ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի երկ­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի՝ «Ար­տաքս­ման Կի­րա­կի»։ Այս երկ­րորդ Կի­րա­կիի օրհ­նու­թեան շա­րա­կա­նին մէջ կը նկա­րագ­րուին «կոր­սուած դրախ­տին կամ եղ­ծուած եր­ջա­նիկ կեան­քին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը»։­

Ուս­տի «ար­տաքս­ման» ի­մաս­տը լաւ ըմ-բըռ­նե­լու հա­մար պէտք է նախ հասկ­նանք, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ «Դրախտ»։

Դ­րախ­տը իր ներ­քին ի­մաս­տով մեր­ձի­մաստ է եր­ջան­կու­թեան։ Բայց եր­ջան­կու­թիւ­նը նոյն ձե­ւով չ՚ըմբռ­նուիր մար­դոց կող­մէ. ու­րիշ խօս­քով՝ եր­ջան­կու­թիւ­նը նոյ­նը չէ ա­մէն ան­հա­տի հա­մար։ Կա­րե­լի է ը­սել, թէ որ­քան ան­հատ կայ, նոյն­քան ալ տար­բեր ըմբռ­նում­ներ կան եր­ջան­կու­թեան մա­սին։ Լայն եւ ընդ­հա­նուր բա­ցատ­րու­թեամբ մը՝ փա­փաք­նե­րու, ըղ­ձանք­նե­րու, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու գո­հա­ցու­մը եւ ի­րա­կա­նա­ցումն է եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Բայց եւ դժբախ­-տա­բար այս սահ­մա­նու­մը շատ գո­հա­ցու­ցիչ չէ՛ եր­ջան­կու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին բա­ցատ­րե­լու, ի­մաս­տին մէջ խո­րա­նա­լու, քա­նի որ մարդկա­յին փա­փաք­ներ, ըղ­ձանք­ներ եւ ակն­կա­լու­թիւն­ներ փո­փո­խա­կան են եւ մա­նա­ւա՛նդ յա­րա­բե­րա­կան։ Եւ ե­թէ նոյ­նիսկ փո­փո­խա­կան եւ յա­րա­բե­րա­կան չըլ­լան ո­մանց հա­մար, յափ­րա­ցու­մը կու գայ եւ այ­լեւս ա­նոնք ալ եր­ջա­նիկ չեն զգար ի­րենք զի­րենք։

Ար­տաքս­ման այս Կի­րա­կի օ­րը, վեր­յի­շե­լով նա­խա­մարդն Ա­դա­մի դրախ­տէն ար­տաք­սու­մը, ա­նոր անհ­նա­զան­դու­թեան ու կամ­քի թու­լու­թեան պատ­ճա­ռած տկա­րու­թիւ­նը՝ կը նկա­տենք միան­գա­մայն պա­հե­ցո­ղու­թեան եւ ժուժ­կա­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ։

Եւ պա­հե­ցո­ղու­թեամբ՝ ժուժ­կալ ըլ­լալ փոր­ձե­լով մենք կը փոր­ձենք վե­րա­դառ­նալ Ա­դա­մի կորսն­ցու­ցած ե­րա­նա­կան կեան­քը։ Ա­հա­ւա­սիկ, քա­ռաս­նօ­րեայ պահ­քի շրջա­նը այս «վե­րա­դարձ»ի ա­ռի­թը կու տայ մե­զի՝ զօ­րա­նա­լով հո­գե­պէս, մէկ կողմ թող­լով կամ­քի թու­լու­թիւ­նը՝ որ պատ­ճառ ե­ղաւ Ա­դա­մին դրախ­տէն ար­տաք­սու­մին։

Ուս­տի այս քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նը պէտք է յատ­կա­պէս նուի­րուած ըլ­լայ ա­ղօթ­քի, ա­պաշ­խա­րու­թեան, ինք­նաքն­նու­թեան, ներ­հա­յե­ցու­թեան՝ ո­րոնք կը պա­հան­ջեն յատ­կա­պէս ինք­նամ­փո­փում թէ՛ մտա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս, ո­րոնց կը յա­ջոր­դէ մարմ­նա­պէս ժուժ­կա­լու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար։

Գի­տենք, որ դրախ­տի բո­լոր վա­յելք­նե­րը ու­նե­ցող նա­խա­մարդն Ա­դամ անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով մե­ղան­չեց եւ զրկուե­ցաւ ա­նոնց­մէ, եւ այդ պա­հէն ար­դէն սկսաւ մար­դուս տա­ռա­պան­քը երկ­րի վրայ։

Ի՞նչ բա­նի հե­տե­ւանք է անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը։

Անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը ար­դիւնքն է թոյլ կամ­քի, տկար նկա­րագ­րի. իսկ թոյլ կամ­քը եւ տկար նկա­րա­գի­րը կը զօ­րա­նայ՝ ժուժ­կա­լու­թեամբ, պա­հե­ցո­ղու­թեամբ՝ իր ընդ­հա­նուր ի­մաս­տով։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Մեծ պահ­քի ի­մաս­տը կ՚ամ­փո­փուի այս ի­րո­ղու­թեան վրայ։ Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը փորձ մը, վար­ժու­թիւն մըն է թոյլ կամ­քը ամ­րաց­նե­լու եւ տկար նկա­րա­գի­րը զօ­րաց­նե­լու։ Ար­դա­րեւ պա­հե­ցո­ղու­թեան մէջ կայ՝ համ­բե­րա­տա­րու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, կամ­քի ուժ, տո­կու­նու­թիւն, եւ ու­րեմն այն, որ կ՚ու­զէ հո­գե­պէս զօ­րա­նալ, կամ­քի տէր ըլ­լալ, կրնայ փոր­ձել օգ­տուիլ պա­հե­ցո­ղու­թե­նէ, հետզ­հե­տէ վար­ժու­թիւն ձեռք ձգե­լու հա­մար այս մա­սին։

Ու­րեմն պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, պահ­քը թէ՛ մարմ­նա­կան եւ թէ հո­գե­ւոր մար­զանք մը, վար­ժու­թիւն մըն է եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կ՚օգ­տա­գոր­ծուի նաեւ կրօն­քի կող­մէ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ պահ­քը սոսկ կրօ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ՛, այլ կրօն­քի կող­մէ ալ օգ­տա­գոր­ծուող ի­րո­ղու­թիւն մը։

Այս կը նշա­նա­կէ, որ պա­հե­ցո­ղու­թեան միայն կրօ­նա­կան նկա­րա­գիր մը վե­րագ­րել, միայն կրօ­նա­կան հան­գա­ման­քը նկա­տի առ­նել սխա՛լ է, քա­նի որ ան կրօն­քի ա­ռար­կա­նե­րէն, մի­ջոց­նե­րէն մին է՝ ո­րուն սկզբնա­ւո­րու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րէն կը բխի։

Եւ ե­թէ պահ­քի այս աչ­քով նա­յինք, ան շատ ա­ւե­լի հասկ­նա­լի եւ օգ­տա­գոր­ծե­լի կը դառ­նայ, ա­ւե­լի լա՜յն հա­տուած­նե­րու մէջ եւ լայն շրջա­նակ­նե­րու մօտ։

Ա­մէն մարդ, որ մե­ղա­ւոր է, պէ՛տք ու­նի զղջման եւ ա­մէն մե­ղա­ւոր պէ՛տք ու­նի ա­պաշ­խա­րու­թեան, ինչ­պէս ա­մէն տկար մարդ պա­հանջ­քը ու­նի զօ­րա­նա­լու, եւ ա­մէն թե­րի՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու։ Եւ կեան­քի մէջ ա­պաշ­խա­րու­թեան ինչ­պի­սի՜ ա­ռիթ­ներ կը ներ­կա­յա­նայ մար­դոց, եւ շատ ան­գամ կ՚ան­տե­սուին ա­նոնք պար­զա­պէս մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով, ինչ­պէս ու­րիշ ար­ժէք­ներ…։

Եւ քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջա­նը մար­դուս հա­մար անդ­րա­դար­ձի շրջան մըն է։ Բա­ցի պա­հե­ցո­ղու­թե­նէ, նաեւ անդ­րա­դար­ձի՛, որ մեղ­քե­րէ կա­րո­ղա­նայ ձեր­բա­զա­տուիլ եւ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը՝ որ­մէ ար­տաք­սուած էր, դար­ձեալ ձգտի իր կեան­քի ներ­կայ օ­րե­րուն։ Ու­րեմն «ար­տաքս­ման» եւ «ա­պաշ­խա­րու­թեան», «անհ­նա­զան­դու­թեան» եւ «պա­հե­ցո­ղու­թեան» մի­ջեւ զօ­րա­ւո՛ր կապ մը կայ, որ կը նսե­մաց­նէ մէ­կը՝ միւ­սին ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ուս­տի Ար­տաքս­ման Կի­րա­կի օ­րուան խոր­հուր­դը պի­տի մղէ մեզ դէ­պի փա­ռա­ւոր լոյ­սը, փայ­լը դառ­նա­լու մարդ­կու­թեան ա­րար­չու­թեան ա­ռա­ջին օ­րուան եւ ա­սոր հա­մար ալ պէտք է ո­ղոր­մած ըլ­լալ, գթա­սիրտ ըլ­լալ, չբամ­բա­սել, չհայ­հո­յել, ան­կեղծ ըլ­լալ եւ ա­մէն տե­սակ մո­լու­թիւն­նե­րէ հե­ռո՛ւ մնա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­նալ՝ որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք ար­ժա­նի ըլ­լալ այն հրա­շա­լի՜ վե­րա­դար­ձին հոն՝ ուր­կէ ար­տաք­սուե­ցան մեր նա­խա­հայրն ու նա­խա­մայ­րը։ Եւ ա­մէն մար­դու նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ այս՝ վե­րա­դառ­նալ իր երկ­նա­յին եր­ջա­նիկ ու ե­րա­նե­լի՜ կեան­քին։ Ո՜վ չ՚ու­զեր ե­րա­նե­լի՜ կեանք մը, քա­նի որ տա­ռա­պանք­նե­րով լե­ցուն է սա ժա­մա­նա­կա­ւոր աշ­խար­հը։ Այս ըլ­լա­լու է կեան­քին ի­մաս­տը…։

Ար­դա­րեւ ան­հա­տը՝ մա՛ր­դը ստեղ­ծուած է եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար եւ ո՛չ թէ տա­ռա­պե­լու, չար­չա­րուե­լու հա­մար, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ան­պայ­մա՛ն օր մը՝ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մէջ պի­տի եր­ջան­կա­նայ եւ պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր նա­խա­պէս ար­տաք­սուած եր­կի­րը՝ դրա՛խ­տը։ Սա­կայն, դժբախ­տա­բար մարդ ա­րա­րա­ծը իր ա­ւե­լորդ բաղ­ձանք­նե­րով եւ իր չա­փա­զանց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րով խան­գա­րած է իր եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Այ­սօր եւս, մարդ ա­ւե­լորդ եւ չա­փա­զանց զբա­ղում­նե­րու հո­սան­քին տա­րուե­լով՝ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ իր իսկ եր­ջան­կու­թեան, կը խա­փա­նէ եր­ջան­կու­թեան պայ­ման­նե­րը։ Սա ալ ը­սենք, որ այդ ա­ւե­լոր­դու­թիւն­նե­րը եւ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը հա­մա­զօր եւ մեր­ձի­մաստ են անհ­նա­զան­դու­թեան եւ պա­տուի­րա­նա­զան­ցու­թեան։

Իսկ պա­տուի­րա­նա­զան­ցու­թիւ­նը կամ օ­րի­նա­զան­ցու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ ա­զա­տու­թեան կո­րուստ, ստրուկ ըլ­լալ կիր­քե­րու եւ կա­խեալ մնալ մո­լու­թիւն­նե­րու։

Մարդ, դժբախ­տա­բար ո՛չ միայն պար­զու­թեան, չա­փա­ւո­րու­թեան ար­դար հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը մէկ­դի դրած է, այլ նաեւ չա­րա­չար գոր­ծա­ծած, շա­հա­գոր­ծած է իր աս­տուա­ծա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, աս­տուա­ծանման ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

Ար­դա­րեւ մարդ ո՛ր­քան հե­ռա­նայ ար­դա­րու­թեան ըմբռ­նու­մէն եւ ար­դա՛ր ըմբըռ-նու­մէն, այն­չափ նե­ղու­թիւն կը զգայ եւ այս զգա­ցու­մին յաղ­թե­լու հա­մար քա­րէ՜ քար կը զար­նէ ինք­զինք։ Արդ, դրախ­տի պատ­մու­թեան մէջ, Աս­տուած, ար­դա­րու­թեան միա՛կ անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, նոյն ինքն «բա­ցար­ձակ ար­դա­րու­թիւն»ը, յայտ­նուե­ցաւ նա­խա­մար­դոց, եւ ցո՛ր­չափ ա­նոնք ար­դա­րու­թեան կապուած էին ու կը տպա­ւո­րուէին ա­նոր լու­սե­ղէն ճա­ռա­գայթ­նե­րով՝ եր­ջա­նիկ էին եւ մարդ այ­սօր, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ եր­ջան­կու­թիւնն է որ կը փնտռէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016