ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԷՋ
Հայ ժողովուրդին ընկերական, ընտանեկան եւ բարոյական կեանքը սերտօրէն կապուած է կրօնական հաւատալիքներու եւ աւանդութիւններու հետ։ Եւ ահաւասիկ ասոնցմէ է նաեւ «Բարեկենդան»ը՝ որ անցեալի մէջ, եւ այսօր ալ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մանաւանդ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ։ Անշուշտ անոր կրօնական կողմը անհատական հետաքրքրութեան առարկայ է, բայց ընկերային-ժողովրդական կողմը աւելի շատ կը հետաքրքրէ ընտանիքը։ Ըսենք աւանդութիւն մը, սովորութիւն մը՝ որ անցեալը կը կապէ ներկային, ինչպէս՝ ընտանիքի անդամները իրարու։
Արդարեւ ընկերային-ընտանեկան կեանքը մեծ իրողութեան մը առջեւ կը գտնուի, երբ «Բարեկենդան»ը կը հասնի։ Ընկերային գիտակցութիւնը, թէեւ տարբեր ձեւերով, կը յայտնուի անհատներու ամէն մէկուն կեանքին մէջ եւ կեանքը զգալի փոփոխութեան մը կ՚ենթարկուի։
«Բարեկենդան»ը այս փոփոխութիւնը զգալի կը դարձնէ մնաւանդ ստեղծուած խանդավառութեամբ, կատարուած խրախճանքներով եւ յայտնի եռուզեռով։
Բայց պէտք է ընդունուի, որ «Բարեկենդան»ը՝ որքան ալ կրօնական բնոյթ ունենայ, ան վերածուած է ժողովրդական-մշակութային իրադարձութեան մը։
Եւ Բարեկենդանին ա՛յդ կողմն է որ կը հետաքրքրէ շատերը։ Մեծամասնութեան համար Բարեկենդանը՝ զուարճութեան, խրախճանքի, խանդավառութեան «օր» մըն է միայն։ Աւանդութիւն մը՝ որ առիթ կ՚ընծայէ այդ ոգեւորութեան։ Տուներու մէջ պատրաստութիւններ կը կատարուին, ազգականներ, բարեկամներ կը հրաւիրուին՝ հաւաքուելու եւ միասին ուտելու խմելու, զուարճանալու համար։ Խոստովանինք, որ Բարեկենդանի գիտակցութիւնը կամ ընբռնումի միայն «օր»ուան մը սահմաններու մէջ կը մնայ եւ յետոյ կը շարունակէ կեանքը իր բնական եւ սովորական ընթացքին մէջ։
Սակայն «Բարեկենդան»ը կեանքի եւ ապրելակերպի փոփոխութեան մը սկիզբն է, եւ այդ փոփոխութեան նախօրեակին ներելի կը համարուին կերուխումի առատութիւնը, չըսելու համար չափազանցութիւնը, որ շատ անգամ կը հասնի անժոյժ ու անչափ աստիճաններու շատ մը միջավայրերու մէջ, շռայլութեան ցոյց մը կ՚ըլլայ, ինչ որ ներելի կը նկատուի այդ օրուան համար։ Բարեկենդանը այս իմաստով ու հասկացողութեամբ սկիզբ մըն է նոր շրջանի մը, փոփոխութեան մը։
Վանական կեանքի խստամբեր կարգուկանոնի կապերն իսկ կը թուլցուին Բարեկենդանին, եւ թոյլ կը տրուի, որ խստակրօն կեանքի աւանդութիւններն ու պարտաւորութիւնները մեղմացուին ու մեղկացուին, եւ պահ մը, վանականներն իսկ, եբրեւ մարդ, աշխարհիկ՝ ըլլան, անշուշտ առանց ելնելու թոյլտուութեան կամ թողութեան պատշաճ սահմաններէն։ Եւ ահաւասիկ այս է որ «աբեղաթող» կը կոչուի վանական խրախճանքի արձակ օրերը, վանքերու մէջ, Բարեկենդանի առթիւ։
Իսկ տուներու մէջ ազգականներ, բարեկամներ քով քովի կու գան՝ ճիշդ միեւնոյն տան եւ ընտանիքին անդամներուն պէս։ Ուստի որեւէ խիստ չափ ու աստիճան չկայ յարաբերութիւններու եւ տեսակցութիւններու մէջ՝ անշուշտ միշտ պատշաճը յարգելով։
Այս հաւաքոյթներուն անվերապահ ու անկասկած ընտանութեան մը երեւոյթը ամէնուն շարժուձեւերուն եւ նիստուկացին մէջ բնական կը համարուի։ Եւ վանքերու թախծոտ ոլորտներուն մէջ ալ՝ միաբանական կեանքի համարձակութիւններով ծիծաղներ կը թրթռացնեն պահիկ մը, եւ ահա՛ քիչ յետոյ այս բոլորին կը յաջորդէ լրջութի՛ւնը, ծանրութիւնը՝ մեծագոյն, հրաշալի՜ փոփոխութիւնը։
Այդ «փոփոխութիւն»ը կը յայտնուի այնպէս, կարծես թէ բան մը անցած, ապրուած չըլլայ քիչ առաջ. բոլորն ալ լո՛ւրջ են, մտախոհ, պարկեշտ։
Ըստ աւանդութեան, տուներու մէջ ալ, Բարեկենդանի առթիւ չգործածուած, մէկ կողմ դրուած ամաններն ու անօթները իսկ մեծ խնամքով լուացուած եւ մաքրուած են, եւ կարծես պատրաստ կը սպասեն «մեծ փոփոխութեան»՝ դիմաւորելու Մեծ Պահքը։
Հայ ընտանիքի հիմը, սիւնը՝ հայ տանտիկինը, անխոնջ ու բարեպաշտ, մաքրասէր, յոգնած, ան ալ կը պատրաստուի դիմաւորելու «մեծ փոփոխութիւն»ը թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքին մէջ։
Եւ նոյն խնկելի բարքը վանքերու մէջ ալ տիրեր է անցեալին։ Արդէն վանականներն ալ «ընտանիք»ի մը անդամները չե՞ն։ Ա՛յս է այն իրողութիւնը, թէ ի՛նչպէս ընկերային կեանքը կ՚ազդէ անհատական կեանքին եւ կը փոխէ անոր ընթացքը։ Կենցաղասէր մարդիկ, տեսնելով կեանքին միւս երեսը, ընկերային կեանքի այս նոր փուլին, այս մեծ փոփոխութեան մէջ հրաշալի՜ փոփոխութեան մը կ՚ենթարկուին։ Քիչ կը խօսին, քիչ կը ծիծաղին, աւելի մտախոհ, բայց լա՛ւ կ՚աշխատին, լա՛ւ կը գործեն, եւ պէտք է ըսել՝ լաւ ալ կը խորհին…։
Եւ այս «մեծ փոփոխութիւն»ը կ՚ենթադրէ կեանքի ու կենսաղի, ապրելակերպի սովորական պայմաններուն փոփոխութեան շրջան մը՝ որ անուրանալի եւ անժխտելի կապ մը ունի հայ անհատին ընկերական բարքերուն հետ։ Եւ այս ցոյց կու տայ՝ հոգեւոր ու բարոյական կեանքին ազդեցութիւնը անհատական եւ աշխարհային կեանքին, ինչ որ փոխադարձ ազդեցութիւն մը կը գործէ։
Բայց երբ այս բոլոր իրողութիւններու վրայ կը խօսինք, պէտք է խոստովանինք, թէ ներկայ կեանքը, ընդհանրապէս չի պատշաճիր, կամ աւելի ճիշդ է ըսել՝ չի համապատասխաներ անցեալի այս բարեդէպ իրադարձութիւններուն։ Այսօր կրօնքի բարերար ազդեցութիւնները չեն ազդեր աշխարհասէր եւ ինքնամոլ անհատներու սիրտերուն։ Այսօր, դժբախտաբար, Բարեկենդանը վերածուած է զուտ աշխարհային, ժողովրդական-մշակութային երեւոյթի մը։ Բարեկենդանը, ընդհանրապէս կորսնցուցած է իր կրօնական ու բարոյական իմաստն ու նպատակը, դարձած է միայն խրախճանքի, զուարճութեան, խանդավառ օր մը ապրելու, կերու խումի առիթ մը։
Այսօրուան ընկերային եւ ընտանեկան կեանքը շա՜տ տարբեր է անցեալի կեանքէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 27, 2016, Իսթանպուլ