Քօղարկուող Բռնաբարումներ
Ներգաղթեալներու թղթածրարի այլ էջի մը անդրադարձած է Իվար Արփի: Անոր յօդուածին խորագիրն է.
«Միայն Գերմանիա չէ, որ կը քօղարկէ ներգաղթած այրերու զանգուածային սեռային յարձակումները… Շուէտի ցուցանիշը ամօթալի է»:
Իվար Արփի կը գրէ, որ Սթոքհոլմի ոստիկանութիւնը զգուշացուցած է չնկարագրելու յանցագործները, որպէսզի իրենք չամբաստանուին խտրականութեամբ: Օրեր տեւեց, մինչեւ որ ոստիկանութիւնը ընդունեց Ամանորի գիշերը Քէօլնի մէջ նշող կիներու վրայ կատարուած զանգուածային յարձակումներու տարողութիւնը: Գերմանացիները բախտաւոր էին. Շուէտի մէջ նման յարձակումներ տեղի կ՚ունենան աւելի քան տարիէ մը ի վեր, մինչ իշխանութիւնները տակաւին պահմտոցի կը խաղան: Միայն այժմ իրականութիւնը կը բացայայտուի՝ թէ՛ յարձակումներուն, թէ՛ քօղարկողներուն մասին:
Շուէտի Վարչապետ Սթեֆան Լովէն դատապարտեց կիներու հանդէպ դրսեւորուող «կրկնակի դաւաճանութիւնը» եւ հետաքննութիւն խոստացաւ: Բայց ան պէտք է հարցնէ հետեւեալը. ինչո՞ւ ոստիկանութիւնը նոյնիսկ ծածկեց ճշմարտութիւնը: Պատասխանը կրնայ յայտնաբերուիլ Քէօլնի յարձակումներու արձագանգին մէջ: Շուէտ հպարտ է իր սեռական հաւասարութեամբ եւ նոյնիսկ իգական սեռի արտաքին քաղաքականութեան ռահվիրայ է: Երբ կը հաղորդուի, որ հարիւրաւոր կիներ Քէօլնի մէջ սեռային բնոյթի յարձակումներու ենթարկուած են կազմակերպուած ամբոխի մը կողմէ, շուէտական քաղաքական ղեկավարներու, մտաւորականներու եւ լրագրողներու արձագանգը պէտք է զայրագին ըլլայ: Փոխարէնը՝ մեզի ըսուեցաւ, որ Քէօլնի դէպքերը արտառոց չէին: Շուէտի ամենէն տարածուած թերթին՝ «Աֆտոնպլատէթ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածով կը պնդուի, թէ խտրականութիւն է նշելը, որ Քէօլնի մէջ յանցագործները նկարագրուած են իբրեւ հիւսիսային ափրիկեցիներ եւ արաբներ, քանի որ գերմանացի այրեր սեռային յարձակումներ իրականացուցին փառատօնի ատեն: Վերջին շաբաթներուն յաճախ ըսուեցաւ, թէ իսկական խնդիրը մարդն է, ոչ թէ՝ որոշ մշակոյթ մը, եւ թէ՝ Շուէտի մարդիկ աւելի լաւ չեն: Այնուհետեւ անցեալ շաբաթ Շուէտի սեփական պատմութիւնները սկսան ի յայտ գալ: Երաժշտական փառատօնին ընթացքին երիտասարդ տղամարդոց բազմամարդ խումբերը սեռային բնոյթի ոտնձգութիւններով անհանգստացուցած են աղջիկներ: Ատիկա սկսած է 2014 թուականին եւ նաեւ տեղի ունեցած է նախորդ տարուան փառատօնին: Ամենէն կրտսեր զոհերը տասներկու տարեկան են:
Ըստ ոստիկանութեան, եղած են «յարաբերաբար փոքրաթիւ ոճիրներ եւ ձերբակալութիւններ՝ նկատի ունենալով մասնակցողներու թիւը»: Ոստիկանութիւնը, բաւական ցնցուած արարքներէն, փորձած է փառատօնին մէջ այդ խումբերը կարգի բերելու ռազմավարութիւն մը, որ փաստօրէն անյաջող եղած է: Խնդիրը այն է, որ ոստիկանները կը փորձեն լուծել հարց մը, որուն մասին չեն կրնար հրապարակաւ խօսիլ: Սթոքհոլմի ոստիկանապետը ըսաւ. «Երբեմն մենք չենք համարձակիր ըսելու, որ իսկապէս ի՛նչ են հարցերը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ատիկա պիտի շահագործեն Շուէտի ժողովրդավարականները»: Ինչպէս գիտենք, Սթոքհոլմի ոստիկաններուն հրահանգուած է չյայտնել յանցագործներուն ազգութիւնը, կամ քաղաքացիութիւնը, որպէսզի խտրականութեամբ չմեղադրուին: (…)
Ոստիկանները վարժուած են գինովներ զսպելու: Բայց երիտասարդ տղամարդոց հրոսակախումբեր, որոնք հանրային մեծ հաւաքներու ատեն կը շրջապատեն եւ կ՚անհանգստացնեն կիներ, ո՞վ երբեւէ լսած էր այդպիսի բան: Արաբական աշխարհի մէջ ատիկա երեւոյթ մըն է, որ ունի իր անունը՝ «թահառուշ ժամայիա»: Երիտասարդ տղոց հրոսակախումբեր երբեմն աղջիկները կը քաշքշեն, անոնց հագուստները կը պատռտեն, երբեմն ալ կը բռնաբարեն: Հինգ տարի առաջ այս ձեւի յարձակման մը նիւթով մրցանակ շահեցաւ եգիպտական շարժապատկեր մը՝ «678»: Երիտասարդ աղջիկներու դէմ այսպիսի յարձակումներու մասին հաղորդուած է Գահիրէի մէջ 2011-ին եւ 2012-ին տեղի ունեցած «Արաբական գարուն» ցոյցերու ամբողջ ընթացքին: Լարա Լոկան՝ «Սի.Էն.Էն.»ի հաղորդավարուհին, որ կը հետեւէր Հիւսնի Միւպարէքի տապալումին, բռնաբարուեցաւ Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին մէջ:
«Թահառուշ ժամայիա»ն ժամանակակից չարիք մըն է, որ սկսած է Եւրոպա փոխադրուիլ: Իշխանութիւնները պէտք է տեղեակ ըլլան:
Բայց անոնք չեն կրնար տեղեակ ըլլալ, երբ այսպիսի խնդրի յիշատակում չի քաջալերուիր, որուն պատճառով ոստիկանութիւնը պատրաստ չ՚ըլլար, իսկ հանրութիւնը ոչ միայն խոցելի, այլեւ՝ խաբուած: Կարելի չէ ըսել, թէ այսպիսի քանի՛ դէպքեր պատահած են, երբ Շուէտի ոստիկանութիւնը քաղաքական նկատառումներ հաշուի առած է՝ նախքան տեղեկութիւններ բացայայտելը: Արդեօք անոնք կը կարծեն, թէ ներգաղթեալներու յանցագործութեան մասին աղմկելը ասպարէզի վատ քա՞յլ մըն է, եւ արդեօք այդ մտածումը կանգնեցուցա՞ծ է զիրենք՝ կատարելու իրենց պարտականութիւնը: Մենք՝ շուէտցիներս, կը հպարտանանք կիներու իրաւունքները յարգելու մեր անզուգական մրցանիշով: Բայց երբ կիներու իրաւունքները կը բախին այլ մշակոյթներ տեղաւորելու նպատակին, ատկէ միշտ կիներն են, որոնք կը տուժեն:
Ճշմարտութիւնը կրնայ ցաւալի ըլլալ, ճշմարտութիւնը քօղարկելը վատագոյնն է:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ