ԱԲԵՂԱԹՈՂԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր միաբանները Բարեկենդանի առթիւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Պատրիարքարանի սեղանատան մէջ։ Անոնք փափաքած էին վերակենդանացնել վանական հնամենի սովորութիւն մը՝ «Աբեղաթող»ը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ սարքուեցաւ այս սեղանը, որու շուրջ միաբանները հաճելի պահեր ապրեցան երգելով ու յիշատակներու վերյիշումով։ Անմիջական մթնոլորտի մէջ անոնք խօսեցան նաեւ եկեղեցական զանազան նիւթերու շուրջ։ Ընդհանուր Փոխանորդը հանդէս եկաւ հակիրճ ելոյթով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց միաբան հայրերու այս մէկտեղումին մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ Մեծ պահոց շրջանին առթիւ կարողութիւն մաղթեց միաբան հայրերուն։
Աբեղաթողը հայկական հնամենի վանական սովորութիւններէն մին է։ Բարեկենդանի առթիւ ժողովուրդը տօնախմբութիւններով, խրախճանքներով կ՚ապրի դրախտային երջանկութիւն։ Նոյնպէս վանքերէ ներս ալ անցեալի մէջ վանականները այդ օրը կը թուլցնէին խիստ կարգապահութիւնը ու վանականներ ի մի հաւաքուելով կը կազմակերպէին ուրախութեան պահեր։ Բոլոր աստիճաններէ վանականները հաւասար իրաւունքով կը մասնակցէին Աբեղաթողի տօնախմբութեան։ Կրտսեր միաբաններէն մին կը կոչուէր օրուան մեծաւորը։ Ըստ նոյն սովորութեան՝ Գումգաբուի մէջ ալ Աբեղաթողի օրուան պատրիարքը ընտրեցաւ կրտսերագոյն միաբանը՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։