ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐԸ
Հայ եկեղեցին այսօր թեւակոխած է Մեծ պահոց շրջանը։ Շրջան մը, որ կը կոչուի Քառասնորդական պահեցողութեան շրջան կամ ժողովրդային բացատրութեամբ աղ ու հացի շրջան։
Արդարեւ, Բուն բարեկենդանի Կիրակիէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք, ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը եւ որ կը կոչուի Քառասնորդական պահք, առիթ տալով մարդուն խոկումի, աղօթքի եւ ինքնաքննութեան։
Մեծ պահոց ամէն մէկ Կիրակի նուիրուած է կարգ մը յիշատակներու եւ այդ առումով կոչուած է Կիրակին. այսպէս՝ առաջին Կիրակին, այսինքն՝ Բուն բարեկենդանը նուիրուած է դրախտի յիշատակին, ուր մարդը ապրեցաւ դրախտի փափկութեան մէջ եւ այդ փափկութեանց մէջ «ցնծայր զուարճացեալ անխտրական խնդրութեամբ»։
Մեծ պահոց երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի, որ նուիրուած է Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսման։ Ծննդոց գիրքէն գիտենք, որ անոնց իրենց անհնազանդութեան պատճառով դրախտի փափկութեան մէջ չմնացին եւ դուրս դրուեցան դրախտէն ու դատապարտուեցան իրենց ճակտի քրտինքով իրենց հացը ճարելու ու իրենց գործած մեղքին համար դարձան մեղաւոր եւ մահկանացու մարդիկ։ Այնուհետեւ Քրիստոսով, որպէս Երկրորդ Ադամ, դարձեալ բացուեցաւ դրախտի ճամբան եւ մարդիկ զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ առաքինի վարքով արժանի դարձան դրախտի փափկութեան։ Ադամի գործած մեղքը կոչուեցաւ «Ադամական մեղք»։
Մեծ պահոց երրորդ Կիրակին կը կոչուի Անառակի Կիրակի ու Ճաշու աւետարանը կը պատմէ Անառակ որդիին առակը, որ ամբոփոփ տողերու մէջ հետեւեալն է.- Հարուստ մարդ մը ունեցած է երկու զաւակներ։ Օր մը անոնցմէ կրտսերը հօրմէն կ՚առնէ իր հօրենական բաժինը եւ կ՚երթայ օտար աշխարհ եւ հոն կը մսխէ իր ունեցածը ու մեծ նեղութիւններու կը հանդիպի։ Այս կացութեան մէջ կը յիշէ իր հօր հարստութիւնը եւ կ՚որոշէ տուն վերադառնալ ու ներողութիւն խնդրել իր հօրմէն։ Տուն վերադարձին, հայրը գրկաբաց կ՚ընդունի իր զաւակը ու կը համբուրէ եւ կ՚ըսէ. «Իմ որդին կորսուած էր եւ գտնուեցաւ»։
Առակի այլաբանական իմաստը այն է, որ բոլոր անոնք, որոնք մեղաւորներ են եւ կ՚անդրադառնան իրենց գործած յանցանքին ու կը զղջան, կրնան հոգեկան հանգստութիւն եւ անդորրութիւն գտնել։
Չորրորդ Կիրակին Տնտեսի առակով կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։ Առակը հետեւեալն է,- Մեծահարուստ մարդ մը հողեր ու կալուածներ կ՚ունենայ ու անոնց մատակարարումը կը յանձնէ գործակալի մը, որ կը կոչուի Տնտես։ Տարիներ ետք, մեծահարուստը զանազան շշուկներ կը լսէ իր գործակալին անհաւատարմութեան մասին ու իր մօտ կանչելով կ՚ըսէ. «Տուր զհամար տնտեսութեան քո»։ Մարդը ճարահատ կ՚երթայ իր հաշիւները փակելու ու առեւտրական ճարպիկութեամբ յաճախորդներուն պարտքերուն դիմաց զիջումներ կ՚ընէ ու դրամի փոխարէն կը շահի շատերու բարեկամութիւնն ու վստահութիւնը։ Մեծահարուստը իմանալով այս բոլորը, կը ներէ իր անիրաւ տնտեսին ու բամբասողներուն կարեւորութիւնը չի տար։ Առակը ցոյց կու տայ, որ բարեկամութիւնը շահիլը աւելի կ՚արժէ քան դրամը։ Ամէն անհատ իր գործած լաւ կամ գէշ գործին համար օր մը հաշիւ պիտի տայ իր խղճին։
Հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի, որ նուիրուած է այրի կնոջ դատին։ Առակը կ՚ըսէ, որ դատաւոր մը կար որ ոչ մէկէ չէր վախնար ու անխիղճ վերաբերմունքով ոտնակոխ կ՚ընէր օրէնքը եւ ուրիշներուն իրաւունքը կը խլէր։ Օր մը այրի կին մը կը ներկայանայ իրեն, առանց պաշտպանի։ Դատաւորը կ՚անտեսէ կնոջ դատը։ Կնոջ, ամէնօրեայ թախանձանքն ու խնդրանքը կը մնան անօգուտ։ Օր մըն ալ, այլեւս դատաւորը ձանձրացած կնոջ բողոքներէն, կ՚որոշէ կնոջ դատը տեսնել։
Առակը ցոյց կու տայ, որ կեանքի մէջ եթէ արդար ես, պէտք է յարատեւօրէն հետապնդես քու իրաւունքդ, մինչեւ արդար հատուցում։
Մեծ Պահոց վեցերորդ Կիրակին նուիրուած է Քրիստոսի գալստեան խորհուրդին։ Ինչպէս գիտենք, Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը փրկելու համար, հետեւաբար մարդ արարածը եւ մանաւանդ հաւատացեալ անհատը Մեծ պահոց ապաշխարութեանց շրջանին հարկ է գիտակցի Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած այդ նուէրին եւ խորհրդածէ Քրիստոսի գալուստի մասին՝ մեղաւորները դատելու եւ արդարները երկնքի արքայութեան արժանացնելու։
Իսկ Մեծ պահոց վերջին Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդի Կիրակի։ Այդ օրուան Աւետարանը կը բովանդակէ Քրիստոսի կեանքին հետ կապուած շարք մը դէպքեր, ինչպէս՝ Ղազարոսի յարութիւնը, իր հանդիսաւոր մուտ-քը Երուսաղէմ եւ տաճարի մաքրագործումը։
Դէպքին աւետարանական իմաստը այն է, որ տաճարը Աստուծոյ տունն է եւ միայն Աստուծոյ տուն պէտք է ըլլայ։
Արդարեւ, Բուն բարեկենդանի Կիրակիէն մինչեւ Ծաղկազարդի տօնը, երկարող եօթ եօթնեակները, որոնք հոգեգրաւ խորհուրդով մը Մեծ պահքը կը հիւսեն, կը փակուին Քրիստոսի Յարութեան հրաշալի խորհուրդով, Զատկուան առաւօտով։