ՓԵՏՐՕ ԱՐԿԱՄՈՒՆԹ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) նա­խա­գահ Փետ­րօ Ար­կա­մունթ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Ատր­պէյ­ճան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ դէ­պի Պա­քու իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ Մար­տի 2-ին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­կա­մունթ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան, ե­րես­փո­խան­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան նե­րա­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Փետ­րօ Ար­կա­մունթ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս ստանձ­նած է ԵԽԽՎ-ի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը վա­ղուց կը մատ­նան­շեն, թէ ան լրիւ ատըր-պէյ­ճա­նա­մէտ գոր­ծիչ մըն է։ Իր ընտրուելէն վերջ ԵԽԽՎ-ի մօտ ընդունուած էր Հայաստանի դէմ բանաձեւ մը։

 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016