ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ
Ընթացիկ Փետրուար ամսուան 8-ին, այսինքն Բուն Բարեկենդանին յաջորդող Երկուշաբթին, քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու շարքին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ թեւակոխեց Մեծ Պահքի շրջանը, որուն տեւողութիւնը 40 օր է, թէեւ շատեր պահեցողութեան կը հետեւին մինչեւ Աւագ Շաբթուան վերջին օրը, այսինքն Ս. Յարութեան տօնէն օր մը առաջ:
Մեզմէ շատեր կ՚անգիտանան Մեծ Պահքին խորհուրդը եւ իմաստը: Ոմանք լման պահքի կը հետեւին այդ շրջանին, հրաժարելով կենդանական նիւթեր ուտելէ, միայն բուսական նիւթեր ճաշակելով: Ուրիշներ իրենք զիրենք «Կը զրկեն» իրենց սիրած նիւթերէն՝ տուրմ (շոքոլա), զովացուցիչ, ծխախոտ, ոգելից ըմպելի եւ այլն:
Փափաքելով Մեծ Պահքի մասին գաղափար մը տալ մեր ընթերցողներուն եւ առհասարակ պահեցողութեան հետեւողներուն, կը ներկայացնենք Մեծ Պահքի ու անոր սովորութիւններուն եւ Միջինքի ու անոր սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ:
Մինչ այդ պահքի հետեւողներուն եւ մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք առողջութիւն, բարի օրեր, խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն, սպասելով Ս. Յարութեան Հրաշափայլ տօնի գալուստին:
*
Ի՞ՆՉ Է ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ
Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Զատիկ կը կոչուի Մեծ Պահք: Մեծ կը կոչուի, որովհետեւ պահքերու մէջ ամենէն երկարատեւն է՝ 40 օրեր: Քառասուն օրեր տեւելուն պատճառով Մեծ Պահքը կը կոչուի նաեւ քառասնորդական: Ժամանակին կը կոչուէր՝ աղ ու հաց կ՚ուտէին եւ կամ ծոմը կը լուծէին աղ ու հացով:
Իրականութեան մէջ Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութ շաբաթներէ, Առաջաւորացն ալ հաշուելով: Սակայն քանի որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու պահեցողու- թիւնը արգիլուած էր նզովքով, հետեւաբար ութ շաբաթներէն կիրակիներն ու շաբաթները զեղչելով (16 օր), Մեծ Պահքի համար կը մնայ քառասուն օր:
Պահք կամ պաս կը նշանակէ հրաժարիլ որոշ տեսակի կերակուրներէ, մասնաւորաբար մսեղէնէ, կաթնեղէնէ եւ հաւկիթէ: Անշուշտ Պահք չի նշանակեր միայն ժուժկալութիւն եւ կերակուրներէ հրաժարիլ, այլ նուիրուիլ խոկումի, զղջումի, ինքնաքննութեան եւ ապաշխարութեան: Պահքի օրերը կրօնական կրթութեան, հոգեւոր դաստիարակութեան, գործուած յանցանքներու, սխալներու եւ մեղքերու քաւութեան ու թողութեան շրջան մըն է:
Յամենայնդէպս պահեցողութիւնը առողջապահական տեսակէտէ ժամանակաւոր ժուժկալութիւն է: Ճարպային ուտելիքներէ հրաժարիլը օգտակար է ամէն մարդու համար: Որոշ հիւանդութիւններու բուժումը արագացնելու համար, բժիշկները կը թելադրեն պահեցողութեան հետեւիլ: Սննդականոնը, ռեժիմը եւ զգուշութիւնը բոլորին կողմէ յարգուած երեւոյթներ են այս օրերուն:
Քառասնորդական պահքը սահմանուած է առաքեալներու կողմէ: Ան հաստատուած է հետեւեալ հիմունքով. Քրիստոսը քառասուն օր անապատ քաշուեցաւ՝ իր օրերը աղօթքով, ծոմապահութեամբ ու ապաշխարութեամբ անցընելու համար: Աւետարաններու մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած է այս դէպքը: Հոն կը պատմուի նաեւ սատանայէն փորձուելուն եւ այդ փորձութիւններէն ապահով ու յաղթական դուրս գալու մասին: Քրիստոսի քառասնօրեայ առանձնացումը՝ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան միջոցով պատրաստութեան շրջան էր նաեւ իր հրապարակային գործունէութեան: Խոկումի, մտածումի շրջան էր նաեւ ապագայ քարոզչութեան եւ աշխատանքի համար:
Եկեղեցին Քրիստոսի օրինակի հետեւողութեամբ քառասնօրեայ պահքը հաստատեց, հաւատացեալներուն քառասուն օր խոկումի, աղօթքի եւ ինքնաքննութեան ու զղջումի միջոցով ապաշխարութեան առիթ տալու համար:
Եկեղեցին նկատի ունեցեր է նաեւ իւրաքանչիւր անհատի մարմնական ու հոգեկան առողջութիւնը, այդ պատճառով հաստատեր է պահեցողութեան օրէնքն ու կանոնը, որպէսզի մարդիկ տարուան մէջ որոշ շրջան մը պարտադրուած ըլլան հրաժարելու ճարպային ուտելիքներէ:
Յիսուս քանիցս դատապարտեր է ձեւականութեան համար պաս ու ծոմ պահողները: Առանց գործերու պահեցողութիւնը արժէք չի ներկայացներ:
Քառասնօրեայ պահքի ընթացքին կը մատուցուի գոց պատարագ. պսակադրութիւն տեղի չ՚ունենար, մինչ կը թոյլատրուի մկրտութիւնն ու նշանադրութիւնը:
Մեծ Պահքի ընթացքին յատկանշական են նաեւ ապաշխարութեան շարականները, որոնք կը վերագրուին Մեսրոպ Մաշտոցին: Անոնք գեղեցկօրէն ու բանաստեղծօրէն կը նկարագրեն ապաշխարողի, մեղաւորի վիճակը, եւ կը խնդրուի Ամենակալ Հօրմէն՝ քաղցրութեամբ նայիլ, դատել ու ներել:
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մեծ Պահքի Երկուշաթին առտու կանուխէն կիները կ՚ելլեն, թոնիրը կը վառեն, ու տան մէջ գտնուող բոլոր ամաններն ու կաթսաները պռտելով կը լուան եւ եօթը անգամ մաքուր ջուրով կը ցօղուեն: Իսկ դանակով կը քերթեն պատերու, սիւներու, դռներու ծուխու-մուխէն թանձրացած սեւութիւնը:
Մեծ Պահքի Երկուշաբթին իրարու տուն կ՚այցելեն ճաշի համար: Սեղաններու վրայ բազմազան ճաշեր կ՚ըլլան: Մակեղան (բարակ) թուղթի նման լօշ հացերու վրայ դրուած կ՚ըլլան փահնաքէօշներ, սեւ սունիչով, կանեփահատով ու համեմով ծուած հաց, փմբուխ թափթափաներ, կլորակ տողիկներ եւ բուսեղէն ու ընդեղէն կերակուրներ:
Բասէնի, Ղազախի, Շիրակի, Կարսի եւ Նախիջեւանի մէջ տարբեր սովորութիւններ կային, սակայն անոնք ունէին հասարակաց գիծեր: Իւրաքանչիւր տան մէջ կը թխուէր եօթը ալանի բաղարջ, ի նշան պահքի եօթը շաբաթի: Ձեղունէն կը կախէին հաւու կամ սագի եօթը փետուր (չորսը՝ սպիտակ-ձմրան ձիւնը նշող, երեքը՝ սեւ-գարնան ընթացքին սեւ հողը նշող), պահքի շաբաթներու համաձայն, որոնց ծայրերէն անցուած էին խնձորի կամ սոխի մեծութեամբ խմորէ գնդակներ (այս գնդակը կը կոչուէր ագլատիզ, ախելուծ, պապի պլոր, կոկորիճ, սոիւն, մրմռաս...): Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջին օրը կը փրցնէին մէկ փետուր: Ով որ պահքը կը լուծէր, կ՚ըսէին, թէ ալգատիզը անոր աչքերը պիտի հանէ: Խմորէ գնդակին փոխարէն կարգ մը շրջաններ սոխին մէջ կը զետեղէին փետուրներ, որոնց ծայրերէն կախուած կ՚ըլլային քարեր եւ պղպեղ: Երբ փետուրները կը հանէին, մանր քարերը շարժելով կ՚իյնային վախցնելով։
Երկուշաբթին կը կոչէին Բակլայ խորան, Երեքշաբթին՝ Խորանի խորան, Չորեքշաբթին՝ Մկան, ով որ չպահէ մուկերը կ՚ուտեն թէյ, հաց, հագուստ: Հինգշաբթի՝ կատղած շան, Ուրբաթ՝ Չարչարոց, չար աչքէ ազատ մնալու համար: Շաբաթ Թալալոսի, ով որ չպահէ իր երախան կը թալկանայ: Կիրակին՝ կրակի, որպէսզի հագուստները շուտ-շուտ չայրին: Կարգ մը շրջաններու մէջ Երկուշաբթին Ջուրի օր է, չպահողին ջուրը կը տանի: Չորեքշաբթի՝ այն կիները, որոնք եկեղեցի չեն երթար եւ առաջին անգամ ըսուած «Տէր ամենակալ»ը չեն լսեր, չեն կրնար ճախարակ մանել, որովհետեւ անոր մէջ միայն կարելի է գտնել օրհնութիւն առատութեան:
Կարգ մը շրջաններու մէջ Մեծ Պահքի առաջին Երկուշաբթին՝ առաւօտ կանուխ հարսերը կ՚արթննան եւ կուժը ուսերուն առուակ կ՚երթան ջուր բերելու: Եթէ տակաւին գիշերուան խաւարը չէ անհետացած եւ առուակն ալ գիւղէն քիչ մը հեռու է, այն ատեն հարսերը առուակին մէջ կը լողան, որպէսզի իրենց ցաւերէն զերծ մնան: Ամենէն առաջ լողացողը ամենէն առողջը կ՚ըլլայ: Նոյն օրը իւրաքանչիւր պառաւ կանուխ արթննալով Բարեկենդանի ամանները կը լուար: Լուացուած ամաններուն աղտոտ ջուրը կեսուրները կը յանձնէին իրենց հարսերուն, որոնք ջուրը առնելով տանիք կը բարձրանային: Կեսուրը ցածէն զանազան վնասակար միջատներու անուններ տալով կ՚աւելցնէր «աղա՛» բառը, որ կը նշանակէր ոչնչացո՛ւր, փշրէ՛. օրինակ այսպէս՝ «հա՛րս, կարի՛ճ աղա, ո՛ձ աղա»: Հարսը կրկնելով կեսրոջ հրամանը աղտոտ ջուրը կը սրսկէր երդիքի շուրջը, որպէսզի պատերուն մէջ բոյն դրած թունաւոր զեռուններէն ազատին:
Ի՞ՆՉ Է ՄԻՋԻՆՔԸ
Մեծ Պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք: Միջինքի առթիւ եկեղեցիին մէջ տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան արեւագալի արարողութիւնը, իսկ երեկոյեան՝ եկեսցէ: Եկեղեցական կանոնի համաձայն՝ Միջինքին կը սկսի ստեղի շարականի երգեցողութիւնը։
Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու համար, թէ Մեծ Պահքը հասած է իր կէսին:
ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ժամանակին գոյութիւն ունեցեր են Միջինքի յատուկ սովորութիւններ, որոնցմէ ցարդ մնացած է իրանահայութեան «Միջինքի կարկանդակ»ը:
Միջինքի ժողովրդային սովորոյթները, որոնք մեծ մասամբ կ՚առընչուին Քառասուն Մանկանց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօներուն, կ՚ամփոփուին բաղարջ պատրաստելու, բախտ փորձելու, լիճք պատրաստելու եւ բացօթեայ պտոյտի մէջ:
Դարալագեազի, Վաղարշապատի, Հին Ջուղայի, Շիրակի, Բասէնի, Արարատեան նահանգի մէջ կային հետաքրքրական սովորութիւններ:
Մեծ Պահքի 23-րդ օրը եկեղեցիին մէջ կը շինուէր լիճք, կոնքի (տաշտ) մը մէջ կը լեցնէին ջուր ու ձէթ եւ եղէգէ խաչի մէջ պատրոյգը լիճքին մէջ կը վառէին մինչեւ լուսաբաց: Առաւօտեան լիճքի ջուրը կը բաժնէին եւ կը խառնէին բաղարջի խմորին հետ: Այդ բաղարջը կը կոչուէր Միջունք, Միջնաբաղջ, կլոճ:
Բախտ փորձելու համար բաղարջին մէջ կը դրուէր ուլունք կամ դրամ: Բաղարջը տան երէցը կը բաժնէր տան բոլոր անդամներուն: Ուլունքը կամ դրամը որու բաժինէն որ դուրս գար, տարուան առատութիւնը իր գլխուն կ՚ըլլար: Իսկ եթէ ուլունքը կամ դրամը դանակին բերանը գար, այն ժամանակ բախտը ամբողջ տան վրայ կը տարածուէր. իրենց ապրուստին պէտք է սպասէին հողէն:
Բասէնի եւ Արարատեան նահանգի մէջ լիճքի ջուրին մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ (լիճքին ջուրը չէին բաժներ): Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին բարեկամի մը տունը, իւրաքանչիւրը կը ժողվէր քառասուն մանր քարեր ի յիշատակ Քառասուն Մանկանց եւ մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր կը կրկնէին, ուրեմն 1600 ծունր, որպէսզի Քառասուն Մանկանց աղօթքը իրենց վրայ ըլլայ:
Դարալագեազի մէջ սովորութիւն էր, որ Միջինքէն ետք եկող Գրիգոր Լուսաւորիչի օրը (Մուտն ի Վիրապ), նորահարսին կեսուրը հրաւիրէր իր տան բարեկամ կիները, հարսին մայրն ու անոր բարեկամ կիները եւ զանազան ուտեստեղէն պատրաստելով երթային կանաչազարդ դաշտերը զբօսնելու: Այս զբօսանքին անունը գեաշտ էր:
Կարգ մը շրջաններու մէջ կը թխուէր կուտապը: Կուտապ պատրաստելու համար ալիւրը կը շաղեն ձէթով, խմորի գունդերը գրտնակով կը տափակցնեն եւ իւրաքանչիւր գունդի մէջ կը դնեն խաշած լուբիա, բակլայ, սոխ կամ այլ բանջարեղէն, ապա զայն կը ծալեն բոլորակաձեւ կամ ձուաձեւ եւ կը թխեն թոնիրի մէջ: Երբ կուտապը պատրաստ ըլլայ, հարսերն ու աղջիկները իրենց բաժինները կ՚առնեն եւ իրենց հարեւան ընկերուհիներուն հետ կ՚երթան կանաչապատ եւ յարմար տեղ: Այդ օր ոչ մէկ հասակաւոր կին, կեսուր կամ երիտասարդ կ՚ընկերանայ իրենց: Այդ օրը ազատ կ՚ըլլան հարսերն ու աղջիկները: Իրենց ընկերուհիներուն կը պատմեն իրենց ցաւերը կամ նոր կեանքի լաւ ու վատ կողմերը: Ապա շուրջպար կը բռնեն: Իսկ վերջաւորութեան կ՚ուտեն իրենց կուտապը:
ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ