ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ սկսաւ կա­րե­ւոր աշ­խա­տա­ժո­ղով մը։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս աշ­խա­տա­ժո­ղո­վը, որ կը կո­չուի «Մար­դա­սի­րա­կան ար­ձա­գան­գէ դէ­պի կա­յուն լու­ծում­ներ»։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, ՄԱԿ-ի Փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի, ՀԲԸՄ-ի եւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս աշ­խա­տա­ժո­ղո­վը, որ ձօ­նուած է Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով տե­ղա­հա­նուած եւ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած ան­ձե­րու հա­մարկ­ման դիւ­րաց­ման խնդիր­նե­րուն։

Այս աշ­խա­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն Հա­յաս­տա­նի պատ­կան պե­տա­կան մար­մին­նե­րէն պաշ­տօ­նա­տար­ներ, մի­ջազ­գա­յին կամ հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նէ ներս սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րուն լուծ­ման հե­տա­մուտ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Ներ­կայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի Զար­գաց­ման ծրագ­րի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կէն Պրետ­լի Պու­սե­թօ, ՄԱԿ-ի Փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կէն Քրիս­տոֆ Պի­րուիրտ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեան եւ այլ յայտ­նի դէմ­քեր, ո­րոնք ներգ­րա­ւուած են սու­րիա­հա­յոց խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման աշ­խա­տանք­նե­րու­ն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016