ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով յայ­տա­րա­րեց, թէ սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րէն վերջ երկ­րի հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կեան­քը թե­ւա­կո­խած է նոր փուլ մը։ Շար­մա­զա­նով, որ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բերն է, խորհր­դա­րա­նէ ներս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ը­սաւ. «Մենք այ­լեւս կ՚ապ­րինք նոր ի­րո­ղու­թեան մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ինչ որ ու­նի իր պա­հանջ­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Այդ պա­հանջ­նե­րուն հի­ման վրայ՝ աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի նոր քա­ղա­քա­կան հա­մա­կարգ մը»։

­Շար­մա­զա­նո­վի խօս­քե­րով, ժո­ղովըր-դա­վա­րու­թիւ­նը եւ բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­լըտ­րանք չու­նին։ Ակն­յայտ է, որ նոր քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ շեշ­տա­կիօ­րէն պի­տի բարձ­րա­նայ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն դե­րը։ Սա դրա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ ա­ռաջ­նա­հերթ պի­տի դառ­նան գա­ղա­փար­ներն ու ծրագ­րե­րու պայ­քա­րը։ «Մենք կը մեր­ժենք ան­ձե­րու մի­ջեւ պայ­քա­րը, փո­խա­րէ­նը՝ կողմ­նա­կից ենք ա­զատ, հրա­պա­րա­կա­յին բա­նա­վէ­ճե­րու, ո­րոնց ար­դիւն­քին մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ յստակ պատ­կե­րա­ցում կազ­մե­լու իւ­րա­քան­չիւր կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան եւ գա­ղա­փար­նե­րուն մա­սին», ը­սաւ Շար­մա­զա­նով։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Հրանդ Բագրատեան երէկ խորհրդարանին մէջ ըսաւ. «Խօսքս ուղղուած է նա-խագահին եւ վարչապետին։ Ստեղծուած իրավիճակը խայտառակ է։ Այս ամէն ինչը հիմքէն սխալ է, սա սխալ համակարգ մըն է, Ռուսաստանի հետ կնքուած են սխալ պայմանագրեր, որոնք հնարաւոր չէ փոխել»։ Ծանօթ է, որ Հրանդ Բագրատեան Հայաստանի նախկին վարչապետներէն մին է։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016