ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԵՍԹՍԵԼԸՐ» ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Երեւանի մէջ վերջերս իրականացուց իր կողմէ կազմակերպուած «Տարուան պեսթսելըր» մրցոյթին մրցանակաբաշխութիւնը։ Գործակալութիւնը արդէն երրորդ անգամ կ՚իրականացնէ այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, որու շրջագծով կը ներկայացուի Հայաստանէ ներս ամենապահանջուած գիրքեր։ Մրցանակաբաշխման հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ LOFT կեդրոնին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, թէ այս մրցանակաբաշխութեան գիրքերը կ՚ընտրուին ո՛չ միայն քանակի, այլ՝ որակի ցուցանիշներով։ Նպատակն է լաւ գիրքի, իսկական գրականութեան, լաւ գրահրատարակիչի եւ գիրքի վաճառքով զբաղող արհեստավարժ մարդոց գնահատուիլը։
Այս մրցանակաբաշխութեան նպատակն է արժանին մատուցել տարուան ընթացքին ամենապահանջուած գրական ստեղծագործութիւններու հեղինակներուն, թարգմանիչներուն եւ հրատարակիչներուն։ Տեղեկացուեցաւ, թէ այս մրցանակաբաշխութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ հեռուստատեսային չափանիշով։
Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Երեւանի «Պուքինիսթ» գրախանութի տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան յայտնեց, թէ Հայաստանի հրատարակիչները սկսած են լոյս ընծայել հրաշալի գրականութնիւն։ Իր կարգին, «Անտարէս» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանն ալ դիտել տուաւ, թէ կ՚երազէ՝ որ Հայաստանի մէջ հրատարակչութիւնը դառնայ գործարարութիւն։ Ըստ իրեն, հրատարակիչները մեծ գումարներ կը ծախսեն գիրքեր լոյս ընծայելու եւ թարգմանութիւններու համար, սակայն արդիւնքին՝ գիրքը կը յայտնուի կայքէջերու վրայ՝ հրատարակութեան յաջորդ օրն իսկ։ Ան յայտնեց, թէ եթէ հասարակութիւնը իրենց չօգնէ այս գողութեան դէմ պայքարին մէջ, ապա իրենք չեն կրնար գիրքեր հրատարակել։