ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­կող­մա­նի այս հեր­թա­կան տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թիֆ­լի­զի մէջ, այս Ուր­բաթ։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէիլ Ճա­նե­լի­ծէ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով Թիֆ­լի­զի մէջ ե­ռա­կող­մա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու ա­ռըն­թեր պի­տի ու­նե­նան երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Քննար­կում­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի ըլ­լան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցեր։

Սոյն ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Թիֆ­լիզ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի, Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­լի­քաշ­վի­լիի եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Ու­սու­պաշ­վի­լիի հետ։ Չա­վու­շօղ­լու ա­ռանձ­նազ­րոյց մը կ՚ու­նե­նայ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ճա­նե­լի­ծէի հետ եւ ա­ւե­լի վերջ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կը գլխա­ւո­րեն պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016