«ԱՒԵԼԻՆ՝ ԱՒԵԼԻԻ ԴԻՄԱՑ»

Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ ե­րէկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Պա­շտօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Վալշթ­րէօմ քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով Հա­յաս­տան-Շուէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն հա­մար Շուէ­տի ա­ջակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Սերժ Սարգ­սեան հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց այս բո­լո­րին վե­րա­բե­րեալ հայ­կա­կան կող­մի դիր­քո­րո­շում­նե­րը՝ հիմ­նուած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն եւ չա­փա­նիշ­նե­րուն վրայ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք բարձր գնա­հա­տե­ցին վեր­ջին շրջա­նին նկա­տե­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած հայ-շուէ­տա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ ներ­կա­յիս Շուէտ Եւ­րո­պա­յէ ներս Հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր ու վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին է։  

Իր կար­գին, Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ ընդգ­ծեց, որ լաւ հար­թակ մը ձե­ւա­ւո­րուած է եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու ու խո­րաց­նե­լու հա­մար։ Ան իր երկ­րին կող­մէ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նին՝ բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սարգ­սեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կուած հա­մա­պար­փակ բա­րե­փո­խում­նե­րը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ կը դի­տար­կուին որ­պէս երկ­րի յա­ռա­ջըն­թա­ցին ու զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր գրա­ւա­կան ու մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տուին Եւ­րո­միու­թեան գոր­ծըն­կեր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Շուէտ՝ որ­պէս բա­րե­կամ եր­կիր, ու­նի զգա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ա­նոնց ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Վալշթ­րէօմ վստա­հե­ցուց, որ Հա­յաս­տան յա­ռա­ջի­կա­յին եւս կրնայ ա­պա­ւի­նիլ Շուէ­տի ա­ջակ­ցու­թեան եւ հա­մո­զուած ըլ­լալ, որ իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ է՝ որ­պէս ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ այս տա­րած­քաշր­ջա­նի բա­րե­կամ-ջա­տա­գով։ Վե­րո­յի­շեալ ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հիւր նա­խա­րա­րին կող­մէ նկա­տուե­ցաւ նաեւ երկ­կող­մա­նի կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լու յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն։

Զրոյ­ցին ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Մինչ այդ, Վալշթ­րէօմ եւ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ փո­խան­ցե­ցին նաեւ ի­րենց հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ Հիւր նա­խա­րա­րը դի­տել տուաւ, թէ Սթոք­հոլմ կողմ­նա­կից է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Իր կար­գին, Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, որ առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կի պահ­պան­ման ա­ռա­ջին պա­տաս­խա­նա­տուն նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճանն է, ո­րով­հե­տեւ այդ կար­գա­վի­ճա­կը կա­րե­լի է փո­խել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ձեռք­բեր­ման մի­ջո­ցաւ։ «Պա­քու բազ­միցս կ՚օգ­տա­գոր­ծէ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­գիին ան­յա­րիր ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ՝ ուղ­ղուած ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն ու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը յանդգ­նին յայտ­նել կար­ծիք մը, որ չի հա­մընկ­նիր իր պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէտ­նե­րուն», ը­սաւ ան։

Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կանգ ա­ռին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ զար­գաց­ման ե­րե­ւոյ­թին վրայ։ Ա­նոնք հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կնքե­ցին, որ­պէս­զի եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ բա­ցա­ռուի գոյ­քի եւ ե­կա­մու­տի կրկնա­կի հար­կու­մը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Ե­րե­ւա­նի եւ Սթոք­հոլ­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով նշեց, որ իր եր­կի­րը այդ մէ­կը կը տես­նէ «ա­ւե­լին՝ ա­ւե­լիի դի­մաց» յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տես­քով։ Իր կար­գին, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տան շա­հագրգ­ռուած է ԵԱՀԿ-ի Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ Մար­դու ի­րա­ւանց գրա­սե­նեա­կին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջագ­ծով, այդ ծրագ­րի նա­խա­ձեռ­նող եր­կիր­նե­րէն Շուէ­տի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին պատ­գամ­նե­րը կը փո­խա­նա­կէին ու­շագ­րաւ ե­րանգ­ներ։ Այս­պէս, ԵՄ բա­րե­փո­խում­նե­րով կը պայ­մա­նա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նին ի նպաստ ցու­ցա­բե­րուե­լիք ա­ջակ­ցու­թեան չա­փը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016