ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ» ԳՐՔԻՆ ՌՈՒՍԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Եղեռնապատում Փոքուն հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը։ Կարապետ Գաբիկեանի կողմէ հեղինակուած այս գիրքը թարգմանուած է բանասէր Տքթ. Քնարիկ Տէր-Դաւթեանի կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիրքի ռուսերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ։ Այս առթիւ թարգմանիչը պարգեւատրուեցաւ Մատենադարանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետայլներով։ Հաւաքոյթի ատենախօսներու շարքին էին Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան։
Հարկ է նշել, որ այս գիրքը առաջին անգամ 1924 թուականին հրատարակուած էր Պոսթոնի մէջ։ Հեղինակը՝ Գաբիկեան մեծապէս կը գիտակցէր իր գիրքի նշանակութեան եւ արժէքին։ Ան յայտնի գիտնական մըն էր իր շրջանին, փիլիսոփայ ու մանկավարժ։ Վերապրած էր 1915-ը եւ այդ բոլորին շնորհիւ է, որ կը գիտակցէր իր տեսած գործի լուրջ արժէքին։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ «Նայիրի» հրատարակչատունը լոյս ընծայած էր սոյն գործի կարճ տարբերակը՝ «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» անունով։ Այս վերջնոյն խմբագիրը եղած էր լուսահոգի ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեան։