«ՃԱՄԲՈՐԴ» ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Կիւ­վեր­ճին» ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը վեր­ջերս թո­ղար­կած է «Ճամ­բորդ» խո­րագ­րեալ սկա­ւա­ռակ մը։ Ե­րէկ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի հա­մակ­րե­լի մե­ներ­գիչ­նե­րէն Պար­թեւ Կա­րեա­նը, Ա­րի Ա­լի­ճեա­նը եւ «Կիւ­վեր­ճին» հաս­տա­տու­թեան սե­փա­կա­նա­տէր Հայ­տար Կէօ­կեր­ճի­նը։ Ա­նոնք փու­թա­ցած էին մե­զի ներ­կա­յաց­նե­լու «Ճամ­բորդ»ը, որ­մէ նմոյշ­ներ նուի­րե­ցին թեր­թին խմբագ­րու­թեան։

Սկա­ւա­ռա­կը կ՚ընդգր­կէ մե­ներգ­ներ մեր ե­րաժշ­տա­կան կեան­քի շարք մը հա­մակ­րե­լի ա­նուն­նե­րէն. ինչ­պէս՝ Պար­թեւ Կա­րեան, Մա­րալ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու, Լի­տա Քէօ­սէօղ­լու, Պա­րոյր Գու­յում­ճեան, Թա­թիա­նա Պոս­տան, Մա­րալ Չա­փան Ա­թա­ման, Ա­րի Պա­րու­թօղ­լու, Էս­րա Տե­նիզ­հան Թել­լի, Լեռ­նա Պա­լօղ­լու Աք­պու­լութ, Իս­թէք Տե­միր եւ Օ­նուր Այ­տե­միր։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Հայ­տար Կէօ­կեր­ճին յայտ­նեց, որ «Ճամ­բորդ»ը թո­ղար­կուած է զուտ «Կիւ­վեր­ճին» հաս­տա­տու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ Ներ­կա­յիս այս սկա­ւա­ռա­կը հա­նուած է վա­ճառ­քի։ Ե­թէ ա­նոր թո­ղարկ­ման հա­մար կա­տա­րուած ներդ­րու­մը հա­կակշ­ռուի, ա­պա վա­ճառ­քի շա­րու­նա­կու­թեան ա­պա­հո­վուե­լիք հա­սոյ­թը որ­պէս նուի­րա­տուու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րուի հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թեան մը։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2016