ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱ՞Յ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ Չա­վու­շօղ­լու նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լած էր Թիֆ­լիզ։ Իսկ ե­րէկ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ պի­տի գտնուէր Պա­քուի մէջ՝ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին առ­թիւ։ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով Էր­տո­ղան վեր­ջին պա­հուն յե­տաձ­գած էր իր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­քուի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր վե­րա­դար­ձած է Թիֆ­լիզ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի Պա­քուի մէջ վա­րած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը եւ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Ան ը­սաւ, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրին շուրջ Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կեն որ­դեգ­րել միեւ­նոյն մօ­տե­ցու­մը։ Մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ Ան­գա­րա կը գոր­ծէ Պա­քուի հետ հա­մա­տեղ։ Իր կար­գին, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով յոյս յայտ­նեց, թէ Պա­քու-Կարս եր­կա­թու­ղին շա­հա­գործ­ման պի­տի յանձ­նուի մին­չեւ այս տա­րե­վերջ։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այս շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քը շօ­շա­փած է օր մը ա­ռաջ Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւս։  

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Չա­վու­շօղ­լուի Պա­քուի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ւա­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեան պա­րա­գան՝ Սու­րիոյ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ տա­կա­ւին վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը չէ ըն­դու­նուած։ APA գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ը­սաւ. «Մենք ա­ռա­ջար­կու­թիւն ստա­ցած ենք միա­նա­լու հա­մա­խո­հու­թեան։ Տա­կա­ւին ո­րո­շում մը չէ ըն­դու­նուած։ Կը քննար­կուի, թէ ի՛նչ ձե­ւով Ատր­պէյ­ճան պի­տի կա­րե­նայ մաս­նակ­ցիլ հա­մա­խո­հու­թեան Սու­րիոյ մէջ»։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ Չա­վու­շօղ­լուի հետ քննար­կած են տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս այն ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մշա­կուած են եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։

Ակն­յայտ է, որ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին եւ ա­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Պա­քու սուր եր­կընտ­րանք­նե­րու դէմ յան­դի­ման մնա­լու ռիս­քեր կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ։ Այս­տեղ կայ նաեւ ու­րիշ նրբու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, Սու­րիոյ հա­մար ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան միա­նա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մէջ են Թուր­քիոյ, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ Քա­թա­րի նման եր­կիր­ներ, ո­րոնց բո­լորն ալ կը պատ­կա­նին սիւն­նի դա­ւա­նան­քի։ Իսկ Ատր­պէյ­ճան ար­դէն շիի դա­ւա­նան­քով եր­կիր­նե­րու շար­քին է եւ իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը այդ ա­ռու­մով կրնան զգայ­նու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նել նաեւ Ի­րա­նի մօտ. եր­կիր մը, ո­րու հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռանց այդ ալ հա­րիւր տո­կո­սով ներ­դաշ­նակ չեն։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016