ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր այսօր՝ Փետ­րուա­րի 12-ին,  հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Տու­պա­յիի հա­մաշ­խար­հա­յին կեդ­րո­նի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ:

Հա­մեր­գէն ա­ռաջ ա­րա­բա­կան The National-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Շարլ Ազ­նա­ւուր ը­սած է, որ իր արուես­տա­կան տա­ղան­դը զար­գա­ցած է ա­րուես­տա­սէր­նե­րու ըն­տա­նի­քի մէջ, որ չու­նէր շատ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ, սա­կայն հա­րուստ էր սի­րով ու հո­գա­տա­րու­թեամբ: «Ես շատ ու­րախ եմ, որ կեան­քիս մէջ գտած եմ կո­չումս, հան­դի­պած հե­տաքրք­րա­կան մար­դոց, ո­րոնք իմ մէջ խթա­նած են հե­տաքրք­րա­սի­րու­թիւ­նը», ը­սած է Շարլ Ազ­նա­ւուր:

Պար­բե­րա­կա­նը շեշ­տած է, որ ինն­սուն­մէկ տա­րե­կան Շարլ Ազ­նա­ւուր նկա­րա­հա­նուած է ար­դէն վաթ­սուն ֆիլ­մի մէջ, գրած՝ ա­ւե­լի քան հա­զար եր­կու­հա­րիւր երգ, կ՚եր­գէ ութ լե­զու­նե­րով եւ վա­ճա­ռած է ա­ւե­լի քան հա­րիւ­րութ­սուն մի­լիոն ձայ­նագ­րու­թիւն: «Իմ արուես­տիս հիմ­քը հայ­կա­կան մշա­կոյթն է, սա­կայն իմ սրտիս եւ իմ լե­զուիս եր­կի­րը Ֆրան­սան է: Յոյ­սով եմ, որ Հա­յաս­տան ի վեր­ջոյ կ՚ապ­րի խա­ղաղ, իր սահ­ման­նե­րուն հետ կա­պուած  բո­լոր խնդիր­նե­րը կը լու­ծուին», ը­սած է Շարլ Ազ­նա­ւուր:

1975 թուա­կա­նին, ան գրած է «Ա­նոնք ին­կան» եր­գը՝ նուի­րուած 1915-ի 60-ա­մեա­կին: 2008 թուա­կա­նին Ազ­նա­ւուր ստա­ցած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ նշա­նա­կուած՝ Զուի­ցե­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016