ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ Լա­խէ­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հո­լան­տա­յի Վար­չա­պետ Մարք Ռութ­թէի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հո­լան­տա ներ­կա­յիս Եւ­րո­միու­թեան շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է։ Լա­խէ­յի մէջ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ռութ­թէ հա­մա­տեղ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րօ ար­ժո­ղու­թեամբ յատ­կա­ցու­մը չի կա­տա­րուիր Թուր­քիոյ հա­մար, այլ պի­տի ծախ­սուի Սու­րիա­յէն խոյս տուած ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն հա­մար։ «Թուր­քիա գաղ­թա­կա­նաց սա­կար­կու­թեան մէջ մտնե­լու չափ մարդ­կա­յին խիղ­ճէ հե­ռա­ցած եր­կիր մը չէ», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու, որ իր հո­լան­տա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ քննար­կեց ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, գաղ­թա­կան­նե­րու նիւ­թը մարդ­կու­թեան խնդիրն է եւ ա­նոնց նկատ­մամբ խնդրոյ ա­ռար­կայ է մարդ­կա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը։ «Երբ այս բո­լո­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի նկա­տե­լի դար­ձան, մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան դաշտն ալ ընդ­լայ­նուե­ցաւ», ը­սաւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ բուռն քննա­դա­տու­թեան են­թար­կեց Թուր­քիոյ ուղ­ղուած կո­չե­րը՝ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն դռնե­րը բա­նա­լու հա­մար։ Վար­չա­պե­տը յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նը եր­բեք չէ փա­կուած։

Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ճա­նա­պար­հին կարգ մը շրջա­նակ­ներ կը դրսե­ւո­րեն ան­տար­բե­րու­թիւն։ Դժբախ­տա­բար ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուրդն ալ կը գտնուի նոյն ծի­րին մէջ։ Այդ նոյն շրջա­նակ­նե­րը չեն կրնար կա­սեց­նել Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաս­տա­նի ռմբա­կո­ծում­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ կը դառ­նան գաղ­թա­կա­նաց ա­լի­քի։ Այն շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք չեն կրնար կա­սեց­նել Ռու­սաս­տա­նը, Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին կոչ կ՚ուղ­ղեն, որ­պէս­զի բա­նայ իր սահ­ման­նե­րը։ Տա­վու­տօղ­լուի բնո­րոշ­մամբ սա կը հա­մա­րուի եր­կե­րե­սու­թիւն։ Թուր­քիա 2.6 մի­լիոն սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան կը հիւ­րըն­կա­լէ ներ­կա­յիս եւ այդ մա­սին ոե­ւէ մէ­կուն հա­ւա­նու­թիւ­նը չէ ստա­ցած։ Ներ­կա­յիս երկ­րի սահ­ման­նե­րուն մօտ հա­սած 60 հա­զար սու­րիա­ցի­նե­րուն ալ ա­մէն տե­սակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռուի սահ­մա­նին միւս կող­մը։ Այս բա­նը ը­նե­լու ժա­մա­նակ ալ Թուր­քիա ոե­ւէ մէ­կուն բան մը չէ հար­ցու­ցած։ «Մենք կ՚ըն­դու­նինք ա­նոնք, ո­րոնք գալ կը փա­փա­քին, սա­կայն մեր հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բար մը ստեղ­ծել Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Լա­խէ­յի իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա միշտ բաց պա­հած է իր Սու­րիոյ սահ­մա­նը, հա­կա­ռակ ամ­բողջ ծանր բե­ռին։ Բաց ե­ղած են Թուր­քիոյ սահ­մա­նը Սու­րիոյ հետ, սիր­տը, ճա­շը եւ տու­նը։ Ան մտա­հո­գու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հա­լէ­պէն դէ­պի Թուր­քիա հաս­նող մար­դա­սի­րա­կան լո­ժիս­թիք մի­ջանց­քի բար­բա­րոս ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ խցան­ման շուրջ։ Սո­վի հետ դէմ յան­դի­ման պի­տի մնան բազ­մա­թիւ սուիա­ցի­ներ, ո­րոնք Հա­լէ­պէն Թուր­քիա հաս­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չեն ու­նե­նար։ «Ա­նոնք, ո­րոնք չեն յար­գեր ի­րենց վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, խօս­քի ի­րա­ւունք չու­նին», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016