ԹՈՒՐՔԻԱ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՍԳԱՑ ՉՈՐՍ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Թուրքիա կը շարունակէ սաստիկ ու բազմակողմանի պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Շաբաթավերջին, դժբախտաբար, երկիրը ցնցուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՝ հերթական անգամ ապրելով խոր յուզում։ Սուրի մէջ, Տիարպաքըր, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցան զինուորներ՝ Ճոշքուն Քարապուլութ եւ Սերտար Աքըն։
Իտիլի մէջ նոյնպէս ահաբեկիչներու հետ պատահած բախումներուն ժամանակ նահատակուեցաւ Մուսթաֆա Ճան Քալֆէ։
Միւս կողմէ, անցեալ շաբթուան մէջ Տիարպաքըր-Լիճէ ճանապարհին վրայ ահաբեկիչներուն կողմէ զետեղուած ռումբին հետեւանքով վիրաւորուած ոստիկան զօրաց զինուորներէն Օղուզ Արսլանն ալ մահացաւ իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ։