ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ՝ 29-Ը
Անգարայի ահաբեկչական ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ դէպքի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 29-ի։ Արդարեւ, պայթումին հետեւանքով վիրաւորուելով դարմանման տակ առնուած Այտըն Տէտէհայըր երէկ մահացաւ։ Այսպէսով, նահատակներուն թիւը բարձրացաւ 29-ի, ինչ որ դարձաւ յուզման նոր առիթ մը։
Դէպքի հարցաքննութեան շրջագծով աշխատանքներն ալ կ՚ընթանան թափով։ Անվտանգութեան ուժերը եւ իրաւապահ մարմինները վերջնականօրէն ստուգած են, որ դէպքը իրականացուցած «կենդանի ռումբը» եղած է Ապտուլպաքի Սէօմէր։ Յարձակումէն առաջ իրեն ուղեկցած է Քուտպետտին Օնուր, որ զգայացունց ցուցմունքներ տուած է ոստիկանութեան։ Պայթումէն առաջ անոնք երկու անգամ դէպքի վայրի մերձակայքին կատարած են ստուգումներ։
Բաց աստի, հարցաքննութեան շրջագծով հսկողութեան տակ առնուած է երեք հոգի եւս։