ՀԱՅՈՑ ՎԱՌ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շուէ­տի Թա­գա­ւո­րա­կան հնա­գոյն թան­գա­րա­նը նկա­տուող Ար­քա­յա­կան զի­նա­պա­լա­տին մէջ վեր­ջերս բա­ցուած է իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Մե­տաք­սի ա­ռեւ­տու­րի հետ­քե­րով. հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը Քարլ ԺԱ.-ի ար­քու­նի­քին մէ­ջ» խո­րագ­րով:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը նշուած վայ­րին մէջ բաց պի­տի մնայ մին­չեւ 2016 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րը: Նկա­տի ու­նե­նա­լով ցու­ցա­հան­դէ­սի թե­մա­յի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ այն հան­գա­ման­քը, թէ նման նշա­նա­ւոր պա­լա­տի մէկ ցու­ցաս­րա­հը գրե­թէ ամ­բողջ տա­րի մը տրա­մադ­րուած պի­տի ըլ­լայ հայ­կա­կան պատ­մա­կան նիւ­թի մը, հարկ հա­մա­րե­ցինք անդ­րա­դառ­նալ ինչ­պէս ցու­ցա­հան­դէ­սին, այն­պէս ալ՝ հայ-շուէ­տա­կան ան­ցեալ ու ներ­կայ ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րուն:

Հայ-շուէ­տա­կան կա­պե­րը տա­կա­ւին վաղ միջ­նա­դա­րեան ժա­մա­նակ­նե­րէն սկիզբ ա­ռած են: Հա­յե­րու բնա­կե­ցու­մը Շուէ­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է զա­նա­զան ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ զա­նա­զան հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով: Հա­յե­րը այդ եր­կի­րը գա­ցած են Ռու­սաս­տա­նէն, Թուր­քիա­յէն, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րէն:

Հա­մայն­քը, որ­պէս այդ­պի­սին, կազ­մա­ւորուած է 1970-ա­կան թուա­կան­նե­րուն՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն Եւ­րո­պա գաղ­թած հա­յե­րով, ո­րոնց մեծ մա­սը բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Սթոք­հոլմ եւ Ուփ­սա­լա: Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն մեծ ե­ղած է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն Շուէտ գաղ­թած հա­յաս­տան­ցի­նե­րու թի­ւը:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի եւ Շուէ­տի մի­ջեւ սկիզբ ա­ռած են երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Շուէ­տա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած են ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին ջան­քե­րուն: Շուէ­տը եր­կար տա­րի­ներ՝ մին­չեւ 2010 թ­­ուա­կա­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող զար­գաց­ման ծրագ­րե­րու նուի­րա­տու-ա­ջա­կից եր­կիր­նե­րէն մին ե­ղած է։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած են երկ­կող­մա­նի բարձ­րաս­տի­ճան փո­խայ­ցե­լու­թիւն­ներ, սա­կայն այդ ա­մէն բա­լո­րը ամ­րապն­դուած է Սթոք­հոլ­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան հիմն­ուե­լով՝ 2014 թուա­կա­նին, եւ նոյն թուա­կա­նին Շուէ­տի Քարլ 16-րդ Կիւս­տա­ւ թա­գա­ւո­րին իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը յանձ­նած է Շուէ­տի Թա­գա­ւո­րու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ար­տակ Ա­պի­տո­նեա­ն, որ միա­ժա­մա­նակ Ֆին­լան­տիո­յ Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պանն է:

«Մե­տաք­սի ա­ռեւ­տու­րի հետ­քե­րով. հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը Քարլ ԺԱ.-ի ար­քու­նի­քին մէ­ջ» ցու­ցա­հան­դէսն ալ կազ­մա­կեր-պըւած է Շուէ­տի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան եւ Շուէ­տի Ար­քա­յա­կան զի­նա­պա­լա­տի՝ Livrust-kammaren-ի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով՝ Շուէ­տի մէջ «Հայ­կա­կան օ­րե­ր» ձեռ­նար­կի ծի­րէն ներս:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մէն ա­ռաջ Սթոք­հոլ­մի թա­գա­ւո­րա­նիստ պա­լա­տին մէջ տե­ղա­կա­յուած թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած է «Հայ-շուէ­տա­կան պատ­մա­կան ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րը» խո­րագ­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ ե­ղած են Շուէ­տի թա­գա­ւո­րա­կան ար­քու­նի­քի ան­դամ­ներ, խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, Սթոք­հոլ­մի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, հայ-շուէ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ Ար­ծուի Բախ­չի­նեա­ն:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ կապ հաս­տա­տեց Շուէ­տէն օ­րերս վե­րա­դար­ձած հա­յա­գէտ Ար­ծուի Բախ­չի­նեա­նի հետ, որ ման­րա­մաս­ներ փո­խան­ցեց թէ՛ ցու­ցա­հան­դէ­սէն եւ թէ իր դա­սա­խօ­սու­թե­նէն, ինչ­պէս նաեւ իր հա­մա­ռօտ մտո­րում­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց հայ-շուէ­տա­կան ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րու մա­սին: Հա­յա­գէ­տը ը­սաւ, որ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը կ՚ա­ռընչուէր վաղ միջ­նա­դա­րէն մին­չեւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը հա­յե­րու եւ շուէտ­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րուն, Շուէ­տի հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած հա­յազ­գի ազ­նուա­կան­նե­րու, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու եւ ար­քու­նի պա­լա­տա­կան­նե­րու դե­րին։ Ար­ծուի Բախ­չի­նեան դի­տար­կում կա­տա­րեց նաեւ, որ Սթոք­հոլ­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի նո­րա­բաց դես­պա­նա­տու­նը ա­մէն ջանք ի գոր­ծ կը դնէ, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուրդն ու հա­յոց մշա­կոյ­թը Շուէ­տի մէջ, ուր, ինչ­պէս հա­յա­գէ­տը նշեց, մեր ժո­ղո­վուր­դը տա­կա­ւին գրե­թէ ան­յայտ է:

«Կա­պեր ստեղ­ծուած են, բայց կա­նո­նա­ւոր չեն ե­ղած, եւ զա­նոնք կա­նո­նա­կար­գե­լու, ա­ւե­լի մեծ ծա­ւա­լով ներ­կա­յաց­նե­լու կա­րիք կար: Երբ տաս­նինն-քսան տա­րի ա­ռաջ Շուէտ որ­պէս գի­տաշ­խա­տող հրա­ւիրուած էի, ես այն­տեղ բա­ցա­յայ­տե­ցին ա­հա­գին փաս­տա­ցի նիւթ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ու այդ բո­լո­րը ար­տա­ցո­լե­ցի հայ-շուէ­տա­կան ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող իմ ե­րեք մե­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Եւ հա­ճե­լի էր, որ թէ՛ շուէ­տա­կան կող­մը, թէ՛ մեր դես­պա­նա­տու­նը զիս որ­պէս այդ կա­պե­րու մաս­նա­գէ­տ, հրա­ւի­րե­ցին ներ­կա­յաց­նե­լու այս դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը: Շա­տե­րուն հա­մար կրնամ ը­սել, որ բա­ցա­յայ­տում ե­ղաւ, թէ հա­յե­րը ո՛վ­քեր են: Կը զար­մա­նա­յին նոյ­նիսկ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ի­րենց ազ­գի հետ ու­նե­ցած է շարք մը կա­պեր, կը զար­մա­նա­յին, թէ հա­յեր յայտ­նուած են միջ­նա­դա­րեան Շուէ­տի մէջ։ Շուէ­տա­ցի ճա­նա­պար­հորդ­ներ յայտ­նուած են Հա­յաս­տա­նի, հա­յաբ­նակ վայ­րե­րու մէջ եւ թո­ղած են յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ եւ այդ ա­մէն ին­չը բա­ցա­յայ­տու­մի պէս ե­ղաւ ներ­կայ շա­տե­րուն հա­մա­ր», մե­զի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց Արծուի Բախ­չի­նեան եւ անդ­րա­դառ­նա­լով

մին­չեւ այս տա­րուան ա­շուն բաց մնա­լիք ցու­ցա­հան­դէ­սին, ը­սաւ, որ այդ ցու­ցա­հան­դէ­սը Շուէ­տի մէջ կա­յա­ցած թէեւ իր չա­փե­րով փոքր, բայց հա­յու­թեա­ն վե­րա­բե­րող ա­ռա­ջին լուրջ ցու­ցա­հան­դէսն է:

ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ

«Մե­տաք­սի ա­ռեւ­տու­րի հետ­քե­րով. հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը Քարլ ԺԱ.-ի ար­քու­նի­քին մէ­ջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը նուի­րուած է 1687 թուա­կա­նին Նոր Ջու­ղա­յի հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կող­մէ Շուէտ ա­ռա­ջին ան­գամ մե­տաքս ներկ­րե­լու պատ­մու­թեա­ն։ Հաս­տա­տուած է, որ շուէտ միա­պե­տի յա­տուկ դես­պան, ազ­գու­թեամբ հո­լան­տա­ցի Լուտ­վիկ Ֆապ­րի­ցիու­սի ու­ղեկ­ցու­թեամբ հա­յե­րը այ­ցե­լած են Սթոք­հոլմ՝ «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հ­»ի հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու նպա­տա­կով: Եւ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տած են Քարլ ԺԱ.-ի հետ ա­ռեւտ­րա­կան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագր­մամբ՝ 1687 թուա­կա­նին: Այդ պայ­մա­նագ­րին շնոր­հիւ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը ի­րա­ւունք ստա­ցած են ար­տօ­նեալ պայ­ման­նե­րով ի­րենց ապ­րանք­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի ճա­նա­պար­հով ներկ­րել Շուէտ եւ այ­նու­հե­տեւ՝ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­ներ: Պահ­պա­նուած են գրա­ւոր վկա­յու­թիւն­ներ, ի­րեր, ո­րոնք ալ կ՚ա­ռըն­չուին ա­ւե­լի քան ե­րեք դա­րու վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող այդ պատ­մա­կան հան­գա­ման­քին. ինչ­պէս՝ պահ­պա­նուած է պայ­մա­նագ­րի բնօ­րի­նա­կը, ո­ր ցու­ցադ­րուած է, պահ­պա­նուած են նաեւ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կող­մէ պար­սից շահ Սիւ­լէյ­ման Ա.-ի ա­նու­նէն շուէտ միա­պե­տին նուի­րա­բե­րուած եօ­թ ոս­կե­պատ թու­րե­րէն մին, հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին գա­ւա­զա­նը եւ այլ ե­զա­կի ցու­ցան­մոյշ­ներ: Ա­սոնք, այլ ի­րե­րու հետ, նշեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի «զար­դեր­ն» են:

Հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու մի­ջո­ցաւ պար­սից շա­հը Շուէ­տի թա­գա­ւո­րին ղրկած էր նաեւ այլ ար­ժէ­քա­ւոր նուէր­ներ՝ եօ­թ ձի՝ ոս­կե­զօծ թամ­բե­րով, վրան­ներ, զար­դեր, ո­րոնց մա­սին նոյն­պէս ցու­ցա­հան­դէ­սի մէջ կայ յի­շա­տա­կու­թիւն:

Ծա­նօթ է նաեւ, որ Ա­րե­ւել­քը Շուէ­տին կա­պող ա­ռեւտ­րա­կան ճա­նա­պար­հը հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու աշ­խու­ժու­թեան շնոր­հիւ յա­ճախ կո­չած են «Հայ­կա­կան ճա­նա­պար­հ»:

Մին­չեւ այ­սօր ալ, հայ-շուէ­տա­կան կա­պե­րու մա­սին տա­կա­ւին եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կան ան­յայտ փաս­տեր եւ զա­նոնք հա­ւա­նա­բար ծա­նօթ են միայն մաս­նա­գէտ­նե­րուն եւ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն:

Նոր Ջու­ղա­յի վա­ճա­ռա­կան­նե­րէն զատ հայ-շուէ­տա­կան կա­պե­րու ստեղծ­մա­ն նպաս­տած են նաեւ հայ թարգ­ման­ներն ու դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած են Շուէ­տի եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այդ աս­պա­րէ­զին մէջ ե­րե­ւե­լի ե­ղած է Մու­րադ­ջա­նեան-դ՚Օհ­սո­նի ըն­տա­նի­քը, որ իր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցած է Շուէ­տի ազ­նուա­կա­նա­կան տիտ­ղո­սին, իսկ վեր­ջին­նե­րուս զի­նան­շա­նը մինչ օրս կը պա­հուի Սթոք­հոլ­մի Ազ­նուա­կա­նու­թեան պա­լա­տի զի­նան­շան­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ՝ իր ար­ժա­նի տե­ղը զբա­ղեց­նե­լով շուրջ վեց հա­րիւր շուէտ ազ­նուա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու շար­քին։ Ընդ­հան­րա­պէս, եւ­րո­պա­կան օս­մա­նա­գի­տու­թեան ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն են Իգ­նա­տիուս Մու­րադ­ջան-դ՚Օհ­սո­նի ծա­ւա­լուն մե­նագ­րու­թիւն­նե­րը:

Հայ գիտ­նա­կան­նե­րը, ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը, հա­յա­գէտ­ներն ու պատ­մա­բան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ու­սում­նա­սի­րել այ­սօր ար­դէն դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած ան­ցեա­լը, եւ այդ ան­ցած ճա­նա­պար­հի վրայ կը կա­ռու­ցեն երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ի­րենց տես­լա­կա­նը:

Հայ-շուէ­տա­կան պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին կա­պե­րը կը շա­րու­նա­կեն գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ ըլ­լալ մեր զրու­ցակ­ցի՝ Ար­ծուի Բախ­չի­նեա­նի հա­մար: Ան, ինչ­պէս եւ իր կո­ղա­կի­ցը՝ Աշ­խէն Բախ­չի­նեան-Սա­հա­կեան Հա­յաս­տա­նի այն ե­զա­կի, ե­թէ չը­սենք, միակ հա­յա­գէտ­ներն են, ո­րոնք կը տի­րա­պե­տեն շուէ­տե­րէնին: Ար­ծուի Բախ­չի­նեան նոյն­պէս կա­տա­րած է թարգ­մա­նու­թիւն­ներ, իսկ Աշ­խէն Բախ­չի­նեան-Սա­հա­կեան վեր­ջերս ըն­թեր­ցո­ղի սե­ղա­նին դրած է իր հեր­թա­կան թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը՝ շուէ­տա­ցի նշա­նա­ւոր հե­ղի­նակ Ասթ­րիթ Լինթկ­րէ­նի «Է­մի­լը Լէօ­նե­պեր­իա­յէ­ն» եւ «Եր­կա­րա­գուլ­պայ Պիպի­ն» գիր­քե­րը։ Նոյն հե­ղի­նա­կը կը պատ­րաս­տուի նաեւ գիրք մը եւս թարգ­մա­նել շուէ­տե­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի։

Մեր այն հար­ցու­մին, թէ յա­ռա­ջի­կայ ի՞նչ զար­գա­ցում կա­րե­լի է ակն­կա­լել Հա­յաս­տան-Շուէտ ար­դէն աշ­խու­ժա­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն, Ար­ծուի Բախ­չի­նեան պա­տաս­խա­նեց.

«Այ­սօր, որ­քան ալ փոր­ձեն Եւ­րո­պան թե­րագ­նա­հա­տել, միեւ­նոյնն է, մենք կը տես­նենք, որ այն ար­ժե­հա­մա­կար­գե­րը, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հետ կա­պուած այն ա­մէն ին­չը, կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի հան­դէպ հո­գա­տա­րու­թի­նը, ինչ որ կայ Եւ­րո­պա­յի մէջ, շատ յա­ռա­ջա­տար է եւ ըն­դօ­րի­նա­կե­լի:

«Ժա­մա­նա­կին ի­րենք մեզ­մէ սո­րված էին, գի­տէին, որ հա­յե­րը զար­գա­ցած են, եւ այս կող­մե­րէն ար­հես­տա­ւոր­ներ կը տա­նէին, որ­պէս­զի ի­րենց սո­րվեց­նեն, այ­սօր ալ կը կար­ծեմ, որ մենք շատ բա­ներ ու­նինք սո­րվե­լու շուէ­տա­ցի­նե­րէն: Այդ եր­կի­րը ու­նի բազ­մա­թիւ կրթա­կան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ ծրագ­րեր, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են մե­զի՝ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեա­ն, մաս­նա­գէտ­նե­րու­ն», եզ­րա­փա­կեց իր խօս­քը հայ-շուէ­տա­կան կա­պե­րու մաս­նա­գէ­տը:

Իսկ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ալ կը տե­ղե­կա­նանք, որ Շուէ­տի մէջ «Հայ­կա­կան օ­րե­ր­»ու ծի­րէն ներս տա­րուան ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած են նաեւ հա­յոց պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ժո­ղով­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ժո­ղովր­դա­կան հէ­քեաթ­նե­րու շուէ­տե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թիւն­ներ՝ մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016