«ՀԱՅԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նարկ մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 15-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Հայ­կեան» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րու նպա­տակն է խրա­խու­սել ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, նե­րա­ռեալ ու­սա­նող­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րը։ Ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը այս տա­րի եւս հան­րա­յին կար­ծի­քին ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ Մրցա­նակ­ներ շնոր­հուե­ցան շարք մը ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ. ինչ­պէս՝ լա­ւա­գոյն ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ, լա­ւա­գոյն ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը մար­զե­րու մէջ, ինք­նա­տիպ ե­րի­տա­սար­դա­կան նա­խա­գիծ, ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի լա­ւա­գոյն նա­խա­գահ, լա­ւա­գոյն միջ­հա­մալ­սա­րա­նա­կան ծրա­գիր, լա­ւա­գոյն ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ղոր­դում, լրա­տուա­կան նա­խա­գիծ, լա­ւա­գոյն մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց, լա­ւա­գոյն ե­րի­տա­սար­դա­կան գի­տա­կան նուա­ճում, լա­ւա­գոյն ու­սա­նո­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վա­րում։ Ա­ւան­դա­կան ա­նուա­նա­կար­գե­րուն ա­ռըն­թեր շնոր­հուե­ցան նաեւ յա­տուկ մրցա­նակ­ներ։ Այս շրջագ­ծով Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւատ­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բը, որ բո­լո­րած է տաս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ հան­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս դա­սա­կան ա­րուես­տի տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար այս մրցա­նա­կը յանձ­նուե­ցաւ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան մրցա­նա­կը յանձ­նեց նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սէր­կէյ Սմբա­տեա­նին։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը։ Ան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, թէ միշտ հա­ճոյ­քով կը մաս­նակ­ցի «Հայ­կեան» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան։ Ար­դա­րեւ, «Հայ­կեան» մրցա­նա­կաշ­խու­թեան առ­թիւ կը ստեղ­ծուի մթնո­լորտ մը, ուր կը գո­վա­բա­նուի, կը գնա­հա­տուի, կը խրա­խու­սուի նոր գա­ղա­փա­րը, նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, բա­րի գոր­ծը, ինչ որ ոչ միայն հա­ճե­լի է, այլ նաեւ օգ­տա­կար, ո­րով­հե­տեւ մարդ կը ստա­նայ դրա­կան լիցք։ Սերժ Սարգ­սեան մրցա­նա­կա­բաշխ­ման մթնո­լոր­տը հա­մա­րեց ո­գե­ւո­րիչ։ «Ո­գե­ւո­րիչ է, ո­րով­հե­տեւ այս դահ­լի­ճին մէջ այ­սօր մեր ա­կա­նա­տես ե­ղա­ծը կա­պուած է մեր երկ­րի ա­պա­գա­յին, մեր գա­լի­քին հետ։ Ծե­ծուած խօս­քեր են, բայց միշտ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կայ կրկնե­լու, որ հայ­րե­նի­քի ա­պա­գան միշտ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ձեռ­քին մէջ է։ Դուք բո­լորդ փայ­լուն մար­դիկ էք, լաւ ե­րի­տա­սարդ­ներ էք։ Մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ան­կեղծ կ՚ը­սեմ, փայ­լուն է, ուղ­ղա­կի, կը պաշտ­պա­նէ մեր հայ­րե­նի­քը։ Այ­սօր մեր Հան­րա­պե­տու­թեան ա­մե­նաե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցը հայ­կա­կան բա­նակն է։ Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ձեռք­բե­րում­ներ ու­նին բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տան բո­լոր ո­լորտ­նե­րու մէջ ու­նի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, շնոր­հիւ իր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016