ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՄԱՀԱՑԱՒ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ցաւալի դէպքերը կը շարունակուին։ Երէկ, ժամը 13.00-ի սահմաններուն, Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մօտ, պահպանութեան տեղամասի մէջ հրացանով սպաննուեցաւ զինուոր մը՝ Դաւիթ Տէրտէրեան (1999)։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տակաւին ստուգուած չէ, թէ այս դէպքը ի՛նչ հանգամանքներու մէջ պատահած է։
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Դաւիթ Տէրտէրեանի մահուան կապակցութեամբ հրապարակեց ցաւակցական մը։ Այս առթիւ նախարարութիւնը վշտակցեցաւ Դաւիթ Տէրտէրեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն, որոնց նկատմամբ յայտնեց իր զօրակցութիւնը։