ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՆՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի զօրակցելու համար սուրիահայութեան։ Աշխարհի ամէն կողմ հայութիւնը կը փորձէ զօրակցիլ Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով դժոխային վիճակի մը մէջ յայտնուած հայութեան։ Այս շարժումէն անմասն չեն նաեւ պոլսահայերը։ Ինչպէս քաղաքիս մէջ աշխատանքներ կը տարուին Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած գաղթականներուն համար, այնպէս ալ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ հաստատուած պոլսահայերը կը փորձեն իրենց աջակցութեան բաժինը բերել սուրիահայութեան համար։
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով՝ տեղւոյն Պոլսահայ միութիւնը պիտի կազմակերպէ յատուկ դրամահաւաք մը եւ հանգանակուելիք գումարը պիտի յատկացնէ նոյն նպատակով նախատեսուած դրամահաւաք-թելեթոնին։ Սոյն հաւաքոյթը Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հաւաքատեղիին մէջ նախատեսուած է վաղը երեկոյեան։ Հարկ է նշել, որ վերոյիշեալ դրամահաւաք-թելեթոնի կազմակերպիչն է Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամը (SARF)։
Միւս կողմէ, Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը եւս ներկայիս շարժման անցած է օժանդակութիւն ցոյց տալու համար սուրիահայութեան։ Այս միութիւնը կը նախատեսէ 10 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել SARF-ին՝ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմէն տուժած հայորդիներու բժշկական խնամքը ապահովելու նպատակով։ Այս գումարն ալ պիտի յանձնուի SARF-ի կազմակերպած դրամահաւաք-թելեթոնի շրջագծով, որ կազմակերպուած է «Կեանք մը փրկել» կարգախօսով։
Աւելի քան վեց հարիւր անդամներ ունի Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը, որ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը կը հանդիսանայ Սփիւռքէն ներս։ Միութեան ատենապետը՝ Տքթ. Րաֆֆի Թաշճեան յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը յոյժ մտահոգիչ է եւ իրենք կը փափաքին իրենց կարողութիւններուն ներած չափով օգնութիւն փութացնել։