Յ. ՏԵՄԻՐՃԻԻՆ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ մեր համայնքի երէց սերունդի նորոգ հանգուցեալ անդամներէն Յակոբ Տեմիրճիի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ Յակոբ Տեմիրճի անցեալ շաբաթավերջին Էլմատաղի իր բնակարանին մէջ սահմռկեցուցիչ կողոպուտի մը հետեւանքով սպաննուած էր ոճրագործներու կողմէ։ Նոյն դէպքին ժամանակ վիրաւորուած էր իր 79-ամեայ կողակիցը՝ Սեդա Այտա Տեմիրճի։ Երէկ յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը ցաւ ի սիրտ համախմբուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ՝ վերջին հրաժեշտը տալու համար հանգուցեալ Յակոբ Տեմիրճիի, որ այնքան մեծ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր իր ընկերային շրջանակէն ներս։ 85-ամեայ Յակոբ Տեմիրճի, որ արժէքաւոր ոսկերիչ-արհեստաւոր մըն էր, դժբախտաբար աչքերը կեանքին փակեց՝ արհեստական պատճառով մը, տմարդի յարձակումի մը հետեւանքով. դառն ճակատագիր մը, որուն հետ հաշտուիլը անշուշտ անկարելի է իր այրիին եւ սիրելիներուն տեսանկիւնէն։ Երէկուան յուղարկաւորութեան յուզումնախառն արարողութեան ընթացքին բոլորը երկիւղածութեամբ իրենց խոնարհումը բերին նորոգ հանգուցեալ Յակոբ Տեմիրճիի բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Ան ունեցաւ այնպիսի վախճան մը, որ իսկապէս ցնցում եւ համատարած տխրութիւն պատճառեց մեր համայնքային շրջանակներուն։ Այդ յուզումով աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած իր հոգւոյն խաղաղութեան եւ յաւիտենական նինջի հանգստութեան համար։ Յուղարկաւորութեան աւարտին բոլորը անկեղծօրէն ցաւակցեցան իր այրիին, որուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց բարոյական զօրակցութիւնը։ Յուղարկաւորները միեւնոյն ժամանակ բերին իրենց անկեղծ վկայութիւնը, թէ լուսահոգի Յակոբ Տեմիրճիի բարի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ բոլորի յիշողութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Տեմիրճի ամոլի բնակարանին վրայ գործուած յարձակման եւ կատարուած կողոպուտին արձագանգները կը շարունակուին նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։ Հայաստանեան աղբիւրներն ալ լայնօրէն կ՚արձագանգեն, թէ ութ հոգիէ բաղկացեալ յանցագործներու խումբին մեծամասնութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներ կը հանդիսանան։ Անոնք ներկայիս ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ։ Շրջանառութեան մէջ են նաեւ լուրեր, ըստ որոնց, այս դէպքի ետեւը կանգնած է Տեմիրճիներու բնակարանի օգնականը։ Ան Հայաստանի իր ազգականներուն հետ կապ հաստատելով տեղեկացուցած է, թէ Տեմիրճի ամոլը բաւական հարուստ է։ Ուստի, զանոնք կանչած է Իսթանպուլ։ Յանցագործ խումբն ալ բնակարանի դուռը բանալով ներխուժած է այնտեղ եւ իրականացուցած՝ այս տմարդի արարքը։ Թրապզոնի մէջ ձերբակալուած կասկածեալները երէկ ոստիկանութեան կողմէ բերուեցան Իսթանպուլ։ Անոնց մօտ յայտնաբերուած է ժամացոյց մը եւ 20 հազար տոլար գումար։
Իրաւասուները տեղեկացուցին, թէ դատախազութիւնը բազմակողմանի հետաքննութեան մը ձեռնարկած է այս նիւթին շուրջ։ Ձերբակալեալները վաղը պիտի ներկայանան արդարադատական պատկան իշխանութիւններուն։