ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՄԱՍԻՆ
Ղուկաս Աւետարանիչ, Յիսուսի տաճար ընծայումը սապէս կը բացատրէ. «Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է.- Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է։ Ինչպէս նաեւ Տիրոջ Օրէնքին համաձայն զոհ մատուցանելու զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։
«Այն ժամանակ Երուսաղէմի մէջ Սիմոն անունով մարդ մը կ՚ապրէր։ Սիմոն արդար եւ աստուածավախ էր եւ Իսրայէլի փրկութեան կը սպասէր։ Սուրբ Հոգին իրեն հետ էր եւ վստահեցուցած էր զինք՝ թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր։ Արդ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած անիկա տաճար գնաց։ Երբ ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, որպէսզի կատարեն այն ի՛նչ որ Օրէնքը կը պահանջէր մանուկին համար, Սիմոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհաբանեց զԱստուած, ըսելով.
«Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լո՛յս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու։
«Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանքով մտիկ կ՚ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ՚ըսէր մանուկին մասին։ Սիմոն օրհնեց զիրենք ալ, ապա մանուկին մօր՝ Մարիամին ըսաւ.
«Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ։ Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու սրտերուն խորհուրդները պիտի յայտնէ։ Գալով քեզի, քու ալ սրտէդ սո՛ւր մը պիտի անցնի։
«Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր։ Աննա բաւական յառաջացած տարիք ունէր, անիկա միա՛յն եօթը տարի ամուսնացած կեանք վարած էր եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր։ Տաճարէն չէր հեռացած, չէր հեռանար, այլ գիշեր ու ցերեկ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելով՝ զԱստուած կը պաշտէր։ Արդ, ի՛նք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկչին կը սպասէին» (ՂՈՒԿ. Բ 22-38)։
Եւ Օրէնքին պահանջքները կատարող Յովսէփ եւ Մարիամ վերադարձան Նազարէթ, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. «Երբ Յովսէփ ու Մարիամ Տիրոջ Օրէնքին պահանջքները կատարեցին, վերադարձան Գալիլեա, իրենց քաղաքը՝ Նազարէթ։ Հոն մանուկը մեծցաւ, զօրացաւ եւ իմաստութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուծոյ շնորհքը կար անոր վրայ» (ՂՈՒԿ. Բ 39-40)։
Ահաւասիկ, Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման վկայութիւնը ա՛յս է Ղուկաս Աւետարանիչին։
Ուստի Յիսուս Քրիսոտսի ծնունդէն (Յունուար 6) 40 օր յետոյ Անոր տաճարի մէջ Աստուծոյ նուիրուելու եւ կամ ընծայելու յիշատակի տօնն է Տեառնընդառաջը՝ որ կը կատարուի Փետրուար 14-ին։
Եւ քանի որ Ծնունդը անշարժ տօն է, ապա ուրեմն Տեառնընդառաջն ալ անշարժ տօն է եւ միշտ՝ Փետրուար 14-ին կը տօնուի։
Արդարեւ ծնելէն 40 օր յետոյ մանուկներուն տաճար տարուելու եւ Աստուծոյ նուիրուելու սովորութիւնը, թէեւ Մովսիսական Օրէնք, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ ալ ընդունուեցաւ եւ մնաց։ Ա՛յս է պատճառը՝ որ հայ մայրեր որդեծնութենէն յետոյ 40 օր կը հանգստանան տան մէջ, իսկ քառասունքի վերջին օրը, իրենց նորածին մանուկին հետ՝ զայն գրկած, կ՚երթան եկեղեցի եւ յատուկ արարողութեամբ զայն կը նուիրեն, կ՚ընծայեն Աստուծոյ։
Այս իմաստալից եւ գեղեցիկ արարողութիւնը կը կոչուի «քառասունք»։
Ուստի ջերմեռանդ մայրերը Տեառնընդառաջի այս տօնին՝ Փետրուար 14-ին իրենց փոքրիկ զաւակները, եթէ Սուրբ Ծննդեան տօնէն քիչ մը առաջ եւ կամ յետոյ ծնած են անոնք, կը տանին եկեղեցի՝ Յիսուս Մանուկի ընծայման յիշատակին հաղորդակից դարձնելու համար։ Հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ՝ որոնք գիտակից են իրենց քրիստոնէական հաւատի պատասխանատուութեան, հաւատարիմ՝ քրիստոնէական զգացումով լեցուած եւ մանաւանդ անկեղծ հաւատարութեամբ կը դիմեն եկեղեցի։ Եւ ո՜րքան գեղեցիկ երեւոյթ մըն է ասիկա՝ մաքուր հաւատի մը արտայայտութիւնը։ Մանուկները նուիրել Աստուծոյ եւ ապրիլ ու աճիլ, զարգանալ կրօնի սրբութեամբ. իրապէ՛ս գեղեցիկ եւ լուսաւոր երեւոյթ մըն է այս իրողութիւնը՝ որ տիպար մըն է՝ «հաւատի լոյսով լուսաւորուած հայ քրիստոնեայ ընտանիք»ի…։
«Տեառնընդառաջ» բառը ժողովրդական լեզուի մէջ, տեղ տեղ դարձած է «Տեառընտաս», «Տրընդեզ» ձեւերուն, նաեւ կ՚ըսուի. «Մելետ»։
Պատմական եւ ընկերային տեսակէտէ կը կարծուի, թէ հին տօնի մը՝ Միհրականութեան տեղը հաստատուած է Տեառնընդառաջը, քանի որ խարոյկ վառելու սովորութիւնը մնացած է, թէեւ Եկեղեցին այս սովորութիւնը փոխարինած է «մոմավառութեամբ» կամ «ջահավառութեամբ»։ Այնպէս որ այդ օրը Եկեղեցւոյ մէջ վառուած մոմերը տուն կը տարուին եւ այդ գիշեր տան ճրագը կամ լամբը այդ մոմին բոցով կը վառեն ու կը լուսաւորեն հաւատացեալները։
Արդարեւ մոմի լոյսը կը խորհրդանշէ մեր «հաւատքի լոյս»ը, որ Քրիստոսի գալստեամբ մեղքերու խաւարը եւ անհնազանդութիւնը վերացան եւ երկրի աստուածպաշտութեան լոյսը հաստատուեցաւ եւ բոլորս լուսաւորուեցանք Քրիստոսո՛վ։
Վերջապէս նշենք, որ «Սիմոն» կամ «Շմաւոն» կը նշանակէ՝ լսող եւ հնազանդող։ Այն՝ որ հաւատարմօրէն սպասեց Տիրոջ տաճար գալստեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 11, 2016, Իսթանպուլ