Մեսրոպ Մաշտոց (362-440). Հայոց Այբուբենին Եւ Գրաւոր Դպրութեան Հիմնադիր Սուրբը

«ՄԵՍՐՈ՜Պ, հայ դա­րե­րու
դի­մաց կե­ցող՝
Դուն ա­դա­ման­դեայ ա­պա­ռաժ,
Դուն, մա­նուկ­նե­րու մերկ
ու­ղե­ղէն
Մին­չեւ հան­ճա­րը ցոլ­քեր
ցա­նող,
Գի­տակ­ցու­թեանց ան­գիւտ
փա­րոս…»։

Փետ­րո­ւար 17-ին կ՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­յե­րէն գի­րեր պար­գե­ւած եւ Հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու ինք­նու­րոյ­նու­թեան գրա­ւոր հիմ­նա­քա­րը հաս­տա­տած Մեծ Վար­դա­պե­տին՝ հա­յոց այ­բու­բե­նի գիւ­տա­րար եւ հայ հո­գե­ւոր դպրու­թեան հիմ­նա­դիր Սուր­բին՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին: Կ՚ո­գե­կո­չենք՝ ա­նոր նուի­րո­ւած մեծն Սիա­ման­թո­յի վե­րե­ւի ո­գե­շունչ բնու­թագ­րու­մով։

Դա­րե­րը սրըն­թաց կը գու­մա­րուին ի­րա­րու վրայ, ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ ­կու գան ու կ՚եր­թան՝ ի­րենց հետ նաեւ ի­րենց ապ­րած «նոր» ժա­մա­նակ­նե­րը անշր­ջե­լիօ­րէն ան­ցեա­լին ու «հին»ին յանձ­նե­լով, բայց ա­մէն օր ծա­գող ու մայրմտ­նող ա­րե­ւին հետ Մես­րո­պեան Գիւ­տը կը վե­րա­նո­րո­գէ ու կը վե­րա­հաս­տա­տէ նոր միտք եւ խօսք ա­րա­րե­լու իր անս­պառ կեն-­սու­նա­կու­թիւ­նը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու եր­թը հու­նա­ւո­րե­լով եւ լու­սա­ւո­րե­լով։

Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կեանքն ու գոր­ծը ար­ժա­նա­ցած են վա­ւե­րագ­րա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու եւ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լուն գրա­կա­նու­թեան մը՝ գրուած թէ՛ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն, թէ՛ հե­տա­գայ մա­տե­նա­գիր­նե­րուն եւ թէ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու պատ­մա­գիր­նե­րուն կող­մէ։ Այդ հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան­ մէջ կ՚ա­ռանձ­նա­նայ կո­թո­ղա­կան գոր­ծը Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րէն Կո­րիւ­նի, որ իր «­Վարք Մաշ­տոց»ի եր­կով հի­մը դրաւ Մաշ­տո­ցա­գի­տու­թեան։ Նո­ւազ ար­ժէ­քա­ւոր չեն Մաշ­տո­ցի նո­ւի­րո­ւած Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի, Ղա­զար Փար­պե­ցիի, Մով­սէս Կա­ղան­կա­տո­ւա­ցիի եւ Կա­րա­պետ Սաս­նե­ցիի օ­րի­նա­կով մե­ծա­նուն մա­տե­նա­գիր­նե­րու ըն­դար­ձակ վկա­յու­թիւն­նե­րը։

Կի­սազ­նո­ւա­կան ծա­գում ու­նե­ցող Վար­դա­նի որ­դին էր Մես­րոպ Մաշ­տոց։ 362-ը ընդ­հան­րա­պէս ըն­դու­նուած է իբ­րեւ Մես­րո­պի ծննդեան թո­ւա­կան, բայց վա­ւե­րաց­ման կա­րօտ ո­րոշ աղ­բիւր­ներ 5 Ապ­րիլ 361-ը կը յի­շա­տա­կեն իբ­րեւ ճշգրիտ ծննդեան թո­ւա­կան։ Ծնած էր Տա­րօ­նի Հա­ցե­կաց գիւ­ղը եւ բնա­տուր ձիրք ցու­ցա­բե­րած էր լե­զու­նե­րու ի­մաց­ման եւ իւ­րաց­ման մէջ։ Հա­յե­րէ­նի կող­քին կը տի­րա­պե­տէր ա­սո­րե­րէ­նի, յու­նա­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի եւ վրա­ցե­րէ­նի։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, 385 թուին, գրա­գի­րի ու ա­տե­նադ­պի­րի պաշ­տօ­նին կո­չուած էր Ար­շա­կու­նեաց ար­քու­նի­քին մէջ, Վա­ղար­շա­պատ (Էջ­միա­ծին), Խոս­րով Գ.-ի օ­րով։

Աշ­խար­հա­կան ու պա­լա­տա­կան այդ ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, Մես­րոպ Մաշ­տոց ցա­ւով ու դառ­նու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան վտան­գո­ւած է եւ ի սպառ ձու­լու­մի վտան­գը օր­հա­սա­կան դար­ձած է։

Մա­նա­ւանդ որ նոյն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, 387 թո­ւին, Հա­յաս­տան բաժ­նո­ւե­ցաւ եր­կու­քի։ Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նը ին­կաւ Պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ եւ, Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը պահ­պա­նուե­լով հանդերձ, պարս­կե­րէնն ու պարս­կա­կան մշա­կոյ­թը սկսան ա­րա­գըն­թաց տա­րա­ծո­ւիլ հա­յե­րու մէջ։ Ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նը, որ Բիւ­զան­դիո­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ոչ միայն կորսն­ցուց թա­գա­ւո­րա­կան իր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ են­թար­կո­ւե­լով յու­նաց կայ­սեր, այ­լեւ ան­ջատուե­ցաւ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թե­նէն եւ ին­կաւ յոյն ե­պիս­կո­պո­սա­պետ­նե­րու տի­րա­կա­լու­թեան տակ։

Մես­րոպ Մաշ­տոց անդ­րա­դար­ձաւ, նաեւ, որ 301 թուին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան կրօն հռչա­կած Հա­յաս­տա­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը կորսնց­նէր ազ­գա­յին իր ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման ծա­ռա­յող կա­րե­ւո­րա­գոյն զէն­քը, որ ինք­նու­րոյն հա­ւատ­քին եւ սե­փա­կան մշա­կոյ­թին կառ­չած մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­յե­ցի՛ դի­մա­գիծն էր։ Հա­յը չու­նէր իր սե­փա­կան՝ հա­յե­րէն գի­րե­րը եւ ի վի­ճա­կի չէր իր հա­րա­զատ լե­զո­ւով՝ գրա­ւոր հա­ղոր­դուե­լու քրիս­տո­նէա­կան ուս­մուն­քին հետ, կամ՝ հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծե­լու եւ տա­րա­ծե­լու իր գրա­ւոր մշա­կոյ­թը։

Մես­րոպ Մաշ­տոց անձ­նա­տուր չե­ղաւ եւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած այդ ի­րա­վի­ճա­կին։ 395 թո­ւին հրա­ժեշտ տո­ւաւ աշ­խար­հա­կա­նի կեան­քին, ճգնա­ւո­րու­թեան դի­մեց եւ սկսաւ Հա­յաս­տան Աշ­խար­հով մէկ շրջիլ, հե­տե­ւորդ­ներ հա­ւա­քել իր շուրջ եւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ու­սու­ցա­նել՝ իբ­րեւ հա­յոց ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քի։

Հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լով՝ Մես­րոպ Մաշ­տոց ըստ էու­թեան կը զի­նո­ւո­րագ­րը-ւէր Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ տես­լա­կա­նին՝ հա­յոց ազ­գա­յին միաս­նու­թիւ­նը եւ պե­տա­կան ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու պայ­քա­րին։ Հա­յոց հա­ւատքն ու հայ մշա­կոյ­թը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ գրա­կան նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով հարս­տաց­նե­լու հո­գեմ­տա­ւոր պայ­քարն էր Մես­րո­պի ընտ­րած ու­ղին։ Բայց որ­քան ընդ­լայ­նեց հո­գե­ւոր վար­դա­պե­տի եւ հայ մշա­կոյ­թի ու­սուց­ման իր գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րը, այն­քան սուր կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ հայ գի­րե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ա­ռանց հա­յե­րէն տա­ռե­րու եւ գրա­ւոր դպրու­թեան, ան­յոյս էր հայ մար­դոց ա­սո­րե­րէ­նով կամ յու­նա­րէ­նով կեն­սա­գոր­ծուող քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը հա­յաց­նե­լը, ո՜ւր մնաց բազ­մա­դա­րեան հայ մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րը նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն սոր­վեց­նե­լը, ա­նոնց շուն­չով թրծե­լը…

Հրա­մա­յա­կան այդ մար­տահ­րա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու իր ա­մե­նա­յան­դուգն քայ­լը Մաշ­տոց նե­տեց, երբ օ­րուան Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին՝ Սա­հակ Պար­թե­ւին դի­մեց հա­յոց գրե­րու մշակ­ման եւ հայ գրա­ւոր դպրու­թեան ստեղծ­ման, յատ­կա­պէս քրիս­տո­նէա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րու գրա­ւոր հա­յաց­ման ա­ռա­ջար­կով։

Այդ­պէ՛ս, Սա­հակ Պար­թե­ւի մէջ Մես­րոպ Մաշ­տոց գտաւ ոչ միայն գա­ղա­փա­րա­կից ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր գոր­ծիչ մը, այ­լեւ՝ հա­յոց գրե­րու գիւ­տին հո­վա­նա­ւոր Կա­թո­ղի­կո­սը։

Հա­յոց Այ­բու­բե­նի 36 տա­ռե­րը հնա­րե­լու հա­մար Մաշ­տոց տա­րի­ներ ճգնե­ցաւ. ա­սո­րի եւ յոյն լե­զո­ւա­գէտ­նե­րու հետ մօ­տէն աշ­խա­տե­ցաւ, շատ բան սոր­վե­ցաւ ա­նոնց­մէ, բայց ինչ որ սոր­վե­ցաւ՝ նախ իր հա­յու ազ­գա­յին շա­ղա­խին պատ­շա­ճե­ցուց եւ յե­տոյ միայն գի­րե­րու վե­րա­ծեց։ 405 թո­ւին ար­դէն Մես­րոպ Մաշ­տոց սկսաւ իր յայտ­նա­գոր­ծած հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրա­ւոր մշա­կոյթ ստեղ­ծե­լու­՝ ա­ռա­ջին հեր­թին Սո­ղո­մոն Ի­մաս­տու­նի ա­ռակ­նե­րը թարգ­մա­նա­բար ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յե­րէն տա­ռե­րով։ Մաշ­տո­ցի նո­րաս­տեղծ հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրո­ւած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը ե­ղաւ՝

«­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ բանս հան­ճա­րոյ»։

­Հա­յոց գրե­րու գիւ­տին հե­տե­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր քա­րո­զի­չի, հայ բա­նաս­տեղ­ծի եւ ­մեծ ու­սու­ցի­չի շուրջ քա­ռաս­նա­մեայ ծա­ռա­յու­թիւն մը, որ Մես­րոպ Մաշ­տոց ա­նու­նը ոչ միայն ան­մա­հա­ցուց իբ­րեւ հա­յոց գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­դի­րի, այ­լեւ՝ սրբա­ցուց զայն եւ ար­ժա­նա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ա­զա­տագր­ման նա­հա­պե­տի դափ­նեպ­սա­կին։

Եւ ինչ­պէս Սիա­ման­թօ պի­տի ը­սէր ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ՝

­Դուն մե­ծա­թա­փանց նա­յո­ւածք­նե­րով ա­ռա­քեալ,

Դուն էիր որ զքեզ եր­գող ցեղդ այ­սօ­րո­ւան,

Հել­լէն­նե­րէն ե՛ւ հան­ճա­րեղ, ե՛ւ հրա­վառ,

Ու աշ­խար­հա­կալ մեծ Հ­­ռով­մի որ­դի­նե­րէն

Ու հրա­պաշտ Պար­սիկ­նե­րէն դրա­ցի,

Մայր-բար­բա­ռիդ հիմ­նա­քա­րո­վը յա­կինթ,

Հայ­կա­զու­նեաց մեր շա­ռա­ւիղն ա­զա­տե­ցի­ր…։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016