ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Հայաստանի առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ միջոց մը առաջ վիրահատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, վերադարձաւ Երեւան։ 

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դիմաւորուեցաւ Հայ ազգային գոնկրէսի ներկայացուցիչներուն եւ համակիրներուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ իր տրամադրութիւնը բարձր էր։ Գոնկրէսի շրջանակներէն տեղեկացուցին, թէ ամէն ինչ ընթացած է ակնկալուածէն աւելի բարեյաջող, իսկ իրենք ոգեւորուած են թէ՛ արդիւնքներով եւ թէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վերադարձով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016