ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ ՀԱՅ
Նոր կեանքիս մէջ հանդիպեցայ նոր մարդկանց: Այս վերջինը սուրիացի արաբ տղամարդ մըն էր, Դամասկոսէն հասած էր Հոլանտա, աւելի ապահով շրջաններէ՝ քան ես:
Մեր խօսակցութեան հոսանքը առաւ տարաւ մեզ մեր ծննդավայրը, տրամադրութիւնները կամաց-կամաց բարձրացան, յիշեցինք նոյն սովորութիւնները, խաղաղ ու հանգիստ կեանքը...
Խանդավառուած խօսակցութենէ, կարօտի զգացումներս սկսան կրծել ու ճանկռտել հոգիս, ու ըսի. «Եթէ երկիրը խաղաղի՝ մէյ մը պիտի երթամ»: Ձայնիս մէջ ցաւ կար ու աչքերուս մէջ՝ արցունք:
Համզան բարձրաձայն խնդաց, ըսելով. «Քեզի կու տամ երաշխաւորութիւն. գնա, ծախէ տունս ու խանութս, դրամը բեր»:
Զարմացայ:
Ես որ հայ եմ ու արմատներս շատ հին չեն Սուրիոյ մէջ, ամուր կառչած մանուկ արմատիս, աջ ու ձախ կը զարնուիմ. իսկ ինք հազարաւոր տարուան իմաստուն ու ծերունի արմատը մէկ զարկով կտրեց նետեց:
Ո՞վ էր ճիշդը, ո՞վ սխալ՝ չգիտցայ:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Տեն-Հաակ, Փետրուար, 2016