ՊԸՐՊ­ԵՆՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս այս շաբ­թուան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն ապ­րուե­ցան յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Գոր­ծադ­րուած ծրա­գի­րը ձօ­նուած էր թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Լոս Ան­ճե­լը­սի ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն էր կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեա­նի պար­գե­ւատ­րու­մը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս կա­պակ­ցու­թեամբ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

*

Փետ­րուա­րի 2-3 թուա­կան­նե­րուն, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի պաշ­տօ­նա­կան հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լիճ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղով (conference) մը՝ թե­մի մէջ ծա­ռա­յող բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ եւ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Փետ­րուար 2-ը տօնն էր «Ղե­ւոն­դեանք» կո­չուած այն նա­հա­տակ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք 5-րդ դա­րուն գի­տակ­ցա­կան մեծ նուի­րուա­ծու­թեամբ պաշտ­պա­նե­ցին քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, ե­կե­ղե­ցին եւ հայ­րե­նի­քը:

Ա­ռա­ւօ­տեան Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօթք-ժա­մեր­գու­թիւն՝ թե­մի ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեամբ Աս­տուծ­մէ խնդրե­լով Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հայ­րե­նի­քի հա­մար հա­ւատ­քի ամ­րու­թիւն, քրիս­տո­նէա­կան բարձր գի­տակ­ցու­թիւն եւ մխի­թա­րու­թիւն մեր հա­մայն ժո­ղո­վուր­դին:

Յա­ջոր­դա­բար տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղո­վը, 2016 թուականի ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցա­կան մեծ հա­ւա­քը: Խորհր­դա­ժո­ղո­վին կը նա­խա­գա­հէր Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, որ հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց խորհր­դա­ժո­ղո­վին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, ներ­կա­յա­ցուե­լիք զե­կոյց­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, քննար­կում­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ հո­վուա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռա­ւել լա­րու­մը՝ միշտ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ հո­վուա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­ն Հայ­րը թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կի ծի­րին շրջագ­ծով անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շի­նա­րա­րա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րու մա­սին. օ­րի­նակ՝ Ա­րի­զո­նա, Սան Տիե­կօ, Լաս Վե­կաս, Լա Քրե­սեն­թա եւ Հո­լի­վուտ: Ան հեր­թա­բար անդ­րա­դար­ձաւ թե­մի վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան նուի­րուած եւ պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող հրա­տա­րա­կու­թեան մա­սին, ինն­սուն օ­րի­նա­կե­լի զոյ­գեր գնա­հա­տե­լու ծրագ­րին, թե­մա­կան յա­տուկ «Թերթ»ի մը հրա­տա­րա­կու­թեան, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար մա­տու­ցուե­լիք Ս. Պա­տա­րա­գի մը, քա­հա­նա­յու­թեան նոր թեկ­նա­ծու­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, սու­րիա­հա­յու­թեան, Հայ­աս­տա­նէ ներս զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու մա­սին, ե­ւայլն…:

Եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղո­վը մաս­նա­յա­տուկ կեր­պով մշա­կած էր ե­կե­ղե­ցա­կան եւ հո­վուա­կան բո­վան­դա­կա­լից ծրա­գիր մը՝ Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րե­լու քրիս­տո­նէա­կան, կ­­րօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին բազ­մա­թիւ հար­թակ­նե­րու վրայ: Թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կին ե­կե­ղե­ցա­կան, կ­­րօ­նա­կան, հո­վուա­կան նշու­մը եւ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը 2016-ին՝ հիմ­նա­կան մեկ­նա­կէտ մը ու­նի, եւ Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս ստեղ­ծել, խթա­նել եւ ու­ժե­ղաց­նել «հո­գե­ւոր-կրօ­նա­կան նոր զար­թօնք» մը: Ա՛յս էր խորհր­դա­ժո­ղո­վին կեդ­րո­նա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին հե­տապն­դած ծրա­գիր­-ա­ռա­ջադ­րան­քը կը բխէր նոր ժա­մա­նակ­նե­րու կրօ­նա­կան, հո­գե­ւոր, ըն­կե­րա­յին եւ բա­րո­յա­կան ըմբռ­նում­նե­րէն եւ ար­ժէք­նե­րու ան­կու­մէն, ո­րոնք կը պար­տադ­րեն նոր մղում եւ նոր աշ­խու­ժու­թիւն տա­լու ե­կե­ղեց­ւոյ «ա­ւե­տա­րան­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան»:

Այս ի­մաս­տով, խորհր­դա­ժո­ղո­վին ծրա­գի­րը ա­միս­ներ ա­ռաջ մշա­կուած էր լուրջ մեր­ձե­ցու­մով: Եր­կու օ­րե­րու տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­ցան ե­կե­ղե­ցա­կան, աս­տուա­ծա­բա­նա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ բա­րո­յա­կան նիւ­թե­րով ու հար­ցե­րով ու­սում­նա­սի­րուած զե­կոյց­ներ, ո­րոնք հեր­թա­բար ար­ծար­ծե­ցին, զար­գա­ցու­ցին՝ ա­ռիթ տա­լով խո­րա­գոյն քննար­կում­նե­րու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու: Ներ­կա­յա­ցուած նիւ­թե­րը գործ­նա­կա­նա­պէս պի­տի նպաս­տեն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կրօ­նա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան կեան­քի զար­գա­ցու­մին եւ զօ­րա­ցու­մին:

Ա­րեւմ­տեան Թե­մը, իր Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նոր­դով, վճռած է զօ­րաց­նել իր ա­ռա­քե­լու­թեան «այժ­մէու­թիւ­նը» եւ «կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը»՝ լու­սա­ւո­րիչ ուղ­ղու­թիւն եւ հո­գե­ւոր բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լու հա­մար իր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն: Ե­կե­ղե­ցին կը փոր­ձէ վե­րա­րժե­ւո­րել եւ վե­րա­սահ­մա­նել իր կրօ­նա­կան­-ե­կե­ղե­ցա­կան սկզբունք­նե­րը եւ ար­ժէք­նե­րը: 

Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կի ա­ռա­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան եւ քննար­կու­մի ար­ժա­նա­ցան հե­տե­ւեալ կա­րե­ւոր նիւ­թե­րը.

1.- «Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու «գոր­ծօն» մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս» (Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Աշ):

2.- «Ոչ­-Ուղ­ղա­փառ կամ կրօ­նա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու «այ­լա­սե­րում»ի վնա­սա­կար դե­րը մեր ժո­ղո­վու­րդին մէջ» (Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Ե­սա­յեան):

3.- «Բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը եւ ծի­սա­կան պաշ­տա­մուն­քը քրիս­տո­նեա­յի «հո­գե­ւոր կեանք»ին իբր աղ­բիւր» (Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Մար­կո­սեան):

4.- «Փնտռտուք ե­կե­ղեց­ւոյ իս­կա­կան ա­կունք­նե­րուն» (Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Ա­բո­վեան):

5.- «Ե­կե­ղե­ցին ինչ­պէ՞ս դարձ­նել ժա­մա­նա­կա­կից» (Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան):

6.- «Ե­կե­ղե­ցին սուր­բե­րու խումբ չէ, այլ ա­պաշ­խա­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու» (Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տե­միր­ճեան):

7.- «Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ» (Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Փե­թո­յեան):

8.- «Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը» (Տ. Վար­դան Ա. Քհնյ. Գաս­պա­րեան):

9.- «Հայ Ե­կե­ղե­ցին 16-րդ եւ 17-րդ դա­րե­րուն,- հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին զար­թօնք» (Տ. Զա­ւէն Ա. Քհնյ. Ար­զու­մա­նեան):

10.- «Ս. Պա­տա­րա­գի «Ող­ջոյ­ն­»ը կամ «Սի­րոյ համ­բոյ­ր­»ը եւ ա­նոր աս­տուա­ծա­բա­նա­կան բո­վան­դա­կու­թեան դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը» (Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան):

Խորհր­դա­ժո­ղո­վը յա­տուկ կեր­պով քննար­կեց նաեւ հե­տե­ւեալ կա­րե­ւոր նիւ­թե­րը. «Աշ­խար­հա­կան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ծու­խե­րու կրօ­նա­կան կեան­քէն ներս», «Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թիւ­նը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նե­լու հար­ցը», «Քրիս­տո­նէա­կան վկա­յու­թիւ­նը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ», ինչ­պէս նաեւ «Ս. Պա­տա­րա­գին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կեան­քին մէջ»:

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րու եզ­րա­կա­ցու­մը ե­ղաւ, որ քրիս­տո­նէու­թեան մարդ­կա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ար­ժէք­նե­րուն փնտռտու­քը, զար­գա­ցու­մը, հզօ­րա­ցու­մը եւ պահ­պա­նու­մը կեն­սա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ եւ պայ­ման­ներ են ե­կե­ղեց­ւոյ յա­ջող ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար: Ի վեր­ջոյ «ե­կե­ղե­ցին»՝ մարդս յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին տա­նող ճամ­բան է:

Ե­կե­ղե­ցա­կան այս ան­նա­խըն­թաց խորհր­դա­ժո­ղո­վը յա­տուկ դի­տա­ւո­րու­թեամբ փոր­ձեց վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել եւ վե­րար­ժե­ւո­րել իր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ ա­նոր հա­մա­ձայն իր ճի­գե­րը տաս­նա­պատ­կել՝ լա­ւա­պէս բա­ւա­րա­րե­լու հա­մար հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «Ս. ՍԱՀԱԿ-Ս. ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻՆ

Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս յար­գե­լի ա­ւան­դու­թիւն մը դար­ձած է Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մար­տի­րոս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու տօ­նին ա­ռի­թով: Այս տա­րի, այդ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը հան­դի­պէր Ե­րեք­շաբ­թի, Փետ­րուարի 2-ին: Այդ օր, Ա­րեւմ­տեան Թե­մի բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը խմբուեր էին Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ, եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող կա­րե­ւոր խորհր­դա­ժո­ղո­վին հա­մար:

Ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը՝ ներ­կա­յու­թեամբ բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան մը:  Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեա­ն, ո­րուն ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման 45-ա­մեա­կը կը զու­գա­դի­պէր 2015-ի Դեկ­տեմ­բե­րին:

Այս ա­ռի­թով՝ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի խնդրան­քով եւ մի­ջո­ցով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը Հայր Սուր­բը կը պա­տուէր «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նով եւ Սրբա­տառ յա­տուկ կոն­դա­կով մը՝ գնա­հա­տե­լով Հայր Սուր­բին եր­կար տա­րի­նե­րու ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նն ու գրա­կան վաս­տա­կը:

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, «Հայր մեր»էն ա­ռաջ, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով բե­րուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կոն­դա­կը՝ ուղ­ղուած Հայր Տա­ճա­տին: Մայր տա­ճա­րի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­բա­զեան կար­դաց Սրբա­տառ կոն­դա­կը:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր Հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կին մէջ նկա­տե­լով Հայր Սուր­բին ե­կե­ղե­ցա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը, կը հաս­տա­տէր հե­տե­ւեա­լը. «Ի գնա­հա­տու­թիւն ազ­գօ­գուտ ու ե­կե­ղե­ցա­նուէր ձեր հա­րուստ վաս­տա­կին, սի­րով ըն­դա­ռա­ջե­լով Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դի խնդրան­քին, Հայ­րա­պե­տա­կան այս կոն­դա­կով կը շնոր­հենք ձեզ Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցւոյ «Սուրբ Սա­հակ-Սուրբ Մես­րոպ պատուոյ բարձր շքան­շա­նով», յղե­լով նաեւ իր Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը:

Կոն­դա­կի ըն­թեր­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան մեծ ու­րա­խու­թեամբ Հայր Սուր­բին յայտ­նեց իր եւ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, շեշ­տե­լով Հայր Սուր­բին ե­կե­ղե­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ գրա­կան գնա­հա­տե­լի վաս­տա­կը։ «Հայր Սուր­բը մե­զի հա­մար թան­կա­գին ե­կե­ղե­ցա­կան մըն է», ը­սան ան ու ի սրտէ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Ազ­գիս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ ըն­դա­ռա­ջե­լով իր խնդրան­քին՝ Հայր Տա­ճա­տը ար­ժա­նի կը դարձ­նէր գնա­հա­տան­քի, Հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կի եւ կը պար­գե­ւատ­րէր յա­տուկ շքան­շա­նով:

Հայր Սուր­բը խօսք առ­նե­լով՝ իր որ­դիա­կան խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, ինչ­պէս նաեւ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նին՝ կա­տա­րած միջ­նոր­դու­թեան հա­մար:

Պատ­շաճ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէ ետք Հայր Եար­տը­մեան ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը, իր խօս­քը կեդ­րո­նաց­նե­լով նա­հա­տակ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու թո­ղած ե­կե­ղե­ցա­կան, կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին ան­մո­ռա­նա­լի ար­ժա­նիք­նե­րուն վրայ ու ը­սաւ. «Նա­հա­տակ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն ու­ժեղ դա­ւա­նու­թիւ­նը քրիս­տո­նէա­կան կրօն­ին, խղճի ա­զա­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ գի­տա­կից փա­րու­մը ե­կե­ղե­ցիին ու հայ­րե­նի­քին՝ ա­րիւ­նի կտա­կով ան­ցաւ սե­րուն­դէ սե­րունդ: Այս հա­մո­զում­նե­րով, դա­ւա­նան­քով եւ մար­տի­րո­սա­կան ա­րար­քով՝ ա­նոնք հրդե­հե­ցին հա­յու­թիւ­նը եւ հա­սան ա­րիւ­նոտ նա­հա­տա­կու­թեան՝ փրկե­լով թէ՛ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը, թէ՛ Հայ Ե­կե­ղե­ցին, թէ՛ խիղ­ճի եւ հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թիւ­նը եւ թէ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը: Հա­ւատ­քի ու գոր­ծի ու­ժեղ դաս մը, որ չի՛ հին­նար եր­բեք, դաս մը, որ չ­ÿայ­լա­փոխ-ւիր բնաւ»:

Ս. Պա­տարա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը եւ գրի­չի ըն­կեր­ներ ու­րա­խու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րե­ցին Հայր Սուր­բը, լու­սան­կա­րուե­ցան ա­նոր հետ եւ «կե­նաց»ներ բարձ­րա­ցու­ցին ի պա­տիւ ի­րեն:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016