ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թեհ­րան՝ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը բազ­ման­դամ պա­տուի­րա­կու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կը ժա­մա­նէ Թեհ­րան։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած է Թեհ­րա­նի եւ Պա­քուի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման ուղ­ղեալ տասն հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ստո­րագ­րու­մը։

Ա­լիե­ւի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թեան ժամ­կէ­տը հե­տաքրք­րա­կան է զա­նա­զան ա­ռում­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, Ի­րան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րով յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար մըն է եւ ազ­դու եր­կիր­նե­րու շար­քին կը դա­սուի՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շրջագ­ծով։ Այս իսկ կէ­տին վրայ Ի­րան-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ներ­կայ հանգ­րուա­նին ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի կը հա­մա­րուին։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ Պա­քու դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է եր­կընտ­րանք­նե­րու առ­ջեւ։ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պա­հել Ռու­սաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ։ Այդ եր­կընտ­րան­քը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն իր անդ­րա­դար­ձը կ՚ու­նե­նայ նաեւ Պա­քուի եւ Թեհ­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, Թեհ­րան եւ Մոս­կուա տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ կը հա­մա­րուին դաշ­նա­կից­ներ։ Այդ ա­ռանց­քին ամ­րու­թիւ­նը Պա­քուի տե­սան­կիւ­նէն յա­ւե­լեալ դժուա­րու­թիւն մըն է՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն ո­րո­նե­լու ճա­նա­պար­հին վրայ։ Մնաց, որ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջերս հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բարձր թո­նով ան­հանգս­տու­թիւն կ՚ար­տա­յայ­տէ Թեհ­րա­նի՝ Սու­րիոյ հար­ցին վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ, իսկ Պա­քու-Թեհ­րան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ալ հա­րիւր տո­կո­սով հե­զա­սահ չեն ըն­թա­նար միշտ։

Ու­րեմն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այս­պի­սի բարդ ի­րադ­րու­թեան մը մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Իլ­համ Ա­լիե­ւի Ի­րան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու վե­րաց­ման յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Թեհ­րան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած է իր մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ։ Այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը նոր հո­րի­զոն­ներ կը բա­նայ ա­նոր առ­ջեւ՝ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը ջա­նայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ձե­ւա­չա­փեր գտնել մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կա­պե­րը վե­րա­կանգ­նել իր իսկ գտնուած տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս, հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն հետ։

Ա­լիե­ւի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­րազ Ա­զի­մով յայ­տա­րա­րեց, թէ Պա­քու կողմ­նա­կից է, որ Պե­շար Է­սատ ա­ռայժմ իշ­խա­նու­թեան գլուխ մնայ Սու­րիոյ մէջ։ Աւստ­րիա­կան Die Presse օ­րա­թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ա­զէ­րի բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տը մատ­նան­շեց, որ Պա­քու կողմ­նա­կից է՝ որ­պէս­զի մին­չեւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման վերջ­նա­կան տար­բե­րա­կին մշա­կու­մը Պե­շար Է­սատ մնայ իշ­խա­նու­թեան ղե­կին։ Ըստ ի­րեն, Սու­րիոյ մէջ հար­կա­ւոր է գոր­ծել քայլ առ քայլ։ Որ­պէս նա­խա­գահ՝ Պե­շար Է­սատ այ­սօր միակ ե­րաշ­խա­ւորն է Սու­րիոյ անվ­տան­գու­թեան ու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան։ Է­սատ պէտք է մնայ այդ պաշ­տօ­նին գլու­խը, մին­չեւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ իր յա­ջոր­դին յստա­կա­նա­լը։ Ա­զի­մո­վի խօս­քե­րով, Ռու­սաս­տա­նի եւ այլ շարք մը պե­տու­թիւն­նե­րու ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիա­յէ ներս ի­րա­կա­նա­ցուած հա­րուած­նե­րը ոչ միայն ա­նար­դիւ­նա­ւէտ են, այ­լեւ ելմ­տա­կան օ­րէն թանկ կ՚ար­ժեն։ Իսկ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը ու­նի լուրջ ռիս­քեր ու կրնայ յա­ւե­լեալ կո­րուստ­նե­րու տե­ղի տալ։ Ո­րե­ւէ հա­մա­խո­հու­թեան կող­մէ Սու­րիա­յէ ներս ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան սկիզ­բը պի­տի ստեղ­ծէ քաո­սա­յին ի­րա­վի­ճակ մը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը մատ­նան­շէ, թէ Պա­քուի մօտ թէժ քննար­կում­ներ կ՚ըն­թա­նան՝ Թուր­քիոյ կամ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ կողմ­նո­րո­շուե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Ռա­սիմ Մու­սա­պե­քով առ­կայ եր­կընտ­րան­քը կը վե­րագ­րէ երկ­րի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քին եւ այդ մէ­կուն ներ­կա­յա­ցու­ցած վտան­գին հետ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կ՚ընդգ­ծէ, որ Թուր­քիա ա­ւե­լի հո­գե­հա­րա­զատ է ի­րենց հա­մար։ «Բա­ցա­ռուած է, որ Ատր­պէյ­ճան Թուր­քիոյ կող­քին չըլ­լայ։ Սա­կայն, ե­թէ թուրք-ռու­սա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը վե­րա­ծուի ռազ­մա­կան մա­կար­դա­կի եւ այդ մէ­կը թա­փան­ցէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս, ա­պա Ատր­պէյ­ճան ստի­պուած պի­տի ըլ­լայ կա­տա­րել իս­կա­կան ընտ­րու­թիւն մը։ Սա կա­խեալ պի­տի ըլ­լայ այն հան­գա­ման­քէն, թէ Վրաս­տան ո­րո՛ւ կող­մը պի­տի ըլ­լայ, ՆԱ­ԹՕ-ն ո­րո՛ւ պի­տի ա­ջակ­ցի, Հա­յաս­տանն ու Ի­րա­նը ինչ­պէ՛ս պի­տի դիր­քա­ւո­րուին», ը­սաւ Մու­սա­պե­քով։

Քա­ղա­քա­գէտ Էլ­շան Շա­հի­նօղ­լու հա­մո­զուած է, որ թէեւ եր­կընտ­րան­քը շատ դժուար է, սա­կայն Ատր­պէյ­ճան փա­խուս­տի տեղ չու­նի։ Ու­րիշ քա­ղա­քա­գէտ մը՝ Ֆեր­հատ Մա­մէ­տով հա­մո­զուած է, որ Պա­քու ո­րե­ւէ ձե­ւով չի կրնար ազ­դել տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ։ Ըստ ի­րեն, Ատր­պէյ­ճա­նի նման պե­տու­թեան մը հա­մար բա­ցա­յայտ կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը շատ դժուար եւ ան­թոյ­լատ­րե­լի է։ Ար­դա­րեւ, ա­նոր կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը կրնայ ո­չինչ փո­խել եւ ու­ժե­րու վրայ ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չի կրնար ու­նե­նալ։

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Stratfor ա­մե­րի­կեան մաս­նա­ւոր հե­տա­խու­զա­կան-վեր­լու­ծա­կան ըն­կե­րու­թեան վեր­լու­ծա­բան­նե­րը ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նա­ցու­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ։ Ըստ ի­րենց, Ատր­պէյ­ճա­նի հե­տա­գայ ճա­կա­տա­գի­րը կա­խուած է ար­տա­քին խա­ղա­ցող­նե­րէ։ Այս նոյն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը բիւ­րե­ղաց­նէ նաեւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի Ի­րան այ­ցե­լու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս Թեհ­րան կա­րե­ւոր խա­ղա­ցող մըն է տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս եւ Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ կրնայ գոր­ծել ո­րոշ ազ­դե­ցու­թիւն մը։ Նաւ­թի գի­նե­րու անկ­ման հե­տե­ւան­քով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ յա­ռա­ջա­ցած է տնտե­սա­կան լուրջ ցնցում մը։ Մա­նա­թի ար­ժեզրկ­ման հե­տե­ւան­քով երկ­րէն ներս կ՚ապ­րուին ան­հա­մե­մատ թան­կա­ցում­ներ եւ այդ սղա­ճին դէմ տե­ղի կ՚ու­նե­նան զան­գուա­ծա­յին բո­ղո­քի ցոյ­ցեր։ Մեկ­նա­բան­նե­րը կը մատ­նան­շեն այդ երկ­րին տե­սան­կիւ­նէն ա­պա­կա­յու­նաց­ման գոր­ծօն­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ այս ըն­թաց­քը խո­րա­նայ, Stratfor-ի վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ Ատր­պէյ­ճա­նէ ներս ա­մէն ինչ կա­խում պի­տի ու­նե­նայ՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ար­ձա­գան­գէն։ Ատր­պէյ­ճան այն­պի­սի եր­կիր մըն է, ո­րու նկատ­մամբ ռազ­մա­վա­րա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քի, թէ՛ Ռու­սաս­տա­նի, թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ Ի­րա­նի մօտ, նաեւ փո­խա­դար­ձա­բար։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա առ­կայ բա­նա­վէ­ճի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ վեր­ջերս յա­ճախ կ՚ար­տա­սա­նուի նաեւ Պա­քուի ա­նու­նը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու վեր­ջերս Ուք­րայ­նա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած էր, որ Ռու­սաս­տան եւ Հա­յաս­տան կը վտան­գեն Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Տա­վու­տօղ­լուի Քիե­ւէն հնչե­ցու­ցած այդ խօս­քե­րուն Մոս­կուա­յի ար­ձա­գան­գը ե­կած էր Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա­յի կող­մէ։ Այս­պէս, ըստ ռուս բան­բե­րին, Թուր­քիա պի­տի չյա­ջո­ղի սեպ խրել Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ։ Զա­խա­րո­վա­յի խօս­քե­րով, Տա­վու­տօղ­լու ի վեր­ջոյ պէտք է հասկ­նայ, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը ար­դէն վա­ղուց գո­յու­թիւն չու­նի։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պե­տու­թեան մը գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը այ­լեւս անհ­նա­րին է, ո­րով­հե­տեւ սա չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ այն սկզբունք­նե­րուն, ո­րոնց­մով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հը։

Ա­լիե­ւի Ի­րան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ՝ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուն։ Իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը ձեռ­նար­կե­ցին մեծ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այդ ռազ­մա­փոր­ձե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ բա­նա­կը պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի պատ­րաս­տե­լու ծրագ­րին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ռազ­մա­փոր­ձին ներգ­րա­ւուած են նաեւ զի­նուո­րա­կան զա­նա­զան զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­ներ։

Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի այս զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րը թէեւ ու­շադ­րու­թե­նէ չեն սպրդիր, սա­կայն վեր­ջին շրջա­նին ա­նոր հաս­ցէգ­րուած քննա­դա­տու­թիւն­ներն ալ կ՚ըն­կա­լուին լուրջ։ «Խա­զար» ռազ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը չու­նի ի­րեն յատ­կա­ցուած ելմ­տա­կան մի­ջոց­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մար­տու­նա­կու­թիւն։ Քա­րիւ­ղի գնանկ­ման հե­տե­ւան­քով Ատր­պէյ­ճա­նի տնտե­սու­թիւ­նը ե­ղած է կա­թուա­ծա­հար եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­նե­րու ա­ռըն­թեր լուրջ խնդիր­նե­րու դէմ յան­դի­ման կը գտնուին նաեւ ռազ­մա­կան ո­լոր­տի պա­րա­գա­յին։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վեր­նա­խա­ւը կը ձգտի հա­սա­րա­կու­թե­նէն թաքց­նել առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը ու կը խու­սա­փի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու մօտ ար­ձա­գանգ­նե­րէն։ «Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի առ­կայ կա­ռու­ցուած­քը շատ ելմ­տա­կան մի­ջոց­ներ պա­հան­ջող, սա­կայն, այդ մի­ջոց­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մար­տա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թե­նէ հե­ռու բա­նա­կի կա­ռու­ցուածք մըն է։ Բա­նա­կը կը հան­դի­սա­նայ ղե­կա­վա­րու­թեան կա­շա­ռա­կե­րու­թեան նպա­տակ­նե­րու կեն­սա­գործ­ման գե­տին մը։ Այս­տեղ մի­լիառ­նե­րով ելմ­տա­կան մի­ջոց­ներ կ՚իւ­րա­ցուին ու ոչ ոք կը պատ­ժուի։ Պաշտ­պա­նա­կան ծախ­սե­րը կը գտնուին կա­շա­ռա­կե­րու­թեան թի­րա­խին», մատ­նան­շած են վեր­լու­ծա­բան­նե­րը։

Երէկ, Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (SIPRI) հրապարակեց զեկոյց մը։ Ըստ SIPRI-ի տուեալներուն, 2006-2010 թուականներուն բաղդատմամբ՝ 2011-2015 թուականներուն Ատրպէյճան 217 տոկոսով աւելցուցած է ծանր սպառազինութեան ներածումը։ Ան այսպէսով դարձած է Եւրոպայէ ներս ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը։

Նոյն ժամանակահատուածին Ատրպէյճան եօթ անգամով բազմապատկած է Ռուսաստանէն սպառազինութեան ներածումները։ 2006-2010 թուականներուն Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած սպառազինութեան ամբողջ արտածման միայն 0.7 տոկոսը ուղարկուած էր Ատրպէյճան։ Այդ համեմատութիւնը 4.9 տոկոսի հասած է 2011-2015 թուականներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016