ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ ԴԱՏԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՊՐԻԼԻՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ պատրաստուած երկու ամբաստանագրերուն միացման զուգահեռ նոր դատավարութեան թուականն ալ ճշդուեցաւ։ Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանը աւարտեց մեղադրականներուն եւ համապատասխան թղթածրարներուն ուսումնասիրութիւնը։ Դատակազմը միացեալ երկու դատավարութիւններու առաջին նիստին համար որոշեց թուական մը։ Այսպէս, 19-21 Ապրիլին Չաղլայանի Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատի մեծ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դատական նիստը։
Դատակազմը որոշեց ձերբակալուած մեղադրեալներու պարագան պահել անփոփոխ։ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան զանազան բաժանմունքներէն ալ դատակազմը այս հանգրուանին կը պահանջէ փաստաթուղթեր, որոնց համար ուղարկուած են նամակներ։