SARF-Ի ԿՈՂՄԷ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Լոս Անճելըսի մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) կողմէ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւի արդիւնքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 1.2 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, շրջանի «Հորիզոն» հեռուստակայանին միջոցաւ իրականացուեցաւ այս թելեթոնը, որու արդիւնքին «Կեանք մը փրկել» կարգախօսով կազմակերպուած նախաձեռնութեան ի նպաստ լուրջ զօրակցութիւն մը ապահովուեցաւ։
SARF-ի այս նուիրահաւաքման արշաւը տեւեց շուրջ վեց ժամ։ Նախօրեակին հոգեւոր իշխանութիւնները, ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւնները, անհատ գործիչները, կրթական եւ այլ բնոյթով հաստատութիւնները իրերայաջորդ կոչերով հանդէս եկած էին՝ այս աշխատանքի արդիւնաւորման նպատակով։