ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԿԱՅԾԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԵՐԵՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի երեկոյ Անգարան ցնցած պայթումը բաւական կարեւոր հարցադրումներու դուռ բացաւ: Մայրաքաղաք Անգարան ցնցուած է բոլոր առումներով եւ այս անսպասելի պայթումին դիմաց երեւելի է նաեւ, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ վերջին տասն օրերուն եղած լարուածութիւնը կրնայ նոր հունի մը մէջ մտնել: Թուրքիոյ համար կարեւորագոյն օրակարգն է, որ քրդական ԵՓԿ-ի ջոկատները իրենց տիրապետութեան տակ չառնեն Թուրքիոյ հանդիպակաց Ազէզի հատուածը: Այս մասին ամենէն վառ յայտարարութիւնը ըրած է Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու, որուն հաւաստմամբ՝ Թուրքիա ամէն ճիգ պիտի գործադրէ, որպէսզի այդ շրջանին մէջ քրդական նոր «ամրոց» մը չկառուցուի: Գաղտնիք ալ չէ, որ հակառակ եղած բոլոր հերքումներուն, քրդական երկու ահաբեկչական խմբաւորումները՝ ՓՔՔ-ն եւ ԵՓԿ-ն, ամէն տեսակի գործակցութեան մէջ են: Ռուսական հովանաւորութեամբ կարեւոր դիրքեր վերցուցած ԵՓԿ-ն այսօր դարձած է կարեւոր գործօն մը սուրիական պատերազմի օրագրութեան մէջ: Թէպէտեւ յստակ ալ չէ, որ այդ գործօնը մինչեւ ո՛ւր կրնայ ծառայել Մոսկուայի շահերուն, սակայն յատկապէս այս վերջին հանգրուանին սուրիական բանակին եւ ահաբեկչական խմբաւորման միջեւ կայ սերտ համագործակցութիւն մը: Վերադառնալով Անգարան ցնցած պայթումին՝ կարեւոր է նաեւ շեշտադրել, որ պայթումէն ետք քրդական շրջանակներուն մօտ որոշ շփոթ մը երեւելի էր: Մինչ ՓՔՔ-ն կտրականապէս կը հերքէր պայթումին հետ որեւէ առընչութիւն ունենալը, անդին Թուրքիոյ վարչապետը կ՚ամբաստանէր Սուրիոյ մէջ գետին շահած ԵՓԿ-ն՝ նման ահաբեկչութիւն մը կատարելու համար: Այս տուեալներուն վրայ կ՚աւելնար այն կարեւոր տեղեկութիւնը ըստ որուն, պայթումը իրականացնող մահապարտը սուրիացի մըն էր ՝ Սալէհ Նաժժար անունով, որ Թուրքիա ժամանած էր Տարհա քաղաքի Ամուտա շրջանէն:
Պայթումին վայրը, բեմագրութիւնը, ձեւն ու ոճը կը մատնէին այն մասին, թէ եղած ահաբեկչութիւնը արդիւնք է բաւական երկար եւ ուսումնասիրուած աշխատանքի:
Քաղաքական սուր տարակարծութիւններու եւ երկխօսութեան ճիգերուն բացակայութեան հետ նման ոճրային պայթում մը կը միտի խաղաքարտերը խառնել: Մինչ սիւննի աշխարհը Ռիատի ղեկավարութեամբ կը շարունակէ հանդէս գալ բաւական անզիջող դիրքերով, անդին Արեւմուտքն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ սպասողական դիրքերէ մեկնելով զբաղած են Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու օրակարգով: Այս ծիրին մէջ դրական արդիւնքներ կը գրանցէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա, որուն դէպի պաշարուած շրջանները մարդասիրական օգնութիւններ փութացնելու ծրագրերը կը պսակուին յաջողութեամբ:
Գետնի վրայ ռուսական օդուժը նոյն ոճով կը շարունակէ կրակէ օղակի տակ պահել Հալէպի մերձ գտնուող զինեալ բոլոր խմբաւորումները, որոնք այս ծանր ճնշումներուն տակ կը հարուածեն Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջանները, որոնց կարգին նաեւ՝ հայկական թաղամասերը:
Պատերզամական գետնի վրայ Սուրիոյ իշխանութեանց մերձ եղող վերլուծական աղբիւրներ սկսած են յաճախակի կերպով խօսիլ Ռաքքայի ճակատամարտի մօտալուտ ըլլալուն մասին: «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) գլխաւոր կեդրոնատեղին համարուած Ռաքքան խմբաւորման համար դարձած է անհանգիստ վայր մը: Վերջին ամիսներուն ռուսական ծանր հարուածները յաջողած են Ռաքքայէն վերցնել մօտիկ անցեալին «ահաբեկիչներու դրախտ»ը ըլլալու բոլոր կարեւոր տուեալները: Ռաքքայի մասին եղած վերջին տեղեկութիւնները նաեւ կ՚ըսեն, որ ահաբեկիչները մտահոգ ըլլալով ընդհանուր իրավիճակով՝ կարելի եղածին չափ կը փորձեն իրենց շրջագայութիւնը նուազագոյնի իջեցնել: Ի դէպ, ասկէ շաբաթներ առաջ էր, որ համացանցային լրահոսին մէջ տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընէին ցայսօր Ռաքքա մնացող սուրիահայերու մասին: Հալէպ ապրող հայերը տարբեր աղբիւրներով անոնց հետ կապի մէջ ըլլալով նոյնպէս կը հաղորդեն, որ մեր հայերը ստիպուած կ՚ըլլան ծայրայեղականներուն ենթարկուիլ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ «շերիաթ»ի պարտադիր դասեր առնել: Արգիլուած է քաղաքին մէջ ազատ շրջագայութիւնը, իսկ իգական սեռի ներկայացուցիչներ պարտաւոր են իրենց թեւերը մինչեւ վերջ փակել: Ըստ վերջին տուեալներուն, Ռաքքայի մէջ կը շարունակեն ապրիլ շուրջ երեսուն հայեր, որոնց մէջ կարեւոր տոկոս կը կազմէ ինքնաշարժներ եւ կառքեր նորոգելու ունակութիւն ունեցող ունեցողներուն թիւը, որոնցմէ շատեր տակաւին իրենց մօտ կը պահեն իրենց ընտանիքները:
Վերադառնալով Ռաքքայի դէմ նոր ճակատ մը բանալու հնարաւորութեան՝ լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթը կը գրէ, որ սուրիական բանակի շուրջ տասնվեց հազար զինուորներ հասած են Աթրիպա-Խանասէր ճանապարհին մօտ եւ կը կարծուի, որ դէպի Ռաքքա յաջորդ ճակատումին գլխաւոր առանցքը պիտի դառնայ: Կան նաեւ լուրջ մտավախութիւններ, թէ ԻՇԻՊ փոխվրէժի սկզբունքով շարժելով կը փորձէ հակագրոհ մը ընել դէպի Հալէպի հիւսիսը գտնուող Ալ Նըպպոլ եւ Ալ Զահրա աւանները, որոնք ամբողջութեամբ շիի են եւ միայն վերջին շաբաթներուն անցան բանակին տիրապետութեան տակ:
Ամէն պարագայի եւ հակառակ անոր, որ Ռաքքայի ճակատամարտին մասին խօսակցութիւնները սկսած են դառնալ յաճախակի, պարզ է նաեւ, որ այդ գրոհին ճիշդ «թայմինկ»ը տակաւին յստակ չէ: Այդ ճակատումին ազդանշանը կրնայ տրուիլ միայն այն ատեն, երբ Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ անցնի սուրիական ուժերու տիրապետութեան տակ:
Սուրիական պատերազմի այս հանգրուանը նոր օղակումներու հանգրուան մըն է: Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու միջամտութիւնը բնական է, որ լարուածութիւն մը բերէր շրջան եւ տագնապին առանցքին եղող Ռիատ եւ Անգարա անհանգիստ աչքերով պիտի ընկալէին այս միջամտութիւնը: Ռուսական քաղաքականութեան համար Սուրիա անփոխարինելի տարածք է ու ատոր համար է նաեւ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները կը սրուէին: Մանաւանդ ռուսական կործանիչի խոցման դէպքէն ետք այդ յարաբերութիւնները փակուղի մտան: Ու հակառակ անոր, որ օդանաւի խնդիրը մինչեւ այս պահը տարբեր մակարդակի քննարկումներու նիւթ է, սակայն այս բոլորը կարեւոր չեն, որովհետեւ առկայ լարուածութիւնը եւ երկու տէրութիւններու ղեկավարներուն կողմէ հնչած փոխմեղադրանքները աւելի մեծ շրջանագիծ մը ստեղծեցին, քան ինքը օդանաւի խոցման դէպքը: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ կործանիչի դէպքէն ետք հնչած սպառնալիքները՝ ուղղուած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ մէկէ աւելի վերլուծողներ կը խօսէին քրդական գործօնի մը մասին, որուն աշխուժութեան դիմաց Թուրքիան կրնար ծանր վնասներ կրել:
Այսօր կը գտնուինք այդ հանգրուանին մէջ: Այս ըսել չէ, որ Մոսկուա անմիջական կապ մը ունի Թուրքիան ցնցող դէպքերուն հետ, բայց եւ այնպէս ահաբեկչական վարագոյրի ետին պահուած ծանր դէպքերն ու այդ դէպքերուն հեղինակները պիտի մնան անյայտին մէջ:
Սուրիոյ տագնապը իր սուր ճանկերը կ՚երկարէ եւ երեւելի կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ։ Բան մը, որ լուրջ սպառնալիք է ո՛չ միայն իշխանութիւններուն, այլ նաեւ կարեւոր փորձաքար Թուրքիոյ ընդհանուր խճանկարին: Արդեօք Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին բաղկացուցիչ տարրերը պիտի հասկնա՞ն այս սպառնալիքներուն խորութիւնը: Կամ արդեօք անոնք պատրա՞ստ են ներքին ամրութեամբ մը դէմ դնել երկրի անվտանգութեան դէմ բարձրացած այս ալիքին: Այս հարցադրումները բնականաբար ծագեցան Անգարայի պայթումէն անմիջապէս ետք ու այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ Թուրքիան յայտնուած է Սուրիոյ պատերազմին ամենէն վտանգաւոր յետցնցումային գօտին դառնալու վտանգին առջեւ: Շրջանին մէջ նոր հանգրուան մը կը բացուի ու այդ հանգրուանի կարեւորագոյն խաղացողները մինչեւ այս պահը Սուրիոյ տագնապի լուծման համար լուրջ ծրագիրներ չունին:
Հիմնական հարցադրումը հետեւեալն է, եթէ Սուրիոյ կացութեան այս պատկերը ձեռնտու է իրենց կամքը թելադրող գերուժերուն համար, ապա արդեօք Սուրիոյ տագնապին կրակները Թուրքիա փոխադրելը այսօր դարձած է ռազմավարական նոր մօտեցո՞ւմ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան