ԻՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՏԱ՛ԼՆ Է
Երբ յաճախ կը հիւրասիրենք բարեկամներ ճոխ սեղաններու շուրջ, խորհա՞ծ ենք երբեք թէ՝ մեր սիրտը, մեր անկեղծութիւնը եւ մանաւա՛նդ մեր սէրը ճոխ է անոնց հանդէպ, որքան սեղանները։ Արդարեւ ճաշասեղան մը որքան ալ ճոխ ու հարուստ ըլլայ, եթէ կը պակսի իրական եւ անկեղծ սէրը՝ ապա ուրեմն ո՛չինչ պիտի արժէ անիկա։
Սեղանները արժէք կը ստանան, երբ հոն կայ մտերմութիւն, անկեղծութիւն, բարեկամութիւն եւ անպայման սէ՛ր։ Սէրը ամենազօրաւոր կապն է՝ որ կը միացնէ մարդիկ եւ կ՚ամրացնէ անոնց միութիւնը, միասնականութիւնը։ Ուրեմն հոն ո՛ւր կայ սէր, կայ նաեւ՝ բարեկամութիւն, մտերմութիւն եւ համագործակցութի՛ւն։
Այս իմաստով՝ սեղանը, որ կը հաւաքէ մարդիկ միասին «հաց ուտել»ու, զանոնք կը միացնէ նաեւ ներքնապէս, հոգեպէս եւ կը զօրացնէ անոնց բարեկամական կապերը։ Ուրեմն սեղանակից ըլլալ՝ միասին ճաշի նստիլ, սեղանի շուրջ հաւաքուիլ, «միութիւն» մը կը կազմէ, ներքին կապ մը, որ աւելի զօրաւոր է քան ամէն նիւթական կապ։ Սեղանի վրայ հացը բաժնել ու բաշխել կը նշանակէ՝ ճաշակիցներու միջեւ կապ մը հաստատել։
Եւ այդ կապը պինդ, ամուր կապ մըն է, եւ ընդհանրապէս ան սերտ, անքակտելի կա՛պ մը։ Ասկէ կը հետեւի, թէ սեղանի վրայ հացը բաժնողներ եթէ անկեղծ են իրենց սիրոյ մէջ, անբաժանելի միութիւն մը կը կազմեն։ Սիրոյ զգացումը իւրայատկութիւնն է անձնազոհութեան. անձնուիրումը եւ այդ հիմքի վրայ հաստատուած հոգեւոր փոխներթափանցումը։ Ուստի, հացը բաժնողներ, սեղանակիցներ, անզգալաբար գրաւում մը, ներազդում մը եւ մուծում մը կ՚ունենան իրարու հանդէպ, եւ այդ ա՜յնքան զօրաւոր է, որ կարելի չ՚ըլլար որեւէ կերպով քայքայել, անջատել, եւ յաճախ՝ անկարելի՛…։
Անհատը, ուրիշ անհատի մը նկատմամբ, հոգեւոր եւ բնատուր տարբերութիւններ, զանազանութիւններ ունենալով հանդերձ, սիրոյ զգացումի առումով զիրար լրացնելով՝ հանդէս կու գան իբրեւ «միասնական ամբողջութիւն», որ կը համապատասխանէ՝ միութեան։
Սիրոյ զգացումին բարոյական բնոյթը կը յանգի ո՛չ թէ հակադիր սեռի արարածին, այլ՝ միանգամայն որոշակի միակ եւ անկրկնելի մա՛րդուն։ Արդարեւ ըստ իմաստասէր Արման Ղարագուլեանի՝ սէրը կարողութի՛ւնն է աշխարհի հետ միասնութեան, միեւնոյն տարածութեան վրայ ապրելու։ Ուստի մարդ միայն այն պարագային կրնայ ըսել՝ թէ «կը սիրէ՛»։ Սէրը կը յանգի աշխարհի հետ մարդը միասնականացնող միակ տիեզերական երեւոյթին։ Եւ ուրեմն սէրը միացնող, իրարու կապող բարոյական մեծ ո՛ւժ մըն է։
Իւրաքանչիւր անհատի՝ ամէն մարդ արարածի մէջ կը գտնուի եւ կ՚ապրի «ներքին խորքային բացարձակ»ի այդ մասնիկը՝ այն բեկորը, որ զայն կը կապէ անհո՜ւն տիեզերքի եւ Աստուծոյ։ Զուր չէ՛ որ հնադարեան (=antique) փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ կայ մեծ տիեզերք՝ «cosmos», տիեզերական տարածութիւն եւ փոքր՝ յանձինս մա՛րդու։ Կը տեսնուի, որ եթէ մարդ մէկը կը սիրէ, ուրեմն կարողացած է անոր մէջ տեսնել ամբողջ տիեզերքը։ Ուրեմն մարդը՝ «homme», «humain» տիեզերքին «cosmos» մանրակերտը (=maquette) կամ մանրատիպարն է։ Եւ այս կէտին է, որ կարելի է ըսել՝ թէ իրական սէրը ո՛չ այնքան յոյզերու, յուզումներու (=émotion), ներազդակներու, մղօններու եւ հորմոններու խաղ է՝ տեսակի պահպանման համար անհրաժեշտութիւն, որքան շատ աւելի բարձր՝ հոգեւոր մակարդակ։ Այս կ՚ենթադրէ գիտելիք, հոգատարութիւն, խնամք. միեւնոյն խնդիրներով ապրելու կարողութիւն, ճանաչութիւն, ինչպէս կ՚ըսէ Լիլիթ Գարգրցեան հոգեբանը։
Այս խորհրդածութիւններու հետ միասին, Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եսայի Քահանայ Արթէնեան կ՚ըսէ. «Պէտք է շեշտը դնել ո՛չ թէ ճանչնալու, այլ՝ վստահութեան վրայ, քանի որ մարդ ի՛նք անճանաչելի է ամբողջութեամբ, անկանխատեսելի, փոփոխական։ Անընդհատ, մենք խնդիր ունինք նոյն մարդը ճանչնալու, եւ այս պարագային՝ պէտք է միայն վստահիլ անոր. ա՛յս է ամենակարեւորը»։
Տքթ. Ալեքս Քառէլի «Մարդը սա անծանօթը» ուսումնասիրութեան համընթաց տեսակէտ մը կը պարզէ Եսայի Քահանայ Հայրը։ Եւ իրապէս «անծանօթ» էութիւն մըն է մարդը, ինչպէս՝ տիեզերքը։ Մարդ եւ տիեզերք՝ երկուքն ալ անծանօթներ են մեզի, որոնց մասին կարելի է ամէն օր եւ անվերջ «գիւտ»եր կատարել, բայց ընդունիլ նաեւ, որ կարելի պիտի չըլլայ երբեք ամբողջովին հասկնալ, սորվիլ եւ ծանօթանալ անոնց։ Մարդ եւ տիեզերք… ո՜րքան մեզմէ հեռու, բայց իրարու մօտ ու նման իրականութիւններ։
Սէրը, ընդհանրապէս կը բնութագրուի որպէս հոգիներու իրարու ձգտումը։ Եւ դարձեալ կ՚ըսուի, թէ՝ միտքերու տենչանքը յարգանք կը ստեղծէ, մարմիններու տենչանքը՝ կիրք։ Իսկ այս երեքը միասին՝ սէ՛ր։
Երբ մարդ կ՚ըսէ. «Քեզ կը սիրե՛մ», այս կը նշանակէ, թէ՝ պատրաստ եմ տա՛լ քեզի, նուիրել, ամենավերջին ունեցածս կիսել քեզի հետ, բաժնել, չխնայել։ Իսկ այդ որոշակիօրէն անպաշտպան կը դարձնէ մարդը։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ շատերու համար շա՜տ դժուար եւ երբեմն անհնարին է սէրը բառերով արտայայտել։
Մարդիկ, զիրար սիրելով պէտք է ձգտին զիրար հասկնալ, ճանչնալ, մտերմանալ. մտերմութեան զուգահեռ պատասխանատուութիւն կրել իրարու հանդէպ՝ համատեղ սիրոյ համար։
Եւ ինչպէս կը նշեն շատեր, սուրբ հայրեր, արժանահաւատ անձնաւորութիւններ, ո՛ւր որ սէր կայ, այնտեղ նեղութիւն չկա՛յ, եթէ նեղութիւն ալ ըլլայ՝ կը սիրուի։
Իրական սէրը անընդհատ զարգացման, բարեշրջման, բարելաւման շրջան մը, ընթացք մըն է եւ անպայման պէտք է գիտակցուած եւ իմաստաւորուած ըլլայ։ «Միայն այս պարագային կրնանք խօսիլ իրական սիրոյ մակարդակի մասին», կ՚ըսէ Արման Ղարագուլեան։
Եւ ամենակարեւորն է՝ իրական սէրը տա՛լն է եւ ո՛չ պահանջելը. բացարձակ նուիրումը։ Սէրը յարատեւ, կատարեալ, անկեղծ ներքին վստահութեան, ներդաշնակութեան եւ միասնութեան զգացողութիւն մըն է։
Իրապէս սիրող մարդը ուրախութիւն կը զգայ, բաւարարուածութիւն՝ բաւականութիւն պատճառելով սիրած էակին կամ նուազեցնելով անոր ցաւերն ու տառապանքները, մասնակից ըլլալով անոր։
Այսպէս ուրեմն, ճշմարիտ սիրոյ նպատակը եսասիրական եւ ինքնամոլութեան բաւարարուածութիւն չէ՛, այլ ինքնին եսասիրութեան բացասումն է՝ ժխտումը եւ մերժումը՝ միանգամ ընդմի՛շտ։ Ուստի ճշմարիտ սէրը այն է, որ «իրենը չի՛ փնտռեր»։
Սիրոյ ամենաբարձր ու կատարեալ դրսեւորումն ու արտայայտութիւնը՝ աստուածային սէ՛րն է՝ որուն պէտք է ձգտի մարդ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։
- Օգտուեցանք՝ «Շողակն-Արարատյան» երկշաբաթաթերթ, 2011, Փետրուար Ա. թիւ 3։ Մարիամ Աւետիսեան-է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 12, 2016, Իսթանպուլ