ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Թուրքիա կ՚ապրի դժուարին օրեր։ Բարդ ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի երկիրը, մէկ կողմէ ցնցումներով, իսկ միւս կողմէ միասնական դիմադրութեան կամքով։ Անգարայի նախընթաց օրուան սահմռկեցուցիչ պայթումէն վերջ երկիրը արդէն կը սգայ տասն նոր նահատակները։ Երէկ, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ Լիճէի մէջ լարուած ծուղակին եւ ահաբեկիչներու հետ Իտիլի մէջ ծագած բախման հետեւանքով նահատակուած էին ութ զինուորներ եւ ոստիկաններ։ Իսկ այս առաւօտ ալ հաղորդուեցաւ, թէ Սուրի մէջ, Տիարպաքըր, զինուոր մը եւ ոստիկան մը նահատակուած են անվտանգութեան գործողութիւններուն շրջագծով։
Այս բոլոր ցաւալի իրադարձութիւնները անբացատրելի ցասում մը ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ։ Երկիրը մէկ կողմէ սուգ կը պահէ, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ միջազգային բեմահարթակի վրայ համոզիչ դարձնել իր թեզերը։ Անգարայի Հանրապետական աւագ դատախազ Հարուն Քոտալաք այս առաւօտ տեղեկացուց, թէ մայրաքաղաքի նախընթաց օրուան պայթումի դէպքը գրեթէ ամբողջութեամբ բացայայտուած է, իսկ համապատասխան յայտարարութիւնները պիտի կատարուին պետական աւագանիին կողմէ։ Արդէն երկու օրէ ի վեր պաշտօնական աղբիւրները եւ մամուլը կը տեղեկացնեն, թէ ՓՔՔ-ի եւ անոր Սուրիոյ շառաւիղին՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի գործն է պատահածը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուօղլու երէկ յայտնեց, թէ Անգարայի յարձակումը ուղղակիօրէն առընչութիւն ունի ԵՓԿ-ի հետ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիոյ դաշնակիցները այլեւս կը համոզուին, թէ ԵՓԿ ՓՔՔ-ի շառաւիղն է։ «Եթէ անոնք շարունակեն պաշտպանել ԵՓԿ-ն, ապա պիտի հարցաքննենք իրենց անկեղծութիւնը ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, թէ այդպիսի երկիրները դէմ յանդիման կը մնան Թուրքիոյ կողմէ բարեկամ դասուելէ դադրելու վտանգին։ Տավուտօղլուի խօսքերով, Թուրքիա պիտի փոխադարձէ ամենաճիշդ պահուն, ամենաճիշդ միջոցով ու ամենավճռական ձեւով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Սուրիոյ հիւսիսի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի եւ Թուրքիոյ ՓՔՔ-ի կապերուն ամրութեան մասին չէինք կրցած համոզել մեր բարեկամները։ Այս պայթումը առիթ պիտի ըլլայ, որպէսզի անոնք աւելի լաւ հասկնան»։ Էրտողան յիշեցուց, թէ 14 հոգի ձերբակալուած է արդէն։
Անգարայի ահաւոր պայթումէն վերջ, Թուրք զինեալ ուժերն ալ սաստիկ հարուածներ հասցուցին ՓՔՔ-ի դէմ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Պայթումէն հազիւ քանի մը ժամ վերջ F-16 ռազմաօդանաւերը գործողութիւններ իրականացուցին դէպի Հիւսիսային Իրաք ու ռմբակոծեցին Հաֆթանինի շրջանը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ գործողութիւնները իրականացուած են, երբ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան շարք մը պարագլուխներն ալ կը գտնուէին այնտեղ։ Ընդհանուր առմամբ շուրջ 70 ահաբեկիչ չէզոքացուած է Հաֆթանինի մէջ։
Միւս կողմէ, դիւանագիտական գետնի վրայ ալ Անգարայի նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին թափով։ Վարչապետ Տավուտօղլուի հրահանգով, երէկ, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներու՝ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Չինաստանի դեսպանները հրաւիրուեցան Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Բաց աստի նախարարութիւն հրաւիրուեցան նաեւ Գերմանիոյ եւ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի Հոլանտայի դեսպանը եւ ԵՄ-ի Թուրքիոյ առաքելութեան նախագահը։ Դեսպանները Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի կողմէ տեղեկութիւններ ստացան վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։
ԱՐԵԱՆ ԼԵԶՈՒՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ
Մինչ հզօր պայթում մը կը ցնցէր Անգարան, քաղաքական վերլուծումներու հարթակէն արագօրէն կը փոխադրուէինք իրական գետին: «Խելացի հեռախօս»ը արագօրէն կը բանէր ու տասնեակ բարեկամներ ու ընկերներ իրենց սրտակցութիւնը կը յայտնէին ու կը թելադրէին արագօրէն հեռանալ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի տարածքէն: Կեանքով եռացող քաղաքը, որուն լեփլեցուն փողոցներէն անցնելով գիշեր մը առաջ հասած էի ծանօթներուս բնակարանը, մէկ անգամէն կը դառնար ուրուականներու քաղաք: Փողոցները կը դառնային ամայի եւ տխուր: Դէպի Պոլիս տանող գլխաւոր «ԱՇԹԻ» կայարանին մեթրոն եւս լուռ եւ ծանր համաչափութեամբ մը կը շարունակէր իր երթը: Վերջին կայարանը, ուրկէ արդէն ճամբայ պիտի ելլէի դէպի Պոլիս, նոյնպէս կ՚ապրէր լեղի լռութիւն մը: Մարդիկ կարեկցանք մը, փարատող բառ մը կը փնտռէին ու իրարու երեսին նայելով հարց կու տային եղածին մասին:
Ու ապա աւելի ուշ, երբ ճամբայ կ՚իյնայի դէպի Պոլիս, ուղեւորներուն մեծ մասը գամուած կը մնար հեռատեսիլի պաստառներուն առջեւ՝ հետեւելու համար վերջին լուրերուն:
Տեղի ունեցածը ահաբեկչական պայթում մըն էր: Պայթումին հետեւանքով աստ ու անդ նետուած տասնեակ դիակներ պատերազմական վիճակի մը տպաւորութիւնը կու տային: Միջազգային լրահոսին առաջին լուրը կը դառնար Անգարայի պայթումը: Երկրի քաղաքական հիմնական կառոյցներու թաղամասին մօտ եղած այս ահաբեկչութիւնը աննախընթաց էր այն իմաստով, որ տեղի կ՚ունենար քաղաքական որոշումներու եւ քննարկումներու գլխաւոր կեդրոն եղող խորհրդարանի շէնքին մօտակայքը:
Յառաջադէմ մարդկութեան համար ահաբեկչութիւնը այսօրուան հիմնական խնդիրն է, ու անոր դէմ պայքարը դարձած է հիմնական օրակարգ:
Այս պատուհանէն պէտք է նայիլ Անգարայի պայթումին:
Ահաբեկչութիւնը ոչ մէկ խնդիր լուծելու ուժականութիւն ունի:
Ընդհակառակն՝ արեան կուտակումը, դարանակալ հարուածները եւ մութ ձեռքերով եղած բռնարարքները աւելիով կրնան բարդացնել իրադրութիւնը:
Ի վերջոյ ի՛նչ ալ ըլլան խնդիրները, պէտք է հասկնալ, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայ կեդրոնական կառավարութեան գոյութիւնը միակ խթանն է, ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Այս մասին գիտեն Ուաշինկթընի, Փարիզի, Լոնտոնի ու գիտեն նաեւ Մոսկուայի մէջ:
Սխալ գրաւներու վրայ դրուած մօտեցումները, արարքները, միջամտութիւնները կրնան միայն վնասաբեր ըլլալ այն ձեռքերուն, որոնք կոչուած են «տաք շագանակներ» հանել կրակին մէջէն:
Այս արարքները կարողութիւնը չունին առկայ հարցերը լուծելու, այլ աւելիով կրնան սեւցնել ընդհանուր տեսարանը: Թուրքիոյ սեղանին առկայ հիմնական խնդիրը՝ «քրդական հարց»ը կարելի է լուծել միմիայն երկխօսութեան ճանապարհով: Երկխօսութենէ հեռացումը, երկրի իրադրութիւնը այնքան պիտի բարդացնէ ու պիտի դարձնէ պայթուցիկ:
Միջազգային շրջանակներուն մօտ եւս չկան կողմեր, որոնք գրաւ կ՚ուզեն դնել զինուորական այլընտրանքներու կամ ահաբեկչութեան լեզուով խօսողներու վրայ:
Կը մնայ հասկնալ նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ եղած ընդհանուր իրավիճակը իր ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը կ՚ունենայ այս երկրին վրայ:
Այս բոլորը կան, սակայն կայ նաեւ պարտադրուած եւ մասամբ կարծրատիպ դարձած խնդիր մը, որուն մասին անպայման պէտք է շեշտ մը դնել:
Այդ խնդիրը ժողովուրդներու իրարու հետ ապրիլ չուզելու կամ ապրիլ չկարենալու անհիմն կարծրատիպն է, կամ աւելի հեռուն երթալով՝ Թուրքիոյ գոյութեան սպառնացող հաշուարկը։ Այս գաղափարին ետին կանգնողները չեն հասկցած, որ նման վարկածներ տեղ մը չեն կրնար տանիլ: Պարզ պատճառը այն, որ այս պետութեան հովանոցին տակ ապրող բոլոր տարրերը նոյնպէս կրնան յայտնուիլ ծանր դրութեան մը մէջ:
Այս մօտեցումէն դուրս բոլոր ճամբաները միայն կրնան չարիք ծնիլ ու այս ընդհանուր ուղեծիրին մէջ է նաեւ, որ ամէն գնով պէտք է դատապարտուի արեան լեզուով հարցերը սեղանին վրայ դնելու բոլոր մօտեցումները:
Որո՛նք ալ ըլլան այդ մօտեցումներուն հեղինակները, կամ որքա՛ն ալ ճնշուած անկիւններէ հասած ըլլան անոնք, կամ որքա՛ն ալ անարդարուած ըլլալու վարկածով շարժին, մերժելի են: Մերժելի է անոնց ահաբեկչութիւնը: Որովհետեւ արիւնով խնդիրներ լուծելու եղանակը միայն դէպի փակուղիներ կ՚առաջնորէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ