Ռուբէն Սեւակ. Սիրոյ ու Արդարութեան Մեծատաղանդ Երգիչը
Փետրուար 15-ը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անմահներէն Ռուբէն Սեւակի, որ կը հանդիսանայ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներու փաղանգին կրտսերագոյն արժանաւորը եւ, միանգամայն, բարձրորակ տաղանդաւորը։
Միայն երեսուն տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ եւ չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը։
Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշապատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։
Նաեւ բազմաշնորհ ու մեծ պատգամի տէր տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործութիւնները որքան զեղուն են յոյզերու խորհրդապաշտութեամբ եւ երաժշտականութեամբ, նոյնքան յագեցած են մտորումներու եւ խոկումի խորամոյն թելադրականութեամբ։
Աւելի՛ն. ազգային մեր ինքնութեան եւ էութեան, հայու մեր արժանիքներուն եւ թերութեանց առաքելաշունչ ճանաչումն ու անխառն պաշտամունքը ունեցող մտաւորականն էր Ռուբէն Սեւակ, որ միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող կոտորածներուն՝ Օգոստոս 1908-ին արթնացման ու զգաստացման պոռթկումն ու ահազանգը ուղղեց հայոց սերունդներուն։
Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառապանքը, ընդվզումն ու ցասումը։
Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905-ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։
Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած էր Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901-ին ընդունուած էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ ըլլալով 1905-ին՝ ղրկուեցաւ Լոզան, Զուիցերիա, տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Մինչեւ 1911 երկարած Լոզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լոզանի «Արմէնիա» ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Յատկապէս 1909-ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910-ին հրատարակուած իր «Կարմիր գիրքը» գործով։ «Ջարդի խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911-ին պատ-ւոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լոզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլին. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914-ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
1911-էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, Ռուբէն Սեւակ ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, ՀՅԴ-ի Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։
Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռուբէն Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց թէ՛ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, թէ՛ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, թէ՛ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց ալեկոծ յուզաշխարհը։ Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատականներու ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկ եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանքըրը, ուր նահատակութեան մէջ «ընկերակից» դարձաւ Դանիէլ Վարուժանին։
Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ