ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Խումբը գլխաւորեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։ Աշակերտներուն կ՚ուղեկցէին նաեւ ուսուցչական կազմէն Ասլին Տիշճի, Իրեն Տիւվենճի եւ Սարօ Պարսամեան։
Աշակերտները Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս կատարեցին շրջայց մը։ Այդ ամբողջին մէջ անոնք շրջեցան առողջապահական ծառայութիւններու մատուցուած բաժինները, ծերանոցը, Սուրբ Փրկիչ մատուռը, ինչպէս նաեւ ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը։ Տղոց տեսակէտէ մասնաւորապէս հետաքրքրական էր «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը, ուր անոնք պատկերացում մը կազմեցին մեր համայնքի այս մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան բոլորած ուղիին եւ պատմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրած նուաճումներուն շուրջ։ Տղաքը տարրական պատկերացում մը կազմեցին նաեւ այն երախտաշատ անձնաւորութիւններուն մասին, որոնց անունները դրոշմուած են Գթութեան յարկի տարեգրութեանց մէջ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշակերտներուն նկատմամբ, սիրալիր զգացումներով ողջունեց զանոնք ու յիշեցուց, թէ ինքն ալ եղած էր նոյն վարժարանի սաներէն մին։