Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովին, որ պիտի գումարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Ընդհանուր Փոխանորդը քաղաքս պիտի վերադառնայ Փետրուարի 23-ին։
Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016