«ԱՆՑԱՆԿԱԼԻ» ԹԵՄԱՆԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը տա­րի­ներ շա­րու­նակ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րուա­նի մէջ կը գտնուէր։ Այտ տա­րուան Յու­լիս 1-ին Ե­րեւա­նի «Ա­կա­նաթ» սրճա­րան-պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ««Ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րը հայ պատ­մագ­րու­թեան մէջ» նիւ­թին շուրջ դա­սա­խօ­սու­թե­նէս ետք, այս մէ­կը տե­սա­կէտ­ներս տպագ­րուած ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռա­ջին փորձն է։ Պի­տի ջա­նամ տե­սա­կա­նօ­րէն հա­մա­կար­գել անց­նող ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն կու­տա­կուած անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւնս՝ Պէյ­րու­թի, Ե­րե­ւա­նի (Մի­խա­յէլ Կոր­պա­չե­ւի այս­պէս կո­չուած վե­րա­կա­ռուց­ման շրջա­նին), Լոն­տո­նի ու Տիր­պոր­նի (Մի­չի­կըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ՝ իբ­րեւ սփիւռ­քա­հայ ան­հատ, իբրեւ պատ­մու­թեան մէջ մասնա­գի-տա­ցող ուսա­նող, իբ­րեւ նոյն դա­սա­նիւ­թի դա­սա­խօս եւ իբ­րեւ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին, եր­կու տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, հա­յա­գի­տա­կան եր­կու կեդ­րոն­նե­րու վա­րիչ։ Հե­տե­ւա­բար սոյն գրու­թեամբ կ՚անդ­րա­դառ­նամ կա­ցու­թեան այն­պէս ինչ­պէս զայն կը տես­նեմ մե­րօ­րեայ Սփիւռ­քին մէջ։ Յօ­դուա­ծիս վեր­ջին  բաժ­նով հպան­ցի­կօ­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նամ նաեւ խոր-հըր­դա­յին եւ յետ­խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի զու­գա­հեռ հան­գա­մանք­նե­րուն։ Ա­ւե­լի՛ն, ա­սի­կա տա­կա­ւին ըն­թա­ցող աշ­խա­տանք մըն է, եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի վե­րամ­շա­կուին այլ պատ­մա­բան­նե­րու, հա­յա­գի­տու­թեան այլ գի­տա­կար­գե­րու (discipline) փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ հայ­կա­կան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րով հե­տաքրք­ըրուող հան­րու­թեան հետ միտ­քե­րու փո­խա­նակ­ման շնոր­հիւ։

Հա­յու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը հպար­տա­նայ իր ազ­գի պատ­մու­թեամբ։ Ա­նոնց սոր­ված պատ­մու­թիւ­նը կ՚ընդգ­ծէ ի­րենց ազ­գի ան­ցեա­լի դրա­կանն ու հե­րո­սա­կա­նը։ Ըստ էու­թեան, հա­յոց պատմու­թեան ժա­մա­նակա­կից մեծ պատ­մու­մը (grand récit; metanarrative) շատ չի տար­բե­րիր յետ­գա­ղու­թա­յին շատ մը պե­տու­թիւն­նե­րու կամ ի­րենց սե­փա­կան ազ­գա­յին պե­տու­թիւ­նը ստեղ­ծե­լու ձգտող ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րու կող­մէ քա­րո­զուող ազ­գա­յին պատ­մու­թիւն­նե­րէն։ Ան կ՚ընդգծէ ազ­գի փա­ռա­ւոր ան­ցեա­լը, զոր ընդ­հա­տուած է ար­տա­քին ներ­խու­ժում­նե­րու, նուա­ճում­նե­րու եւ նա­խօ­րօք  բա­ցա­ռա­պէս հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րու մէջ օ­տար­նե­րու կող­մէ բնա­կեց­ման պատ­ճա­ռով։ Հա­յե­րու ազ­գա­յին զար­թօն­քը տե­ղի ու­նե­ցած է 19-րդ դա­րուն եւ կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Յա­մե­նայն­դէպս, հա­յու­թեան հա­մար ի­րենց երկ­րի ան­կա­խու­թեան տի­րա­նա­լը օ­տար­նե­րու դէմ պայ­քա­րի յա­ջող եզ­րա­փա­կու­մը չէր։ Ներ­կայ ան­կախ հայ­կա­կան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րը շատ ա­ւե­լի փոքր են քան ե­րա­զած պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քը (…)։

Հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ազ­դե­ցիկ վեր­նա­խա­ւե­րու շրջա­նա­կին մէջ գե­րիշ­խող է այն տե­սա­կէ­տը, որ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը դրա­կան ոսպ­նեա­կով ներ­կա­յաց­նե­լը անհ­րա­ժեշտ է դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար նոր հայ­րե­նա­սէր սե­րունդ­ներ, ո­րոնք որ­պէս ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­սակ կը նե­տեն Սփիւռ­քի հայ գա­ղութ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լող տար­բեր­ պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ: Այս վեր­նա­խա­ւե­րու նպա­տակն է մօտ ա­պա­գա­յին հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հե­ռու պա­հել ու­ծա­ցու­մէ (…)։

Բո­լոր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու (նե­րա­ռեալ՝ ազ­գե­րու) պատ­մու­թեան մէջ կան դրուագ­ներ, ո­րոնց մա­սին այդ խում­բի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րէ  բարձ­րա­ձայն չխօ­սիլ։ Այս յօ­դուա­ծին մէջ, սա­կայն, պի­տի կեդ­րո­նա­նամ  բա­ցա­ռա­պէս հա­յոց պատ­մու­թեան վրայ։ Տա­կա­ւին ամ­բող­ջու­թեամբ չեմ ո­րո­շած թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է կո­չել այն թե­մա­նե­րը, ո­րոնց­մէ սփիւռ­քա­հայ պատ­մա­բան­նե­րը գի­տակ­ցա­բար կը խու­սա­փին։ Ան­ցեալ քա­նի մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ ծա­նօթ­նե­րուս եւ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս հետ ու­նե­ցած ան­հա­տա­կան քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին, բազ­մա­թիւ եզ­րոյթ­ներ ա­ռա­ջար­կուած են՝ «դժուար», «չխրա­խու­սուող», «ան­ցան­կա­լի»։ Ճշգ­րիտ եզ­րի մա­սին վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան հար­ցը ձգե­լով ա­պա­գա­յին, հոս միայն կը փոր­ձեմ որ­քան հնա­րա­ւոր է նեղ ի­մաս­տով սահ­մա­նել ա­նոր ու­րուա­գի­ծե­րը:

Վստա­հա­բար, հայ պատ­մագ­րու­թեան ներ­կա­յի  բո­լոր  բա­ցե­րը չէ, որ կա­րե­լի է  բա­ցատ­րել ա­նոնց սուր քննար­կում­նե­րու դուռ  բա­նա­լու վտան­գի առ­կա­յու­թեամբ, կամ ա­նոնց հայ հա­մայն­քէն ներս ազ­դե­ցիկ խում­բե­րուն հա­մար ան­ցան­կա­լի ըլ­լա­լու հե­տե­ւան­քով։ Այս ճեղ­քե­րէն մէկ քա­նին պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով են, որ անհ­րա­ժեշտ սկզբնաղ­բիւր­նե­րը չեն պահ­պա­նուած։ Նուազ հա­մո­զիչ կ՚ըլ­լայ ե­թէ  բո­լոր թե­մա­նե­րը նոյն խո­րու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րել չկա­րե­նա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը վե­րագ­րուի միա՛յն ժա­մա­նա­կի կամ ֆի­նան­սա­ւոր­ման ան­բա­ւա­րա­րու­թեան։ Ի վեր­ջոյ, կա­րե­լի է դիւ­րու­թեամբ հա­կա­ռա­կը պնդել, թէ ո­րոշ թե­մա­նե­րուն՝ հաս­տա­տու­թիււն­նե­րու կամ ան­հատ հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րու կող­մէ նա­խա­պա­տուու­թիւն տա­լը յա­ճախ պայ­մա­նա­ւորուած է հա­մայն­քին մէջ իշ­խող քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան, գոր­ծա­րար կամ մտա­ւո­րա­կան վեր­նա­խա­ւե­րու նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով: Այս յօ­դուա­ծին մէջ պի­տի բա­ցա­յայ­տեմ այն թե­մա­նե­րը, ո­րոնց­մէ գե­րիշ­խող վեր­նա­խա­ւե­րը կը խու­սա­փին գի­տակ­ցա­բար՝ նոյ­նի՛սկ ե­թէ  բո­լոր անհ­րա­ժեշտ սկզբնաղ­բիւր­նե­րը եւ հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րը հա­սա­նե­լի են, եւ կը խու­սա­փին միա՛յն այն պատ­ճա­ռով, որ ա­նոնք կ՚են­թադ­րեն, թէ այս թե­մա­նե­րը հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լը կրնայ հա­յու­թեան կամ տուեալ հա­մայն­քին վրայ լայն ի­մաս­տով  բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել։ Ա­սոնք է, որ այս գրու­թեան մէջ կը կո­չեմ «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­ներ եւ փորձ­նա­կա­նօ­րէն զա­նոնք կը սահ­մա­նեմ հե­տե­ւեալ կեր­պով.- «ան­ցան­կա­լի» թե­ման այն աս­տի­ճան վի­ճա­յա­րոյց է, որ հան­րու­թեան մէջ գե­րակշ­ռող տար­րե­րը կը նա­խընտ­րեն այդ մա­սին քննար­կում­ներ չկա­տա­րել՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ այդ հար­ցին շուրջ լռե­լը կը նպաս­տէ ա­ւե­լի գե­րա­կայ նպա­տա­կի մը ի­րա­գործ­ման։ Հոս պի­տի չանդ­րա­դառ­նամ նաեւ այն խնդիր­նե­րուն, ո­րոնց շուրջ հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս մէ­կէ ա­ւե­լի, ի­րե­րա­մերժ, բայց ամ­րագ­րուած կար­ծիք­ներ կան եւ այդ տե­սա­կէտ­նե­րը շա­րու­նա­կա­բար եւ ա­զա­տօ­րէն կ՚ար­տա­յայտուին տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ։

«Ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու մա­սին ըս-փիւռ­­քեան տե­սան­կիւ­նը շատ հե­տաքրքրա­կան է, քա­նի որ այդ հա­մայնք­նե­րը հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան պե­տա­կան վար­չա­կար­գե­րուն ան­մի­ջա­կան դե­րը շատ փոքր է ո­րոշ հայ­կա­կան թե­մա­ներ «ան­ցան­կա­լի» դարձ­նե­լու հար­ցին մէջ։ Ա­նոնց «ան­ցան­կա­լի» ըլ­լա­լը գլխա­ւո­րա­բար կը յա­ռա­ջա­նայ հայ­կա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ։

Սփիւռ­քի մէջ ներ­կա­յիս գե­րիշ­խող վեր­նա­խա­ւե­րու շրջա­նա­կին մէջ «ան­ցան­կա­լի» հա­մա­րուող թե­մա­նե­րու եր­կար ցանկ մը կազ­մե­լու փո­խա­րէն՝ ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար կը գտնեմ հոս ներ­կա­յաց­նել հա­յոց պատ­մագ­րու­թեան մէջ ո­րոշ թե­մա­ներ «ան­ցան­կա­լի» դարձ­նող հա­մո­զում­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք դա­սա­կար­գե­լով չորս խում­բե­րու մէջ։

«Ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու ո­րոշ քա­նակ գո­յաց­նող ա­մե­նա­տա­րա­ծուած սկզբուն­քը առ­կայ այն փա­փաքն է, որ սփիւռ­քա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը հա­յե­րը ներ­կա­յաց­նէ դրա­կան, նոյ­նիսկ՝ գրե­թէ կա­տա­րեալ տես­քով։ Շատ քիչ են այն թե­րու­թիւն­նե­րը, որ սփիւռ­քա­հայ պատ­մա­բան­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ բա­ցէ ի բաց ներ­կա­յացուած են, կա՛մ ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք լաւ օ­րի­նակ­ներ չեն նկա­տուիր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար, կա՛մ ալ այն վա­խին պատ­ճա­ռով, թէ Հա­յաս­տա­նի թշնա­մի­նե­րը կրնան այդ թե­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել։ (Հա­յե­րը միա­միտ հա­մա­րե­լը ա­նո­րոշ տեղ ու­նի «ան­ցան­կա­լի» թե­րու­թիւն­նե­րու այս ցան­կին մէջ): Ընդ­հա­կա­ռակն, թե­րու­թիւն հա­մա­րուող յատ­կա­նիշ­նե­րը կամ այն ան­հատ­ներն ու դրուագ­նե­րը, ո­րոնք կրնան հա­յե­րը բա­ցա­սա­կա­նի լոյ­սին տակ ներ­կա­յաց­նել, սո­վո­րա­բար կ՚ան­տե­սուին կամ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ մաք­րազ­տուած կը ներ­կա­յա­ցուին։ Ըստ իս, սե­ռա­կան այ­լա­սեր­ման եւ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան հար­ցե­րը եւս այս շեր­տին կը պատ­կա­նին, քա­նի որ հայ ա­ւան­դա­կան ինք­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ի­տէա­լա­կա­նաց­նել ու ան­վի­ճե­լի դարձ­նել ըն­տա­նե­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան 19-րդ դա­րուն կազ­մա­ւո­րուած ըմբռ­նում­նե­րը։ Ժա­մա­նա­կին յայտ­նի եւ ար­գա­սա­բեր հայ­կա­կան ո­րոշ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ան­կու­մի ե­տին ին­կած գոր­ծօն­նե­րու վեր­լու­ծու­թիւ­նը եւս սո­վո­րա­բար կը շրջան­ցուի։

Այլ ցե­ղա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գու­թիւն­նե­րու հետ հա­յե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է դա­սա­կար­գել ա­ռան­ձին։ Քրիս­տո­նէու­թիւնն այժմ կը հա­մա­րուի հայ­կա­կան ինք­նու­թեան յե­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը։ Հա­յե­րը՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի այլ քրիս­տո­նեա­նե­րու նման, մշա­կու­թա­յին ա­ռու­մով ի­րենց մօտ կը զգան ժա­մա­նա­կա­կից Եւ­րո­պա­ն եւ գե­րա­դաս՝ տա­րած­քաշրջա­նի ոչ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն։ Ման­րա­մաս­նել այն դէպ­քերն ու հան­գա­մանք­նե­րը, երբ հա­յե­րը սոր­ված են այլ քրիս­տո­նեայ, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ եւ­րո­պա­կան մշա­կոյթ­նե­րէն, ըն­դու­նուած մօ­տե­ցում մըն է սփիւռ­քա­հայ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մագ­րու­թեան մէջ։ Միա­ժա­մա­նակ, սփիւռ­քա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը հա­յե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ գե­րա­դաս ի­րենց պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քին դրա­ցի հինգ ազ­գու­թիւն­նե­րէն՝ կեան­քի գրե­թէ  բո­լոր  բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։ Հա­ւա­քա­կան  բռնու­թեան պա­րա­գա­յին սո­վո­րաբար յան­ցա­ւոր կը նկատուին դրա­ցի­նե­րը, եւ այն դրուագ­նե­րը, ուր հա­յե­րը զո­հերն են, սո­վո­րա­բար լաւ ու­սում­նա­սի­րուած են։ Գլխա­ւո­րա­բար ան­ցեալ քա­նի մը դա­րե­րու ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան  բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով, հա­յե­րու կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի հա­զուա­դէպ են: Յա­մե­նայն­դէպս, նոյ­նիսկ այս հա­տու­կենտ օ­րի­նակ­նե­րը սո­վո­րա­բար կը մեկ­նա­բա­նուին որ­պէս ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն։ Հա­յոց պատ­մու­թեան այս­պի­սի մեկ­նա­բա­նու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւնն այն է, որ հա­յե­րը միշտ ալ ե­ղած են ար­դար ու խա­ղաղ (ինչ­պէս վե­րը նշուե­ցաւ), սա­կայն, դժբախ­տա­բար, գրե­թէ  բո­լոր կող­մե­րէն շրջա­պա­տուած ե­ղած են նուազ զար­գա­ցած (յե­տամ­նաց) ու վտան­գա­ւոր դրա­ցի­նե­րով։ Ա­րեւ­մուտ­քէն փո­խա­ռու­թիւն­նե­րու մա­սին յա­տուկ թե­մա­նե­րը սփիւռ­քա­հայ պատ­մա­բան­նե­րու հա­մար ան­հե­տաքրք­րա­կան կը դառ­նան, երբ վեր­ջին­ներս հնա­րա­ւո­րու­թիւն չեն ու­նե­նար պնդե­լու, թէ այդ նո­րու­թիւնն ըն­դու­նե­լու հար­ցին մէջ հա­յե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ ա­ռա­ջի­նը ե­ղած են։ Միա­ժա­մա­նակ, հա­յե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րուած  բռնու­թեան ո­րե­ւէ գոր­ծո­ղու­թիւն կը շրջան­ցուի, ե­թէ զայն կա­րե­լի չէ ար­դա­րաց­նել որ­պէս ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն։

Այս եր­կու հիմ­նա­կան հա­մո­զում­նե­րը ճիշդ են նաեւ հայ­րե­նի­քի մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող հայ պատ­մա­բան­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Սա­կայն հոս ներ­կա­յա­ցուող դա­սա­կարգ­ման մնա­ցեալ եր­կու շեր­տե­րը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­ւե­լի  բնո­րոշ են ժա­մա­նա­կա­կից Սփիւռ­քին։

Ա­ռա­ջար­կած դա­սա­կարգ­մանս եր­րորդ շեր­տը կը վե­րա­բե­րի հայ­կա­կան Սփիւռ­քի  բազ­մա­թիւ հա­մայնք­նե­րու կող­մէ զի­րենք հիւ­րըն­կա­լող հա­մա­պա­տաս­խան հա­մայնք­նե­րուն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րուող այն հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րուն, ո­րոնց հա­մա­ձայն հիւ­րըն­կալ­նե­րուն ու հա­յոց շա­հե­րը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ ներ­դաշ­նա­կ ե­ղած են։ Այս շրջա­գի­ծին մէջ չզե­տե­ղուող ան­ցեա­լէն ո­րե­ւէ դէպք մէկ­դի կը դրուի։ Ինչ­պէս կը սպա­սուէր, այս շեր­տին մէջ դա­սա­կար­գուող «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րը սփիւռ­քա­հայ մէկ հա­մայն­քէն միւ­սը անց­նե­լու ժա­մա­նակ փո­փո­խու­թեան կ՚են­թարկուին՝ նկա­տի առ­նե­լով այն փաս­տը, որ հա­յե­րը կ՚ապ­րին ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ՝ սփռուած տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, նե­րա­ռեալ՝ այն­պի­սի պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քին, ո­րոնք կրնան ի­րա­րու թշնա­մի ըլ­լալ։ Լաւ օ­րի­նակ մըն է այն, որ հա­յե­րը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ կը փոր­ձեն Առաջին աշ­խար­հա­մար­տի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը  բա­ցատ­րել Երկրորդ աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ հրեա­նե­րու Ող­ջա­կիզ­ման (Հո­լո­քոսթ) հետ  բաղ­դա­տե­լով։ Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ ապ­րող հա­յե­րը, սա­կայն, որ­քան կա­րե­լի է կը խու­սա­փին այս հա­մե­մա­տու­թե­նէն՝ հա­յե­րու եւ հրեա­նե­րու մի­ջեւ հե­ռա­ւո­րու­թիւն պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով։ Ա­տոր փո­խա­րէն, նոյ­նիսկ հա­մեստ ջան­քեր գոր­ծադրուած են հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը  բաղ­դա­տե­լու 1948 թուականին եւ ան­կէ ետք կա­տա­րուած պա­ղես­տին­ցի ա­րաբ­նե­րու հայ­րե­նազրկ­ման հետ։

Դա­սա­կարգ­ման չոր­րորդ եւ վեր­ջին շեր­տը հայ­կա­կան Սփիւռ­քի վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն - յատ­կա­պէս՝ 1960-ա­կան­նե­րէն սկսեալ - միջ­հա­մայն­քա­յին ու միջ­կու­սակ­ցա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն ար­դիւնքն է։ Հա­յե­րը ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան հրա­ւի­րող կո­չե­րը ե­ղած են հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հաս­տա­տուն բա­ղադ­րիչ­նե­րէն։ Յա­ճախ կը պնդեն, որ հա­յե­րը յաղ­թա­կան պի­տի ըլ­լա­յին ե­թէ մաս­նա­տուած չըլ­լա­յին։ Յա­մե­նայնդէպս, հայ­կա­կան ե­րեք յա­րա­ն-ւա­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան դա­սա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­ներն ու մրցակ­ցու­թիւ­նը ակն­յայտ ե­ղած են ան­ցեա­լին՝ մին­չեւ որ յա­րա­բե­րա­կա­նօ­րէն վեր­ջերս եւ եր­կու պա­րա­գա­յին ալ նա­խա­պէս մրցակ­ցող վեր­նա­խա­ւե­րու ներ­սը ո­րոշ փոխ­հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յաց­նե­լու տրա­մադ­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ։ Այս­պէ­սով, ան­ցեա­լին կրօ­նա­կան-հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ զա­նա­զան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու բազ­մա­թիւ դրուագ­ներ դար­ձան «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­ներ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կը յի­շեց­նեն ներ­հայ­կա­կան լա­րու­մին հին ժա­մա­նակ­նե­րը եւ կրնան հին բայց ակն­յայ­տօ­րէն չսպիա­ցած վէր­քեր վե­րա­բա­նալ: Ա­ւե­լի՛ն, իւ­րա­քան­չիւր կրօ­նա­կան կա­ռոյ­ցի կամ քա­ղա­քա­կան խմբակ­ցու­թեան հե­րոս­նե­րը եւ պատ­մու­թեան աս­տե­ղա­յին դրուագ­նե­րը քննար­կե­լը դար­ձած է «ա­ռանձ­նա­յա­տուկ», կամ ինչ­պէս ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րը կ՚ը­սեն՝ մաս­նա­ւո­րե­ցուած։ Նա­խա­պէս «հա­կա­ռա­կորդ» նկա­տուող դա­ւա­նանք­ներն ու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս դադ­րե­ցու­ցած են բա­ցէ ի բաց վի­ճար­կել ի­րենց մըր-ցա­կից­նե­րուն սի­րե­լի ան­հատ­նե­րու եւ պատ­մա­կան փա­ռա­ւոր դրուագ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ «հա­կա­ռակ կող­մին» ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­ցար­ձա­կա­պէս դրա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը՝ նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք տա­կա­ւին թե­րա­հա­ւատ կը մնան «հա­կա­ռակ կող­մի» հրա­պա­րա­կաւ ը­սա­ծին կամ գրա­ծին նկատ­մամբ։ Նման թե­մա­ներ գրե­թէ բո­լո­րին հա­մար փաս­տօ­րէն դար­ձած են «ար­գի­լուած տա­րածք­ներ»՝ բա­ցա­ռու­թեամբ այն դա­ւա­նա­կան կամ քա­ղա­քա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, որ այդ ան­հա­տը կամ պատ­մա­կան դրուա­գը կը նկա­տէ իր «սե­փա­կա­նու­թիւն»ը։

Սփիւռ­քի վեր­նա­խա­ւե­րու կող­մէ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ո­րոշ թե­մա­ներ «ան­ցան­կա­լի» դարձ­նե­լը շատ ա­ւե­լի նշա­նա­կա­լից է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք չեն օգ­տուիր կա­ռա­վա­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն եւ մա­մուլն ու քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս գրաքն­նե­լու՝ վեր­ջի­նիս մե­նաշ­նոր­հէն։ Հե­տե­ւա­բար, «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րը հայ­կա­կան Սփիւռ­քի մէջ պի­տի պահ­պա­նուին այն­քան ա­տեն, որ­քան առ­կայ փոխ­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի դա­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան ու գոր­ծա­րար վեր­նա­խա­ւե­րուն մի­ջեւ։ Քա­նի դեռ այս­պի­սի հա­մընկ­նում գո­յու­թիւն ու­նի, իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող մար­դիկ «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­ներ պի­տի չքննար­կեն, ա­նոնց քըն-նար­կու­մը պի­տի չխրա­խու­սեն եւ այդ թե­մա­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար պիւտ­ճէ պի­տի չտրա­մադ­րեն։ Նոյ­նիսկ երբ սփիւռ­քա­հայ պատ­մա­բան մը աշ­խա­տան­քի անց­նի ոչ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թեան մը մէջ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ հիւ­սի­ս-ա­մե­րի­կեան կամ եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ, եւ հե­տե­ւա­բար նիւ­թա­պէս ան­կախ դառ­նայ հայ­կա­կան հա­մայն­քէն, հա­մայն­քա­յին այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին կրնան ա­նոր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը խո­չըն­դո­տել՝ նիւ­թեր չտրա­մադ­րե­լով, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ի­րենց հաս­տա­տու­թեան ար­խիւ­նե­րը փակ պա­հե­լով կամ ար­գի­լե­լով հար­ցա­խոյ­զեր կա­տա­րել այն ան­ձե­րուն կամ խում­բե­րուն հետ, ո­րոնց վրայ ի­րենք ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին։ Նոյ­նիսկ ե­թէ ի հե­ճուկս բո­լոր ար­գելք­նե­րու՝ «ան­ցան­կա­լի» նիւթ մը ու­սում­նա­սի­րուի, նոյն հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին կրնան կան­խել ա­նոր ար­դիւնք­նե­րուն լայն տա­րա­ծու­մը հայ­կա­կան շրջա­նա­կէն ներս՝ մեր­ժե­լով դահ­լիճ­ներ տրա­մադ­րել այդ թե­մա­յին շուրջ հան­րա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու հա­մար կամ ար­գի­լե­լով հե­տա­զօ­տու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նալ ի­րենց ազ­դե­ցու­թեան տակ գտնուող զան-գըւա­ծա­յին լրա­տու մի­ջոց­նե­րուն մէջ։ Ա­մե­նէն ծայ­րա­յեղ պա­րա­գան կրնայ ըլ­լալ «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու հետ աշ­խա­տող գիտ­նա­կան­նե­րը «կազ­մա­կեր­պուած» ձե­ւով հրա­պա­րա­կաւ վար­կա­բե­կե­լը։ Նշեալ սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու քննար­կու­մը հնա­րա­ւոր է միա՛յն ոչ հան­րա­յին, մաս­նա­ւոր ձե­ւա­չա­փե­րով, ո­րոնց շրջա­նակ­նե­րը յա­րա­բե­րա­բար նեղ են։

Սոյն յօ­դուա­ծի սկզբնա­կան մէկ տար­բե­րա­կին շուրջ ին­ծի հետ միտ­քե­րու անձ­նա­կան փո­խա­նակ­ման ժա­մա­նակ, Ո­ւէզ­լէեան հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Խա­չիկ Թէօ­լէօ­լեան նկա­տել տուաւ, որ իմ ա­ռանձ­նա­ցու­ցած բո­լոր տար­բե­րակ­նե­րը այս­պէս թէ այն­պէս 19-րդ դա­րուն սկսած ազ­գա­կերտ­ման ժա­մա­նա­կա­կից գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւնք են։ Ա­սի­կա հա­մո­զիչ բա­ցատ­րու­թիւն կը թուի։ Դժբախ­տա­բար, 18-րդ դա­րու վեր­ջե­րուն սկիզբ ա­ռած հայ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մագ­րու­թեան զար­գաց­ման նուի­րուած, ինչ­պէս նաեւ այդ պատ­մագ­րու­թեան նա­խոր­դած 5-րդ եւ 8-րդ դա­րե­րու, միջ­նա­դա­րեան հե­ղի­նակ­նե­րու ժա­ռան­գու­թեան հետ հա­մե­մա­տա­կան լուրջ վեր­լու­ծու­թիւն­ներ ցայ­սօր շատ քիչ կա­տա­րուած են։ Հայ պատ­մագ­րու­թեան նկատ­մամբ նմա­նա­տիպ նոր մօ­տե­ցում մը կա­րե­լի պի­տի դարձ­նէ պար­զա­բա­նել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ հան­գա­մանք­նե­րու մէջ ո­րոշ թե­մա­ներ «ան­ցան­կա­լի» կը դառ­նան, մինչ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք նա­խա­պէս «թա­պու» կը նկա­տուէին, կը դառ­նան հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար ըն­դու­նե­լի թե­մա­ներ։ Ի վեր­ջոյ, ներ­կա­յիս «ան­ցան­կա­լի» նկա­տուող թե­մա­նե­րէն շա­տե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րուին հա­յու­թեան մօտ առ­կայ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րով։ Երբ որ այս ի­րա­վի­ճակ­նե­րը փո­խուին, հայ հա­մայն­քին ներ­սը ներ­կա­յիս գե­րիշ­խող տար­բեր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներ եւս պի­տի են­թար­կուին փո­փո­խու­թեան, իսկ «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու ցան­կը ո­րոշ չա­փով պի­տի վե­րախմ­բագ­րուի։ Ա­ւե­լի՛ն, հա­յա­գէտ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րէս լսած եմ, որ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով հա­ղոր­դակ­ցու­թեան տա­րած­ման եւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ա­ւե­լի լայն գոր­ծըն­թաց­նե­րու իբ­րեւ հե­տե­ւանք, «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րու յա­րա­տեւ­ման խնդի­րը ա­ւե­լի դժուար պի­տի ըլ­լայ ա­պա­գա­յին՝ այ­սօ­րուան հետ բաղ­դա­տած։

Միա­ժա­մա­նակ, Թէօ­լէօ­լեան կը նշէ, թէ հայ պատ­մագ­րա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ա­ւան­դու­թիւ­նը կը դժուա­րա­նայ բա­ցատ­րել «պա­տե­րէ ներս պար­փա­կուած յա­րա­տեւ հա­կա­մար­տու­թեան» «մարդ­կու­թեան ա­ռանց­քա­յին շար­ժիչ» ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ Հե­տե­ւա­բար, ըստ ա­նոր, «այն, ինչ պէտք է ըլ­լար հա­յոց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին եւ յատ­կա­պէս ազ­գա­յին վեր­նա­խա­ւե­րէն ներս, յա­րա­տեւ եւ միայն հա­զուա­դէ­պօ­րէն ամ­բող­ջա­կան լու­ծում ստա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու պատ­մում մը, կը վե­րա­ծուի հե­րոս­նե­րու եւ դա­ւա­ճան­նե­րու մա­սին պար­զու­նակ պատ­մու­թեան մը» (“what should be fully resolved and persist through Armenian history, especially within national elites, becomes a simplistic story of heroes and traitors”)։ (Տե՛ս. հա­մա­ցան­ցա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն, 2015 Յու­լիս 5)։

­Չեմ կրնար ինք­զինքս գի­տակ հա­մա­րել նոյն ի­րա­վի­ճա­կի հա­յաս­տա­նեան, խորհր­դա­յին եւ յետ­խորհր­դա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ Սփիւռ­քի մէջ առ­կայ դրու­թեան ու հա­յաս­տա­նեան հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­կա­նու­թեան մի­ջեւ խոր հա­մե­մա­տա­կան քննու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար։ Պի­տի սահ­մա­նա­փա­կուիմ քա­նի մը դի­տար­կում­նե­րով, ո­րոնք հե­տա­գա­յին Հա­յաս­տան ապ­րող մաս­նա­գէ­տը կրնայ ա­ւե­լի խո­րա­պէս վեր­լու­ծել։

Նախ, պե­տա­կան հա­մա­կար­գի գո­յու­թիւ­նը, վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ի­րա­րու յա­ջոր­դող վար­չա­կար­գե­րու օ­րի­նա­կար­գու­թեան նկատ­մամբ մնա­յուն կաս­կած­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ տպա­գիր մա­մու­լով, հե­ռա­տե­սի­լով եւ ձայ­նաս­փիւ­ռով սփռուող նիւ­թե­րու վե­րահս­կու­մը ա­ւե­լի կը բար­դաց­նեն բա­ցատ­րե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը, թէ հրա­պա­րա­կի վրայ լայն տա­րա­ծում գտած տե­սա­կէտ­նե­րը ի՛նչ չա­փե­րով ըն­դու­նուած են նաեւ երկ­րի տնտե­սա­կան ու մշա­կու­թա­յին վեր­նա­խա­ւե­րէն։ Յա­մե­նայնդէպս, նոյ­նիսկ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան ժա­մա­նակ ե­ղած են քա­նի մը օ­րի­նակ­ներ, երբ հե­ղի­նակ­նե­րը ի­րենց ստեղ­ծած գրա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով ա­նար­գան­քի թի­րախ­ներ դար­ձած են ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան զգա­լի մէկ մա­սին կող­մէ, որ կը տար­բե­րէր իշ­խող կու­սակ­ցու­թե­նէն եւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն։ Ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաստա­նի մէջ ո­րոշ ան­ձեր տա­կա­ւին կը կի­րար­կեն այս մար­տա­վա­րու­թիւ­նը, երբ պատ­մա­գի­տա­կան ո­րոշ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան հարց կը հռչա­կեն՝ այ­լընտ­րան­քա­յին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու շուրջ ո­րե­ւէ քննար­կում կան­խե­լու հա­մար։

Երկ­րորդ, հա­յաս­տա­նաբ­նակ հա­յե­րը կ՚ապ­րին ի­րենց հայ­րե­նի­քին մէջ, ինչ որ պէտք է ինք­նին բա­ցա­ռէր այս յօ­դուա­ծին մէջ տեղ գտած դա­սա­կարգ­ման եր­րորդ շեր­տին հետ բաղ­դա­տու­թիւն ը­նե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը։ Այ­սու­հան­դերձ, հա­յաս­տան­ցի քա­նի մը գոր­ծըն­կեր­ներ անձ­նա­կան զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նած են, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ճախ կը մեկ­նա­բա­նուին այն­պէս, ինչ­պէս նկա­րագ­րե­ցի Սփիւռ­քի տար­բեր վեր­նա­խա­ւե­րու մօ­տե­ցու­մը զի­րենք հիւ­րըն­կա­լող հա­մայնք­նե­րու ազ­գա­յին պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Եր­րորդ, յետ­խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ ոչ մէկ միջ­վեր­նա­խա­ւա­յին փոխ­հա­մա­ձայ­նու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ դա­սա­կարգ­մանս չոր­րորդ շեր­տին մէջ նե­րա­ռուած «ան­ցան­կա­լի» թե­մա­նե­րը շատ սահ­մա­նա­փակ են Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­ռանց­քա­յին դէպ­քե­րուն ա­ռըն­չուող եւ յա­ճախ կտրա­կա­նա­պէս տար­բե­րող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս կողք կող­քի կը շրջին երկ­րէն ներս, բայց միայն քա­ղա­քա­կա­նա­պէս գե­րակ­շիռ վեր­նա­խա­ւե­րուն հա­ճե­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կ՚ար­տացոլուին դպրո­ցա­կան դա­սագր­քե­րու եւ հե­ռա­տե­սի­լի յայ­տա­գիր­նե­րուն մէջ։

Վեր­ջա­պէս, քա­նի որ 1991 թուականէն սկեալ ազ­գա­յին-պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը ակն­կա­լուա­ծէն քիչ ար­դիւ­նա­ւէտ ե­ղան, հա­ւա­նա­կան է, որ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ բո­լոր ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար օ­տար­նե­րը մե­ղադ­րող մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի մէջ ա­ւե­լի շուտ վի­ճար­կուի քան Սփիւռ­քի մէջ։

ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016