ԱՄՆ-Ի ԵՒ ԵՄ-Ի ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՍՆԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ սու­րիա­հա­յոց հա­մարկ­ման հար­ցին մէջ պե­տու­թիւ­նը կը զգայ Սփիւռ­քի ա­ջակ­ցու­թեան կա­րի­քը։ Ըստ նա­խա­րա­րին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած տուեալ­նե­րուն, Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով ընդ­հա­նուր առ­մամբ շուրջ 20 հա­զար սու­րիա­հա­յեր մուտք գոր­ծած են Հա­յաս­տան, իսկ ա­նոնց 16 հա­զա­րը ար­դէն հաս­տա­տուած է երկ­րին մէջ։ Պե­տու­թիւ­նը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ ա­նոնց խնդիր­նե­րու լուծ­ման եւ հա­մարկ­ման ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Բայց եւ այն­պէս, եր­կու կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րուն՝ բնա­կա­րա­նի եւ աշ­խա­տան­քի պա­րա­գա­յին Հա­յաս­տան ի վի­ճա­կի չ՚ըլ­լար ա­ռան­ձին դի­մագ­րա­ւել բո­լոր կա­րիք­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, զգա­լի դար­ձած է Սփիւռ­քի տե­ղա­կան եւ հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քէ դէ­պի կա­յուն լու­ծում­ներ» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուե­ցան Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց հա­մարկ­ման դիւ­րաց­ման խնդիր­նե­րը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ ա­ռա­ջար­կեց սու­րիա­հա­յե­րուն ա­ջակ­ցե­լու հա­մար մշա­կել ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գիր մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ե­րէկ միաս­նա­բար քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց առ­կայ խնդիր­նե­րը։ Նա­խա­րար Յա­կո­բեան մաս­նա­ւո­րա­պէս մէջ­բե­րեց The Economist պար­բե­րա­կա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած տուեալ­նե­րը, ըստ ո­րոնց Սու­րիա­յէն ըն­դու­նուած փախս­տա­կան­նե­րուն թի­ւով Հա­յաս­տան հա­մե­մա­տու­թեան կար­գով եր­րորդն է Գեր­մա­նիա­յէն եւ Շուէ­տէն վերջ։ Սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար Եւ­րո­միու­թեան եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ յատ­կա­ցուած 5-ա­կան մի­լիառ տո­լար օգ­նու­թե­նէն բա­ժին չէ վի­ճա­կած Հա­յաս­տա­նին։

Ըստ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի, թէեւ Հա­յաս­տա­նէն մաս մը սու­րիա­հա­յեր կը մեկ­նին դէ­պի եր­րորդ եր­կիր­ներ, սա­կայն կայ նաեւ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ հոսք մը։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016