ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՈՅ…

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ո­գե­կո­չեց Սրբոց Վար­դա­նանց յի­շա­տա­կը։ Սրբոց Վար­դա­նա­նց տօ­նին առ­թիւ ա­ւան­դա­կան շու­քով ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ «Վասն հա­ւա­տոյ ու վասն հայ­րե­նեաց» վկա­յու­թեան մը մե­րօ­րեայ վե­րար­ժե­ւո­րու­մով, Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ան­ցան հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լոր­տին մէջ։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ պա­տա­րա­գիչն էր Մայր Ա­թո­ռի Վա­նո­րէից տե­սուչ Տ. Ար­տակ Եպսկ. Տիգ­րա­նեան, որ օ­րուան քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ս. Վար­դա­նանց նա­հա­տակ­նե­րու տօ­նի խոր­հուր­դին։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, Իջ­ման Ս. Սե­ղա­նին առ­ջեւ կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան Մաղ­թանք՝ քա­նի որ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին օ­րը կը նշուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը։ Մայր Ա­թո­ռի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Ոս­կան Արք. Գալ­փա­քեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան Մաղ­թան­քը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց դասն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը միաս­նա­կան ա­ղօթք բարձ­րա­ցու­ցին առ Աս­տուած՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ան­սա­սա­նու­թեան ու պայ­ծա­ռու­թեան եւ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կե­նաց ա­րեւ­շա­տու­թեան հա­մար։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին նուի­րուած հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Պոլ­սոյ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016