ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏ

Նիւ Եոր­քի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Զար­գաց­ման ծրագ­րի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած՝ նա­խա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կով հա­ւաք մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Թուր­քիոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի շրջա­փակ­ման խնդրին։ Նա­խա­րա­րը այդ շրջա­փա­կու­մը ո­րա­կեց ա­պօ­րի­նի, զայն հա­մա­րե­լով կա­յուն զար­գաց­ման խո­չըն­դոտ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Նիւ Եոր­քի մէջ մատ­նան­շեց ՄԱԿ-ի Զար­գաց­ման ծրագ­րին կող­մէ Հա­յաս­տա­նէ ներս ծա­ւա­լուած ա­ւե­լի քան 20-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին շարք մը հա­մա­տեղ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նա­ցուած են ա­ռանց­քա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս։ «Կա­րե­ւոր է, որ ելմ­տա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռըն­թեր մենք ա­ռա­ւել ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նաց­նենք կա­յուն զար­գաց­ման ուղ­ղեալ խո­չըն­դոտ­նե­րը՝ փակ սահ­ման­նե­րը, շրջա­փա­կում­նե­րը, ան­տե­ղի խտրա­կան ա­ռեւտ­րա­յին դրու­թիւն­նե­րը։ Այս մէ­կուն վառ օ­րի­նակ­նե­րէն է այն, որ Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադ­րուող ա­պօ­րի­նի շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով չի գոր­ծեր Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ եր­կա­թու­ղին (Կիւմ­րի-Կարս)՝ խո­չըն­դոտ հան­դի­սա­նա­լով տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­յուն զար­գաց­ման», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Իր ե­լոյ­թին մէջ ան յայտ­նեց, թէ ակ­նե­րեւ է կլո­պալ անվ­տան­գու­թեան եւ զար­գաց­ման մի­ջեւ կա­պը։ Հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կրնան խո­չըն­դո­տել կա­յուն զար­գա­ցու­մը։ Սա է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Բայց գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ այլ ի­րա­կա­նու­թիւն մը։ Շարք մը ձգձգուած կամ սա­ռե­ցուած հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ կրնան տե­ւել տաս­նա­մեակ­ներ։ Մինչ­դեռ այդ տա­րածք­նե­րու բնա­կիչ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ձգտում­նե­րը՝ հաս­նիլ կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րուն, նոյն­քան օ­րի­նա­կան են, որ­քան այ­լոց հա­մար։ Ո­րոշ տա­րածք­նե­րու վերջ­նա­կան ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կի հաս­տատ­ման ձգձգու­մը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, ա­նոնց, ո­րոնք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռար­կայ կը հան­դի­սա­նան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մա­ձայ­նե­ցուած ձե­ւա­չա­փե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս, պէտք չէ որ­պէս պատ­րուակ օգ­տա­գոր­ծուին՝ ոտ­նա­հա­րե­լու հա­մար այդ տա­րածք­նե­րու բնա­կիչ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զար­գաց­ման օ­րի­նա­կան ի­րա­ւուն­քը։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, ի վեր­ջոյ, ոե­ւէ մէ­կը չան­տե­սե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ ոչ թէ բա­ցառ­ման պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան ար­դա­րա­ցու­մը, այլ ներգ­րաւ­ման մի­ջոց­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ճա­նա­պարհ­ներ գտնէ՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի­նե­րու բնա­կիչ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ ուղ­ղուած կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գործ­ման։ «ՄԱԿ-ի Զար­գաց­ման ծրագ­րի, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին այլ գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք չէ ո­րե­ւէ ձե­ւով սահ­մա­նա­փա­կում ու­նե­նան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի­նե­րու բնա­կիչ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար», ը­սաւ Նալ­պան­տեան ու շեշ­տեց, թէ կա­րե­ւոր է հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րը վե­րա­փո­խել գոր­ծըն­կե­րու­թեան դրա­կան օ­րա­կարգ ձե­ւա­ւո­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան, նե­րա­ռեալ՝ հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ ի­րա­կան վստա­հու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու մի­ջո­ցը։ Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին անվ­տան­գու­թեան եւ զար­գաց­ման հա­մընդ­հա­նուր ձգտում։ Հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ ընդ­հա­նուր տնտե­սա­կան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը կրնայ յան­գեց­նել վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն, ինչ որ ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր է խա­ղա­ղու­թեան ընդ­հա­նուր տես­լա­կա­նի ձե­ւա­ւոր­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան մէջ ամ­րագ­րուած մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու լիա­կա­տար ի­րա­գոր­ծու­մը, յատ­կա­պէս պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը՝ հիմ­նուած նաեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման սկզբուն­քին վրայ, կրնայ էա­կա­նօ­րէն նպաս­տել կան­խար­գիլ­ման ջան­քե­րուն։ «Պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կը սոր­վեց­նէ, որ ու­ղիղ կապ գո­յու­թիւն ու­նի մար­դու ի­րա­ւանց կոպ­տա­գոյն խախ­տում­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րով զու­գա­հեռ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Սո­վո­րա­բար, այն պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք չեն յար­գեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման հիմ­նա­րար ի­րա­ւուն­քը, ընդ­հան­րա­պէս կոպ­տօ­րէն կ՚ոտ­նա­հա­րեն մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը», նշեց Նալ­պան­տեան։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016