ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
Այսօրուան տուեալներով, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ մնացած են սոսկ տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարաններ, որոնք տակաւին անխոնջ կը գործեն հայ ազգի նորահաս սերունդի հայեցի սնման եւ ուսուցման աշխատանքներով: Հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն թիւերու նուազումով հայ համայնքը կ՚ակնկալէր շաբաթօրեայ վարժարաններու բազմացում, սակայն պարագան կը մնայ նոյնը, առանց որեւէ փոփոխութեան կամ առանց նոր ծրագիրներու առաջադրման: Յուսահատութեան մատնուածութեան կամ լքուածութեան նշոյլներ կը թուին ըլլալ մեր մէջ, հանդէպ հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման առաքելութեան, որոնք մեր հոգիներու խոր իրականութեան մէջ էին յետեղեռնեան տարիներուն, մինչեւ անոր 100-րդ տարելիցը: Կը բաւէ՞ր միթէ ոգեկոչել 100-րդ տարեդարձը մեծ շուքով, եւ ապրիլ անոր շուքին տակ յաջորդ հարիւր տարիներուն... առանց հայախօս սերունդներու:
Խօսքը կը վերաբերի Ամերիկայի հայաբնակ հա-մայնքներուն, ուր ափ մը շաբաթօրեայ հայ վարժարաններ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահելու յանուն հայ նոր սերունդի զաւակներու հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման, առանց դոյզն իսկ շահեկան ա-կընկալութեան, եւ առաւել եւս՝ անոր ջահակիրներու խորին եւ նուիրեալ զոհողութեան: Սոյն պարագան սակայն, սոսկ ամերիկեան ափերուն վրայ երեւացող պարագայ չէ թերեւս եւ կան նման պայմաններ եւ պարագաներ տարբեր աշխարհամասերու մէջ: Մենք, որպէս հայ ազգի զաւակներ, կը մտածե՞նք արդեօք մեր զաւակներուն յաջորդ տասնամեակներու ապագայով... որպէս հայ:
Շատեր առարկեցին հայ վարժարաններու թոշակներուն անմատչելիութիւնը իրենց եկամուտներուն առումով, եւ սակայն անոնք առարկեցին նաեւ շաբաթօրեայ վարժարաններուն տարեկան չնչին թոշակները, որոնք համաչափ չէին նոյնիսկ իրենց մէկ ընթրիքին կամ մէկ օրուան պտոյտի ծախսերուն: Հոյլ մը բազմատեսակ եւ երանգաւոր պատճառաբանութիւններու նորանոր տեսականիներ լսելի կը դառնային տարեմուտի արձանագրութիւններու ժամանակ, որոնք արժանի էին «չեմ»երու բառարաններուն:
Շաբաթը մէկ օր է ընդամէնը, Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ 13.00-ը: Մեր նորահաս սերունդի զաւակները արժանի չե՞ն միթէ պճեղիկ մը փոքր զոհողութեան իրենց ծնողներուն կողմէ, որքանով որ զբաղած ըլլան անոնք իրենց առօրեայ աշխատանքներով, մտահոգութիւններով կամ հաճոյքներով: Ակըն-կալուածը անշուշտ գոնէ մեր ունեցած ազգային հաւանականութիւններու պահպանումն է այս ժամանակաշրջանին, ուր տակաւին գոյութիւն ունին հայ լեզ-ւի սնուցանման խելագար ջահակիրներ, որոնք սրտաբուխ կ՚ընծայեն եւ կը փոխանցեն իրենց գիտելիքները մեր նոր սերունդին:
Ակնկալուածն է նաեւ նորանոր շաբաթօրեայ վար-ժարաններու բացում, որպէս մխիթարանք փակուած հայ վարժարաններու փոխարէն:
Ե՞րբ պիտի արթննան խոր թմբիրի մէջ մնացած հայազգիները թէ՝ արդէն կ՚ուղղուինք դէպի օտարացում եւ ձուլում:
Խմբագրական «Նոր Օր»ի
Լոս Անճելըս