ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած հրա­տապ հար­ցե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներ­կա­յիս յա­ռաջ կը տա­րուի հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք։ Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս ուղ­ղու­թեամբ կան կա­րե­ւոր խմո­րում­ներ։ Ներ­կա­յիս հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տած են ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեա­նի հետ՝ սոյն խնդիր­նե­րը յաղ­թա­հար­ման ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Հարկ է ընդգ­ծել, որ այդ հար­ցե­րը խոր­քին մէջ կը վե­րա­բե­րին երկ­րի բո­լոր ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, այլ ոչ միայն թրքա­հայ հա­մայն­քին։

Այս շրջա­նին փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու որ­պէս տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ (iktisadi işletme) դա­սուե­լու խնդի­րը լուրջ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը եւ մեր դպրոց­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մի­ջո­ցէ մը ի վեր խտա­ցեալ աշ­խա­տանք կը տա­նին այս նիւ­թին վրայ՝ հնա­րա­ւո­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ շփուե­լով նաեւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ։ Ըստ էու­թեան, խնդի­րը կը յա­ռա­ջա­նայ այն պատ­ճա­ռով, որ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կա­պուած են մաս­նա­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին։ Այդ բա­ժան­մուն­քի դպրոց­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած ընդ­հա­նուր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ՚ազ­դուին նաեւ մեր դպրոց­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, մեր վար­ժա­րան­նե­րը այդ բա­ժան­մուն­քի միւս վար­ժա­րան­նե­րուն նման մաս­նա­ւո՛ր չեն։ Պարզ պատ­ճա­ռը այն է, որ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան ա­ռա­ջին հեր­թին կը նշա­նա­կէ վճա­րո­վի վար­ժա­րան մը, իսկ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին՝ ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ վճա­րո­վի դրու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Մեր դպրոց­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան մէջ պատ­կա­ռե­լի տո­կոս կը կազ­մեն անվ­ճար ա­շա­կերտ­նե­րը։ Այս հա­կա­սու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար VADİP-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս վեր­ջերս լուրջ հիմ­նա­ւո­րում­ներ պատ­րաս­տուած են եւ այդ բո­լո­րը ներ­կա­յիս աս­տի­ճա­նա­բար ար­դիւնք մը տա­լու հանգ­րուա­նին հա­սած ըլ­լալ կը թուին։ VADİP-ի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըի կող­մէ հա­մա­կար­գուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով, վեր­ջերս կա­պի մէջ ան­ցած են ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան եւ ի­րա­ւա­բան Էօ­մէր Քան­տիթ, որ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր լու­ծում մը գտնել կը ջա­նայ այս հար­ցին շուրջ։ Հարկ է նշել, որ Էօ­մէր Քան­տիթ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան խորհր­դա­տու փաս­տա­բանն է եւ իբր այդ ընդգր­կուած է այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Վեր­ջերս ա­ռա­ջին հեր­թին Էօ­մէր Քան­տիթ եւ Մար­գար Է­սաեան ան­ցած են կա­պի մէջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ Մար­գար Է­սաեան Էօ­մէր Քան­տի­թը շփման մէջ ան­ցու­ցած է ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ի­րա­ւա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ի­րա­ւա­բան Էօ­մէր Քան­տիթ այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցած է այս նիւ­թին շուրջ պատ­րաս­տուած բո­լոր տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ման­րա­մասն հիմ­նա­ւո­րում­ներ կ՚ընդգր­կեն, թէ ին­չո՛ւ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը չեն կրնար հա­մա­րուիլ տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան մաս­նա­գէտ ի­րա­ւա­բան­ներն ալ հա­մո­զիչ նկա­տած են այդ մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ուս­տի, խնդի­րը ներ­կա­յա­ցուած է կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբա­կին։ Ի­րա­ւա­բան­նե­րու այս խտա­ցեալ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տը ծնունդ տուած է լուծ­ման հե­ռան­կա­րի մը ու­րուագծ­ման։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք յար­մար կը դա­տեն Ազ­գա­յին կրթու­թեան մա­սին օ­րէն­քին մէջ յստակ յա­ւե­լու­մի մը նե­րառ­նուի­լը։

Ե­թէ աշ­խա­տանք­նե­րը նա­խա­տե­սուած հու­նին մէջ ըն­թա­նան, ե­թէ ան­կան­խա­տե­սե­լի հան­գա­մանք­ներ չյա­ռա­ջա­նան, յա­ռա­ջի­կա­յին Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս կա­տա­րուե­լիք օ­րէնսդ­րա­կան կար­գադ­րու­թիւ­նով մը միան­գա­մընդ­միշտ պի­տի լու­ծուի այս հար­ցը։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբա­կը պի­տի ա­ռա­ջար­կէ Ազ­գա­յին կրթու­թեան մա­սին օ­րէն­քին մէջ նե­րառ­նել յստակ յա­ւե­լում մը, ո­րով պի­տի շեշ­տուի, թէ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ չեն կրնար հա­մա­րուիլ։ Նոյն յա­ւել­ման տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով պի­տի ամ­րագ­րուի նաեւ, որ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րը զերծ են Ա­ւե­լա­ցուած ար­ժէ­քի հար­կէն (KDV)։

VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը այս բո­լո­րին կա­պակ­ցու­թեամբ ընդգ­ծած է իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեա­նին նկատ­մամբ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան եւ VADİP-ի ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Մա­սիս Եոն­թան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին շուրջ ալ աշ­խա­տանք կը տա­նի թա­փով։ Նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մշակ­ման հար­ցին շուրջ Մար­գար Է­սաեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ, որ ներ­կա­յիս կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ վա­քըֆ­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Եալ­չըն Աք­տո­ղան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի հետ մաս­նակ­ցած է հա­ւա­քոյ­թի մը։ Իս­թան­պու­լի մէջ գտնուե­լու ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով ան փա­փա­քած է փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նալ։ Ա­նակն­կալ այդ մտադ­րու­թիւ­նը սա­կայն գործ­նա­կան ար­դիւնք չէ ու­նե­ցած, ո­րով­հե­տեւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու կը բա­ցա­կա­յէր Իս­թան­պու­լէն, իսկ հրեայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Շա­բաթ օ­րով յար­մա­րու­թիւն չու­նէին ա­նակն­կալ այդ խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցե­լու։ Յա­մե­նայն­դէպս յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ շփում մը։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ու­նին այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ընթ­րի­քէն ի վեր ան­ցած է գրե­թէ տա­րի մը եւ շատ օգ­տա­կար կրնայ ըլ­լալ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ նոր շփման մը հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ, որ ան­ցեալ տա­րուան տե­սակ­ցու­թե­նէն ի վեր քա­ղա­քա­կան նոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ ստեղ­ծուած են Թուր­քիոյ մէջ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016