչ կ՚ընեն իրենց հետ վերցնել նաեւ դիմակներ՝ դիմակահանդէսը լիակատար դարձնելու նպատակով:
Բարեկենդան բառացի կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք: Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, քանի որ կը նախորդէ ամենաերկար պահքին: Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, զոր դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան: Անիկա նաեւ օրինակն է դրախտային կեանքի, ուր մարդուն արտօն-ւած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացառութեամբ բարիի եւ չարի՝ գիտութեան ծառի պուտղէն, որ պահքի խորհրդանիշն է:
Բարեկենդանը առաքինութիւններու արտայայտութիւն է: Այդ օրը մարդիկ սուգէն կ՚անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն՝ խաղաղութեան: Այս ընկալումով է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հոգիին մէջ խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ պահքի ճանապարհին: Անիկա կը տեւէ 48 օր՝ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան՝ Զատկի տօնը: