ԽԱԼԱ՛Ս, ՀԱՆԴԱՐՏԷ՛...
ԽԱԼԱ՛Ս, ՀԱՆԴԱՐՏԷ՛...
Մեթրօն մտած էր Հելիոպոլսոյ արուարձանը ու Րոքսիէն, Փալմիրայէն եւ Պազիլիքայէն վերջ, Միյտան Իսմայիլիայի կայարանին առջեւ կանգ առած:
Իջայ, անցայ փողոցը եւ Սէյնթ Ճորճ՚զ Քոլէճ գացող ճամբան բռնեցի:
-Salut Garo...! լսեցի յանկարծ ձայն մը ետեւէս:
Նոր համազգեստ, նոր կօշիկ եւ պայուսակիս մէջ՝ նոր գիրքեր...
Հիմա քովս ամէն ինչ նոր էր...
Ունէի նոր դպրոց, միջավայր եւ ընկերներ, որոնք տարբեր էին հիներէն...
Ես սկսած էի արդէն օտար ջուրերու մէջ նաւարկել, բայց Գալուստեանի մէջ սորված մանկութեան խաղերս, երգերս եւ յուշերս, շիշի մը մէջ, մտքիս ծովու ալիքներուն վրայ դեռ վեր կ՚ելլէին ու վար կ՚իջնէին...
Ես չէի ուզած զատուիլ անոնցմէ:
Հին տետրակներս ու գիրքերս ալ պահած էի. անոնց մէջ, գիտէի, հին դպրոցէս ինծի շատ սիրելի դէմքեր եւ ձայներ մնացած էին տակաւին...
-Salut Garo...! լսեցի աւելի բարձր, դարձեալ նոյն ձայնը, եւ ետեւէս Ռիչըրտ Միլոշը մեծ քայլերով ինծի մօտեցաւ:
Կլոր գլուխով, խոշոր ոսկորներով բարձրահասակ Միլոշը, առաջին մէկ օրէն սաղաւարտով խաչակիր զինուորներու նմանցուցած էի մտքիս մէջ:
Միլոշին մայրը հայ էր, հայրը՝ եուկոսլաւիացի:
Բայց իր խոշոր ու լայն բացուած աչքերը հայկական չէին եւ մեր լեզուով չէին խօսեր իրենց նայողին...
Ես առաջին մէկ օրէն կռահած էի, որ իրենց տան մէջ ամէնօրեայ գործածական «հայերէն»ը ֆրանսերէնն էր :
Ուզեցի օգնել:
Սկիզբները փորձեցի «salut»ներուն «բարի լոյս»երով պատասխանել, սակայն շուտով նշմարեցի որ Միլոշին «salut»ները անփոփոխ կը մնային:
Ես դեռ քիչ մը եւս շարունակեցի «բարի լոյս»երս, սակայն շատ չանցած անոնք յոգնած՝ «salut Milosh»ներ դարձան...
Բայց ան ինծի համար հայ էր, աւելի ճիշդ՝ եուկոսլաւիացիի մականունով հայ, ու մտքիս մէջ ալ միշտ այդպէս մնաց:
Մենք դասարանին մէջ տարբեր ազգութիւններու պատկանող, թիւով տասնեօթ կամ տասնութ աշակերտներ էինք: Մեր մէջ կային յոյն, ղպտի, հայ, իտալացի, եգիպտացի եւ խառն ամուսնութիւններէ սերած ուրիշ ընկերներ: Հայերս, Միլոշն ալ հաշուելով, ընդհանուրին մէջ եօթ ընկերներ էինք: Բայց մեր ներկայութիւնը ուրիշներուն առջեւ շեշտուած չէր դասարանին մէջ: Գոնէ այդպէս կը զգայի ես այն օրերուն...
Միլոշը կը նստէր իտալացի Պրունոյին ետեւ, մեզի ոչ շատ մօտ: Նազարէթը՝ գառնուկի մազերով Պազըլին քով, Վրէժը դասարանին մէջտեղերը, Ճէքը ձախ կողմի գրասեղաններու շարքին ամենէն առջեւը, իսկ Աւետիսը, Սամուէլը եւ ես՝ դասարանին ետեւի պատուհանին մօտ: Հոն ցուրտ կ՚ընէր:
Ձմեռը սալայատակով ծածկուած դասարանին մէջ պատուհանէն մտած արեւը կռնակս հազիւ կը տաքցնէր...
Միլոշը, Վրէժ Արմէնը եւ Ճէք Չիրիկճեանը լաւ բարեկամներս էին:
Վրէժին հետ, Գալուստեան վարժարանի մանկապարտէզի օրերէս սկսեալ, նոյն դասարաններուն օդը եւ կաւիճներուն փոշին ծծած էինք տարիներ շարունակ…
Իր ընկերութիւնը մանկութեան օրերուս հին երգերէն երկարող թել մըն էր, որ հետը եկած ու Գալուստեանը Սէյնթ Ճորճ՚զին միացուցած էր:
Ճէքը Սէյնթ Ճորճ՚զի մէջ ճանչցայ, եւ առաջին մէկ օրէն լաւ բարեկամներ դարձանք:
Դպրոցը կը պատկանէր իրլանտացի ֆատըրներու:
Հոն կային Հիուզ, Մըրթա, Մելոտի եւ եթէ չեմ սխալիր Ճոն անունով ֆատըրներ, որոնք բոլորն ալ ընդհանրապէս անգլերէն լեզուի, գրականութեան, եւ կրօնքի դասաւանդութեամբ կը զբաղէին:
Քոլէճի շէնքին դիմաց, Սէյնթ Ճորճ՚զին պատկանող եկեղեցի մը կար, ուր դպրոցի քրիստոնեայ աշակերտները ամէն Չորեքշաբթի կամ Հինգշաբթի առաւօտ պարտաւոր էին շարք կազմած երթալու եւ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցելու...
Դպրոցին կողմէ եղած այս հարկադրանքը առաջին մէկ օրէն հաճելի չթուեցաւ ինծի: Ես շիտակ չէի տեսներ մեր վրայ դրուած, տարբեր դաւանանքի պատկանող եկեղեցի յաճախելու այս անիմաստ որոշումը:
Մահմետականները կամ ուրիշ կրօնքի պատկանող աշակերտները ազատ էին այդ պարտաւորութենէն, եւ հետեւաբար արտօնուած էին այն օրը աւելի ուշ գալու դպրոց:
Սկիզբները՝ ճարահատ, ես ալ միւսներուն հետ եկեղեցի գացի:
Ընկերներս խորանէն պարբերաբար լսուող զանգակներու զիլ ձայնին տակ, նստարաններու ետեւ ծունկի եկած կ՚աղօթէին...
Հոն անոնց հետ սորվեցայ անգլերէնով «Հայր մեր»ը եւ մինչեւ այն ատեն ինծի անծանօթ «Hail Mary»ն, «Gloria in Exelsis Deo»ն եւ ուրիշ աղօթքներ, որոնք իրերայաջորդ շաբաթներու մէջ շարունակ լսեցի ու իրենց հետ երգեցի...
Բայց սրտիս զարկերը անոնց եղանակներով չէին տրոփեր:
Ես կը խորհէի, որ մե՛նք ալ ունէինք մեր սուրբերը, երգուած ու ըսուած աղօթքները, մեր «Հայր մեր»ը, «Հաւատամք»ը, վանքերը եւ Առաքելական Սուրբ եկեղեցիները, որոնցմէ մէկուն մէջ ես նոյնիսկ տարիներով շարականներ ալ երգած էի Գահիրէի մէջ...
Հինգշաբթի առտու մը որոշեցի եկեղեցի չերթալ եւ մահմետական ընկերներուս պէս ուշ գացի դպրոց: Ընկերներս նոր դարձած էին եկեղեցիէն, եւ առաջին դասի պահը դեռ չէր սկսած :
Դարակիս մէջ օրուայ դասագիրքերս շարելով զբաղած էի, երբ Ճոզէֆ անունով պաղեստինցի դասընկեր մը գրասեղանիս մօտեցաւ եւ խիստ ու չոր ձայնով՝
-Այսօր ինչո՞ւ եկեղեցի չեկար,- հարցուց:
Վայրկենապէս արիւնը գլուխս խուժեց...
Ասոր ի՞նչ կ՚իյնայ ինձմէ հաշիւ պահանջել, եւ այս շեշտով խօսիլ հետս՝ անցաւ մտքէս...
Բայց նոր միջավայրի մէջ կը գտնուէի, չուզեցի կռուի դուռ բանալ: Փորձեցի պաղարիւն մնալ եւ անտարբեր ձեւով՝
-Հո՛ն էի, եկեղեցիին մէջ... պատասխանեցի:
-Ո՞ր եկեղեցիին մէջ, ե՞րբ... զարմացած հարցուց անունը կրճատուած ՃՕ կոչուող դասընկերս:
-Այս արդէն չափազանցում մըն էր...
Բարկացած՝ անմիջապէս ուզեցի ընթացքս փոխել, բայց դէմքէս դեռ հանդարտութիւն կեղծեցի եւ՝
-Հայկակա՛ն եկեղեցին, Կիրակի օրը... պատասխանեցի իր հարցումին:
Ճօն հասկցաւ հեգնանքիս իմաստը, եւ դէմքին գոյնը նետեց: Թերեւս լաւ կ՚ըլլար եթէ այդ վայրկեանին ես մոռնայի պատահածը, եւ աւելի չգրգռէի կացութիւնը:
Բայց ես չարացած էի եւ հիմա կռուի պատրաստ՝ չուզեցի քալած ճամբէս ետ դառնալ ու կեղծ հանդարտութիւնս շարունակելով՝
-Դեռ հոն շարականներ ալ երգեցի... աւեցուցի:
Ճօն ուզեց նոյն ձեւով պատասխանել հեգնանքիս:
-Ուրեմն եկեղեցի՞ ունիք, ես կը կարծէի թէ դուք ուրիշ տեղեր կ՚աղօթէիք... ըսաւ եւ առանց պատասխանի սպասելու եւ պարզապէս վիրաւորելու նպատակաւ՝
-Ձեր եկեղեցին մկրտութեան եւ կնունքի խորհուրդներ ունի՞,- հարցուց
-Մենք մկրտութիւն ունինք, կնունք ունինք եւ կաթողիկոս ալ ունինք,- աւելցուցի, դիտմամբ, իր հարցումէն դուրս...
Դէմքէն նշմարեցի որ մտքին մէջ անմիջապէս հարցում մը ծագեցաւ, բայց Ճօն խօսելու ժամանակ չունեցաւ: Դուռը յանկարծ բացուեցաւ եւ գիրուկ ֆատըր Մըրթան ներս գլտորեցաւ: Քիչ մը ուշացած էր: Աճապարանքով առանց պատուանդանի սեղանին ետեւ անցաւ եւ դասը սկսաւ: Կարճ, եւ բաց կապոյտ աչքերով, չորս ֆատըրներուն մէջէն ամենէն աշխոյժ եւ ամէն բանի հասնողն էր ան: Դպրոցի հայ աշակերտներուն մասին մեծ համարում ունէր, եւ միշտ գովասանքով կը խօսէր մեր մասին:
Սակայն այն օրը ես չկրցայ իր դասին վրայ կեդրոնանալ, եւ շարունակ Ճոյին կոպիտ վարմունքին մասին մտածեցի:
Ի՞նչ իրաւունքով վրաս իշխանութիւն ունենալ կը կարծէր: Ազատ կամքով, ես չէի ուզած օտար ծիսակատարութիւններու ներկայ գտնուիլ... Ի՞նչ սխալ կար ասոր մէջ, ինչո՞ւ հարցումներ ընել եւ հաշիւ պահանջել...
Ֆատըր Մըրթային դաս բացատրող ձայնը դասարանին մէջ ամէն կողմ տարածուած էր, սակայն ականջներուս անլսելի կը մնար եւ բաւական ժամանակ չկրցայ հետեւիլ դասին:
Բայց ատեն մը վերջ, մտքիս պահուըտած անկիւններէն պատուհան մը բացուեցաւ, եւ ես հօրս ձայնը կարծեցի լսել, որ այս տեսակ վայրկեաններուն երբ փորձէր բարկութիւնս թեթեւցնել՝
-Խալա՛ս՝ վերջացա՛ւ, ալ հանդարտէ՛... կ՚ըսէր:
Բայց հիմա ես բորբոքած էի...
Ինչպէ՞ս հանդարտէի, երբ տարիներով էութեանս մաս կազմող արժէքներս, հաւատալիքներս, նոյնիսկ համոզումներս ուրիշներու քով հարցական կը դառնային...
Ես բարկացած էի ու կը զգայի, որ Ճոյին եւ իմ միջեւ դեռ ամէն ինչ չէր վերջացած:
Դասապահը աւարտելէ քիչ առաջ Ճօն յանկարծ մատ բարձրացուց, եւ՝
-Իրա՞ւ է թէ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը եղած են,- հարցուց ֆատըրին:
Ես սառեցայ եւ չհաւատացի ականջներուս: Այս ի՞նչ էր. քիչ առաջուան ըսածներս իմ ներկայութեանս դատե՞լ պիտի ուզէր Ճօն... այս ի՞նչ համարձակութի՜ւն...
Իսկ ըրած հարցումն ալ աւելորդ էր եւ բնաւ կապ չունէր օրուան դասին հետ...
Բարկացայ եւ մտահոգուիլ սկսայ, մանաւանդ երբ մտածեցի, որ Ֆատըր Մըրթան հայ չըլլալով, կրնար թերեւս կատարելապէս տեղեակ չըլլալ ճշմարտութենէն:
Բայց բարեբախտաբար ան կը ճանչնար պատմական դէպքերը եւ արդարօրէն հաստատեց իրողութիւնը:
Ես ուրախացայ եւ անմիջապէս Ճոյին աչքերը փնտռեցի, բայց անոնք նախընտրեցին հեռուները նայիլ ու չհանդիպիլ նայուածքիս...
Սակայն կը զգայի, որ մենք դեռ ըսելիք ունէինք իրարու:
Զբօսանքին, բակի կրպակէն զովացուցիչ գնելու գացի: Առիթէն օգտուելով Ճօն քովս եկաւ եւ դասարանը սկսած վիճաբանութեան նիւթը դարձեալ բացաւ:
Ես Գալուստեանի կրօնի մեր ուսուցիչէն՝ Տէր Մեսրոպէն բոլոր սորվածներս, Նիկիոյ Տիեզերականէն մինչեւ Քաղկեդոնի ժողովը բացատրեցի, բայց անոնք ազդեցութիւն չունեցան: Բակին մէջի վիճաբանութիւնը արդէն տաքցած, գրեթէ սուր հանգամանք ստացած էր, երբ Ճօն երեւութապէս շատոնց միտքը տանջող հարցում մը շպրտելու ձեւով յանկարծ երեսիս նետեց...
-Ձեր կաթողիկոսը մեր պապին գերակայութիւնը կը ճանչնա՞յ...
Այս հարցումը նոր չէր եւ դարերու հնութիւն ունէր:
Օտարները մեր պատմութեան ամենէն նեղ վայրկեաններուն միշտ նոյն հարցումը կրկնած էին մեզի: Ես ալ իմ կարգիս, մեր հպարտ լեռներուն եւ քաջ պապերուն տուած պատասխանը կրկնեցի Ճոյին եւ բացատրեցի, թէ մենք կը յարգէինք քոյր եկեղեցիներու մեծերը եւ ծէսերը, սակայն մենք ինքնիշխան ժողովուրդ էինք եւ ունէինք մեր սեփական եկեղեցին ու կաթողիկոսը...
Ան գոհ չմնաց եւ ըսելիք չգտնելով, ձեռքով նախատական շարժում մը ըրաւ...
Ես մօտեցայ եւ ստամոքսին տրուած արագ հարուածով մը պատասխանեցի ըրած վիրաւորանքին: Ցաւէն կծկուած՝ Ճօն գնաց դասարաններու նրբանցքին մէջ Ֆատըր Մըրթան փնտռեց եւ գանգատեցաւ իմ մասին: Բայց երկնքի բաց գոյն աչքերով ֆատըրը չհաւատաց պատմածներուն...
-Ո՛չ, -ըսաւ,- Կարօն կռուազան չէ՛, նախայարձակ ալ չէ, եւ մինչեւ հիմա երբե՛ք չէ կռուած ընկերներուն հետ:
Ես խեղճուկ ձեւով մէկ կողմ կեցած, բնականաբար ժխտեցի ընկերոջս բոլո՛ր ըսածները: Ճօն ճարահատ եւ գլխիկոր բակ վերադարձաւ ու ձեռքերը ստամոքսին դրած՝ անկիւն մը քաշուած մնաց:
Չեմ գիտեր, թէ Չորեքշաբթի կամ Հինգշաբթի օրերուն, չորս ֆատըրներէն մէկը նշմարե՞ց եկեղեցիին մէջ բացակայութիւնս, սակայն ես շարունակեցի եկեղեցական արարողութիւններու առտուները ուշ դպրոց երթալ եւ մարդ բան չըսաւ:
Բայց ամէն անգամ եկեղեցիին առջեւէն անցնելուս, եւ երկու թել ալ մեր աղօթքներէն ըսելէս վերջ, ինծի այնպէս կը թուէր, որ հօրս տեղ այս անգամ կը լսէի Տէր Մեսրոպին ձայնը, որ կ՚ըսէր.
-Խալա՛ս, հանդարտէ՛, ալ վերջացաւ...:
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
25 Դեկտեմբեր, 2011
Քամփինաս, Պրազիլ