ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ 95 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, SARF-ի այս նախաձեռնութեան սկզբնական հաւաքոյթին հանգանակուեցաւ 95 հազար ամերիկեան տոլար։ 

Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ կազմակերպուեցաւ մեկնարկային հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հայրեր, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հիւրեր։ Հանդիսավարն էր SARF-ի փոխ-ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ այս շաբաթավերջին կայանալիք բուն թելեթոնին կապակցութեամբ։ Իր կարգին, SARF-ի անդամ ու թելեթոնի յանձնախումբի պատասխանատու Վազգէն Մատէնլեան ներկայացուց գործնական աշխատանքները։ 

Հալէպէն Լոս Անճելըս մեկնած Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ բացատրութիւններ տուաւ սուրիահայութեան մղած գոյատեւման պայքարին շուրջ՝ օրհասական պայմաններու ներքեւ։ Ան նկարագրեց մանաւանդ Հալէպի հայոց դիմագրաւած ահն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի անապահով վիճակը։ 

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ հանդէս եկաւ խրախուսական խօսքերով եւ աղօթքով՝ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցելով այս սրբազան գործի բոլոր աշխատակիցներուն եւ մասնակիցներուն համար։ 

Ներկաները ունկնդրեցին նաեւ Յարութ Բամպուքճեանի երաժշտական կատարումներուն։ 

SARF-ի կազմակերպած նուիրահաւաքման արշաւի նախօրեակին, սոյն հաւաքոյթին ընթացքին արդէն հանգանակուեցաւ 95 հազար ամերիկեան տոլար, ինչ որ յուսադրիչ երեւոյթ մը կը համարուի ընդհանուր արդիւնքին տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016