ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ապ­րուե­ցան մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով կա­պի մէջ էին ա­նընդ­հատ։ Ա­նոնք քա­նիցս խօ­սե­ցան ի­րա­րու հետ՝ Սու­րիա­յէ ներս ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման, բռնու­թիւն­նե­րու կա­սեց­մամբ ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը հա­մա­ձայ­նեց­նե­լու նպա­տա­կով։  Զու­գա­հե­ռա­բար մի­ջազ­գա­յին զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ հա­ղոր­դե­ցին, թէ Ժը­նե­ւի մէջ ռուս եւ ա­մե­րի­կեան կող­մե­րուն մի­ջեւ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րուած է Սու­րիոյ մէջ բռնու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ճոն Քե­րի ե­րէկ Յոր­դա­նա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ամ­մա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րէն վերջ հան­դէս ե­կաւ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, թէ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ պայ­մա­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հա­սած են՝ Սու­րիա­յէ ներս բա­խում­նե­րու դադ­րեց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Այ­սօր ա­ւե­լի մօտ ենք հրա­դա­դա­րի», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը, որ հա­ւա­նա­կան նկա­տեց յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ըստ Քե­րիի կը սպա­սուի նաեւ շատ կա­րե­ւոր տե­սակ­ցու­թեան մը՝ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ։ Դաշ­տի վրայ ալ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծած են լայն ար­ձա­գանգ։ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը նա­խա­պայ­ման կը հա­մա­րեն բա­խում­նե­րու բո­լոր շրջան­նե­րէն ներս նոյ­նա­ժա­մա­նակ կա­սե­ցուի­լը ու ե­րաշ­խիք­ներ կը պա­հան­ջեն այս ուղ­ղու­թեամբ։

Այս դրա­կան սպա­սում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ա­րիւ­նա­լի դէպ­քերն ալ շա­րու­նա­կուե­ցան Սու­րիոյ մէջ։ Դա­մաս­կո­սի եւ Հոմ­սի մէջ պա­տա­հե­ցան ա­հա­ւոր պայ­թում­ներ, ո­րոնց զոհ գնաց առ­նուազն 142 հո­գի։ Յար­ձա­կում­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նեց «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»  ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը։

Թուր­քիա եւս կը շա­րու­նա­կէ մօ­տէն հե­տե­ւիլ բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ Ան­գա­րա­յի վեր­ջին պայ­թու­մին պատ­ճա­ռած ցնցու­մին եւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կե­ցին փո­խան­ցել վճռա­կան պատ­գամ­ներ, ընդգ­ծե­ցին մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կից­նե­րէն առ­կայ սպա­սում­նե­րը ու քննա­դա­տե­ցին Ռու­սաս­տա­նը։ Էր­տո­ղա­նի եւ Օ­պա­մա­յի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ լոյս տե­սան մա­մու­լի մէջ։ Էր­տո­ղան Օ­պա­մա­յի նկա­տառ­ման յանձ­նած է, թէ ե­թէ Ռու­սաս­տան, Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­կար­գը եւ ՓԵՏ-ԵՓԿ հնա­զան­դին Միւ­նի­խի հա­մա­ձայ­նու­թեան, ա­պա Թուր­քիա կրնայ դադ­րեց­նել ռմբա­կո­ծում­նե­րը՝ դէ­պի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շար­քե­րը։

Էր­տո­ղա­նի բան­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լընն ալ նշեց, թէ այս պա­հու դրու­թեամբ խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ, որ Թուր­քիա ցա­մա­քէն զօրք մտցնէ Սու­րիոյ տա­րած­քը։

Տա­րած­քաշր­ջա­նի ազ­դու դե­րա­կա­տար­նե­րէն Ի­րանն ալ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու այ­ցե­լեց Թեհ­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հիւ­սէ­յին Տեհ­քա­նի կող­մէ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան կող­մե­րու ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ հար­ցեր։ Շոյ­կու յայ­տա­րա­րեց, թէ Մոս­կուա եւ Թեհ­րան տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ու­նին նոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, են­թա­կայ են նոյն սպառ­նա­լիք­նե­րուն, ո­րոնց կրնան դի­մադ­րել միայն միա­սին։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016